Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է» -
Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է»
Թուրքիան Հարաւային Կովկասէն անցնող եւ շրջանը թրքական տարածքին կապող Միջին միջանցքը կը նկատէ մջազգային առեւտրական եւ փոխադրամիջոցային կապերու զարգացման առանցքային տարրերէն մէկը: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Անոր համաձայն, փոխադրամիջոցային երթուղիներու բազմազանեցումը կը դառնայ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ կ՛արտօնէ ընդլայնել հասանելիութիւնը շուկաներուն եւ ամրապնդել մատակարարումներու համաշխարհային շղթաները:
Ֆիտան ընդգծած է, որ Թուրքիան իր աշխարհագրական դիրքը կը դիտարկէ ոչ միայն իբրեւ ցամաքամասերը միացնելու կարելիութիւն, այլ նաեւ իբրեւ ռազմավարական պատասխանատուութիւն:
Այս ներուժի իրականացման համար անհրաժեշտ են զարգացած ենթակառոյցներ, դիւանագիտական ջանքեր եւ փոխադրամիջոցային երթուղիներու անվտանգութեան բարձրացում:
Իբրեւ հեռանկարային յաւելեալ նախագիծ թուրք նախարարը նշած է ստեղծումը փոխադրամիջոցային երթուղիի, որ Արաբական ծոցը Իրաքի եւ Թուրքիոյ տարածքով պիտի կապէ Եւրոպային: Անգարան կը ձգտի նաեւ բազմազանեցնել ուժանիւթային երթուղիները եւ մատակարարման աղբիւրները:
Ֆիտանի համաձայն, նման նախագիծերը մաս են շրջանային կապերու աւելի լայն համակարգի մը, որ ընդունակ է ստեղծել նոր տնտեսական կարելիութիւններ եւ ամրապնդել քաղաքական համագործակցութիւնը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com