«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շե -
«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու ամրութիւնը շեշտեցին երկու երկիրներուն միջեւ Ազրպէյճանի մէջ «լաչակի տագնապ» անունով ծանօթ լարուածութենէն երկու ամիս ետք Էրտողանի Արցախ այցելութեան ընթացքին:
Թուրքիոյ նախագահը իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները տկարացնելու փորձերը անցեալին չեն յաջողած, ապագային ալ պիտի չյաջողին»` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին շարք մը փորձութիւններէ անցած են եւ հասած իրենց այսօրուան յառաջադէմ մակարդակին:
Նշենք, որ Էրտողան Ազրպէյճան այցելեց Արցախի բռնագրաւման 6-ամեակի նշման համար:
Անոր կ՛ընկերակցէր իր կինը` Ամինէ Էրտողանը, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընը, նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Պուրհանէտտին Տուրանն ու շարք մը նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Անդրադառնալով Շուշիի գրաւման` Էրտողան ըսաւ. «Ազրպէյճանի 44 օր տեւած պատերազմի ընթացքին իր հողերը ազատագրելը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր փուլի ճամբան բացաւ»:
Ալիեւ իր կարգին ըսաւ. «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միասնականութիւնը յաւիտենական է ու անսասան»` բարձր գնահատելով Արցախի կռիւներուն ընթացքին Թուրքիոյ իր երկրին տրամադրած աջակցութիւնը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com