​Ամբողջ ժողովուրդ մը բազկատարած կը սպասէ ընդունելու Լեւոն Պապը․ Գերապայծառ Շայնինկ - Gündem
05 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վահագն / Ժամ : Խաւարակ

Gündem :

31 Ekim 2026  

​Ամբողջ ժողովուրդ մը բազկատարած կը սպասէ ընդունելու Լեւոն Պապը․ Գերապայծառ Շայնինկ -

​Ամբողջ ժողովուրդ մը բազկատարած կը սպասէ ընդունելու Լեւոն Պապը․ Գերապայծառ Շայնինկ ​Ամբողջ ժողովուրդ մը բազկատարած կը սպասէ ընդունելու Լեւոն Պապը․ Գերապայծառ Շայնինկ

Լուխանի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Խորխէ Էտուարտօ Շայնինկ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն պատմած է այն մթնոլորտին մասին, որ կը տիրէ Արժանթինի հոգեւոր սրտին մէջ, ուր Լեւոն ԺԴ․ պիտի այցելէ յառաջիկայ 11 Նոյեմբերին՝ Լատին Ամերիկա կատարելիք իր ճամբորդութեան ընթացքին։ Լուխանի Սուրբ Աստուածածնայ փոքրիկ արձանը՝ զետեղուած իրեն նուիրուած Պազիլիքային մէջ արտայայտութիւնն է «փոքրութեան ուղիին», զոր Քահանայապետը որակած է որպէս Եկեղեցւոյ իսկական ուժը։

Արժանթինի հոգեւոր սիրտը նկատուող Լուխանի Սրբատեղին կը պատրաստուի հանդիսաւոր կերպով ընդունելու Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետը 11 Նոյեմբերին՝ իր լատինամերիկեան ճամբորդութեան ընթացքին:

Լուխանի Տիրամօր 38 սանթիմեթրանոց փոքրիկ արձանը, որ կը պահուի Պուէնոս Այրեսէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պազիլիքային մէջ, Լեւոն Պապի կողմէ բազմիցս անուանած «փոքրութեան ուղի»ին արտայայտութիւնն է, զոր կը խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ իսկական ուժը, Աստուծոյ մօտիկութիւնը մարդոց։ «Փոքրիկները Յիսուսի ամենասիրելիներն էին», «փոքրութեան այս տրամաբանութիւնը Եկեղեցւոյ իսկական ուժն է, նշած էր, յիրաւի, Քահանայապետը 2025 թուականի 28 Նոյեմբերին Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Մայր Տաճարին մէջ։

Մերսետես-Լուխանի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Խորխէ Էտուարտօ Շայնինկ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ տեղի ժողովուրդը բաց բազուկներով կը սպասէ Պապին: Ըստ Արքեպիսկոպոսին՝ հակառակ անոր որ Լուխանի Տիրամօր արձանիկը երբեք չէ խօսած, անոր մայրական ու խորհրդաւոր «լռութիւնը» ունի հզօր ներկայութիւն մը, որ հրաշքներով կը փոխէ ու կը նորոգէ միլիոնաւոր ուխտաւորներու սիրտերը:

Ֆրանչիսկոս Պապի հետ կապը

«Արժանթինը յատուկ յարաբերութիւն ունեցած է Ֆրանչիսկոս Պապին հետ. նոյն ազգութենէն Քահանայապետ մը ունենալը, այս հողին զաւակը, շատ զօրաւոր էր։ Ասոր համար արժանթինցի ժողովուրդը յատուկ կապ ունի Պապականութեան եւ Պապին հետ։ Այն խորունկ յարաբերութիւնը, զոր ունեցանք Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, կը շարունակէ Արքեպիսկոպոսը, մեզ շատ բաց կը դարձնէ Լեւոն Պապին հանդէպ։ Մեզի համար Պապը օտար մէկը չէ, այլ մօտիկ անձ մը։

Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրեւոսթը, կը շարունակէ Գերապայծառը, որպէս Ընդհանուր Գերագոյն Մեծաւոր, այցելած էր Լուխանի Սրբատեղին. ատիկա կը հաստատէ նոյնինքն Արքեպիսկոպոսը, որ ճիշդ հոն հանդիպած է անոր։

Սպասելով Լեւոն Պապին

«Լուխանը արժանթինցի ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած վայր մըն է, եւ Սուրբ Կոյսը, կ՚ընդգծէ Մերսետես-Լուխանի Արքեպիսկոպոսը, կը սիրէ իր ժողովուրդը, իսկ այս վայրին բնորոշ գիծը հիւրընկալութիւնն է, հիւրասիրութեան հովուական մօտեցումը, «որովհետեւ կը հաւատանք, կը նշէ Գերապայծառ Շայնինկ, որ ասիկա Լուխանի տիրամօր պատուիրանն է. այնպէս ընել, որ հոս ժամանող իւրաքանչիւր անձ զգայ հիւրընկալուած, որովհետեւ Ան մեզ միշտ կը հիւրընկալէ»։

