«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն - Հայերէն
11 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Արամ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

10 Kasım 2026  

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն -

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ տարելիցին առիթով 9 նոյեմբերին Եռաբլուր այցելեցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին նահատակներուն շիրիմներուն, յարգանքի տուրք մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Իրականութեան մէջ տակաւին ամբողջովին գնահատուած ու իմաստաւորուած չէ այն մեծ ողբերգութիւնը, որ կը պարունակէ 9 նոյեմբերի յանձնուողական փաստաթուղթը, որովհետեւ անիկա Հայաստանի այդ ժամանակուան քաղաքական իշխանութեան կազմակերպուած անկազմակերպուածութեան ողբերգական արդիւնքն էր:

«Անկէ յետոյ ալ 9 նոյեմբերի փաստաթուղթը շարունակեց իշխանութիւններուն կողմէ շահարկուիլ: Այսօր, երբ իշխանութիւնը հպարտութեամբ կը խօսի ԹՐԻՓՓ կոչուածի մասին, որ իրականութեան մէջ Ազրպէյճանին տուած է Նախիջեւանի հետ անխոչընդոտ կապ, 9 նոյեմբերի փաստաթուղթի 9-րդ կէտի հետեւողական մերժման հետեւանքն է:

«Այստեղ, բնականաբար, մեծ է Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ, հակահայ եւ այլատեաց դրսեւորումը, ինչ որ յանգեցուց Արցախի շրջափակման եւ 19-էն 21 սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի հայաթափման»:

Ըստ ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանի, այս իշխանութիւնները կը մոլորեցնեն հասարակութիւնը` յայտարարելով, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է: Ատիկա սուտ է եւ կեղծիք, նշեց ան` հարց տալով, թէ ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ երկրի մէկ հատուածը բռնագրաւած է թշնամի պետութիւնը, ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ թշնամին ցարդ կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի ուղիները, շրջափակուած կը պահէ շրջաններ, կը շարունակէ սպառնալ, բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ կը խօսի սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու լեզուով:

«Ի՞նչ խաղաղութիւն, եթէ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պատանդառուած է, Արցախի ժողովուրդին կ՛արգելուի վերադառնալ իր բնօրրան, իսկ Արցախի մէջ ամէն օր կ՛ոչնչացուի հայկական հետքը: Սա խաղաղութիւն չէ: Սա 27 սեպտեմբեր 2020-ին  սկսած պատերազմի ընթացքին հաստատուած դադարի մը փուլն է», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Խաչատրեան:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանի համաձայն, իշխանութիւններուն պատկերացուցած խաղաղութիւնը չի հաստատուիր, որովհետեւ ամէն անգամ ականատես կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի նոր պահանջներու: Ան նաեւ նշեց, որ այս փուլին Հայաստանի հիմնական ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը մէկ հարցի շուրջ համախոհ են` թոյլ չտալ Ալիեւի Սահմանադրութեան ընդունումը:

Գրիգորեան նշեց` ընդդիմադիր պատգամաւորները ամէն ինչ պիտի ընեն չարտօնելու Ալիեւի պարտադրած Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի ներկայացնելը, բայց եւ կարեւոր կը նկատեն խօսիլ ժողովուրդին, զիրենք ընտրողներուն հետ` Փաշինեանի յայտարարած «ճնշումները» կանխելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային իրենց աջակցելու համար:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+