Սպանիոյ Մէջ Շոգեկառքերու Բախման Հետեւանքով Առնուազն 68 Մարդիկ Զոհոեցան, 80-ը Վիրաւորուեցան -
Սպանիոյ Մէջ Շոգեկառքերու Բախման Հետեւանքով Առնուազն 68 Մարդիկ Զոհոեցան, 80-ը Վիրաւորուեցան
Սպանիոյ Թոլետօ գաւառին մէջ` Ուրտա քաղաքէն ոչ հեռու, երէկ առաւօտեան երկու արագընթաց շոգեկառքեր իրարու բախեցան, կը հաղորդէ «Ատիֆ» պետական ընկերութիւնը, որ Սպանիոյ երկաթուղիներու սեփականատէրը եւ կառավարիչն է: Քասթիլիա-Լա-Մանչիի կառավարութիւնը կը հաղորդէ 68 զոհերու մասին: Եւս շուրջ 80 մարդիկ մարմնական վնասուածքներ ստացած են, անոնցմէ 15-ին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:
Երկաթուղային աղէտը տեղի ունեցաւ «Ռենֆէ» եւ «Իրիօ» ընկերութիւններու շոգեկառքերուն մասնակցութեամբ, որոնք կ՛ընթանային Մատրիտ-Սեւիլիա երթուղիով: Փոխադրութեան նախարարութեան նախնական տուեալներով` «Ռենֆէ»-ի շոգեկառքը հարուածած է «Իրիօ»-ի շոգեկառքի յետնամասին, եւ երկու վակոններ երկաթուղիէն դուրս եկած են:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com