Հաւատացեալ ժողովուրդ մը

Ժողովրդական խորունկ բարեպաշտութիւն մը, որ կարծես թէ կը հակասէ վերջին տարիներու վիճակագրութիւններուն, որոնք կը ներկայացնեն գորշ պատկեր մը՝ ցոյց տալով կաթողիկէ ներկայութեան նուազումը 2008-էն 2019-ի միջեւ, որ 76,5%-էն իջած է 62,9%-ի։

Հակառակ այս տուեալներոնւ, ժողովուրդին անձնական հաւատքը առ Յիսուս եւ առ Սուրբ Կոյսը կը մնայ անդրդուելի: Լեւոն ԺԴ․ի այցելութիւնը այս իմաստով ունի պատմական ու հովուական մեծ նշանակութիւն:

Խաղաղութեան Թագուհի

Նախքան Լեւոն Պապը, 1982 թուականի Յունիս 11-ին, Լուխան այցելած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը՝ Ֆոլքլենտեան կղզիներու (որոնք Արժանթինի մէջ ծանօթ են որպէս Մալվինեան կղզիներ) պատճառով պայթած տագնապի ճիշդ կիզակէտին, որոնք կը վերահսկուէին Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ։ Պուէնոս Այրեսի մէջ Ան ներկայացաւ որպէս «դժուարին պահերու ուխտաւոր» եւ յիշեց տագնապի զոհերն ու վիրաւորները՝ «Խաղաղութեան Թագուհիէն» հայցելով ուղիներ՝ հակամարտութիւնները լուծելու համար «խաղաղութեան, արդարութեան եւ իւրաքանչիւր ազգի արժանապատուութեան յարգանքի մէջ»։

Հինգ տարի ետք՝ 1987 թուականի 12 Ապրիլին, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ նորէն ժամանեց հարաւամերիկեան Երկիր՝ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Բ․ Օրուան առթիւ՝ Արժանթինը վստահելով Լուխանի Տիրամօր, որպէսզի «արժանթինեան հայրենիքը» ըլլայ «խաղաղեցուած եւ հաշտուած»։

Արժանթինի պաշտպան Սուրբ Լուխանի Տիրամօր արձանիկի պատմութիւնը

Նշենք թէ՝ Գրեթէ 400 տարիէ ի վեր Լուխանի Տիրամօր կաւէ փոքրիկ արձանիկը միլիոնաւոր հաւատացեալներ կը ներգրաւէ իր շուրջ։ Տակաւին 1630ի Մայիսին, Սան Փաուլօ պրազիլական քաղաքէն եկող նաւու մը միջոցով արձանիկը Պուէնոս Այրեսի նաւահանգիստէն փոխադրուած է սայլի մը մէջ ճամբան շարունակելու նպատակով, առանց սակայն հասնելու իր նախնական նպատակակէտին, քանի որ, ըստ աւանդութեան, Արժանթինի Լուխան գետին մօտ զայն փոխադրող եզները հրաժարած են յառաջանալ, մինչեւ որ Լուխանի Տիրամօր արձանիկը չեն իջեցուցած սայլէն։ Այդ պատճառաւ արձանիկը հոն մնաց, որուն առաջին պահապանը եղաւ Մանուէլ տը լոս Ռիոսը՝ Անկոլայէն սերած ստրուկ մը։

Կարճ ժամանակի ընթացքին անոր պատմութիւնը կը տարածուի, ու բազմաթիւ ուխտաւորներ կ’այցելեն զայն պաշտելու համար։ 1887ի Մայիսին Լեւոն ԺԳ․ Պապը կը շնորհէ անոր պսակադրութիւնը՝ Լուխանի Սուրբ Կոյսի (Virgen de Luján) ծիսական տօնը սահմանելով Զատիկէն ետք IV Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը։

1930 թուականին Պիոս ԺԱ․ Պապը Լուխանի Տիրամայրը կը հռչակէ ամբողջ Արժանթինի (ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի եւ Փարակուայի) պաշտպան Սուրբ։

Այսօր այս վայրին մէջ, ֆրանսացի ճարտարապետ Քուրթուայի նախագիծով, 1937-ին աւարտած Պազիլիքան Երկրի հոգեւոր սիրտն է, ուր միլիոնաւոր ուխտաւորներու կողքին յառաջիկային պիտի այցելէ նաեւ Լեւոն ԺԴ․՝ իր վեցերորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+