Այլեւայլ : Համակարգիչը` Բարեկա՞մ, Թէ՞ Թշնամի
11 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Երեզկան / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Համակարգիչը` Բարեկա՞մ, Թէ՞ Թշնամի

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

26 Kasım 2016  

Համակարգիչը` Բարեկա՞մ, Թէ՞ Թշնամի

Ինչո՞ւ փոքրիկներու մեծամասնութիւնը գիրք ընթերցելը եւ սովորական խաղերը ամբողջովին մոռցած ու համակարգչային խաղերով «խելագարուած» է:

Համակարգչային խաղերը երեխաները կը հրապուրեն իրենց վառ գոյներով, նկարներով եւ իրադարձութիւններու վրայ ինքնուրոյն ազդեցութիւն ունենալու հնարաւորութեամբ: Շատ մը ծնողներ բացասաբար կը վերաբերին իրենց փոքրիկին այս հրապուրանքին նկատմամբ: Արդեօ՞ք անոնք ճիշդեն, թէ՞ անոնց մտավախութիւնը սխալ է:

Հոգեբանները միակարծիք չեն այն հարցին գծով, թէ արդեօ՞ք օգտակար են համակարգչային խաղերը մեր փոքրիկներուն համար: Որոշ հոգեբաններ կը կարծեն, թէ խաղերը կը զարգացընեն մտածողութիւնը, կ՛օգնեն տրամաբանելու: Սակայն շատ մը մասնագէտներ վստահ են, որ խաղերու նկատմամբ չափազանց մեծ սէրը կըրնայ վնաս հասցնել փոքրիկներուն: Ինչո՞ւ: Փոքրիկներ, որոնք երկար ժամանակ կ՛անցընեն համակարգիչի պաստառներուն առջեւ, դժուարութեամբ լեզու կը գտնեն իրենց հասակակիցներուն հետ: Անոնց հետաքրքրութիւնները սահմանափակ կը դառնան: Անոնց չեն հետաքրքրեր ոտնագնդակը, շարժանկարները, ցուցահանդէսները եւ այլն: Համակարգիչը թմրանիւթի համազօր կը դառնայ իրենց համար:
Ըստ բժիշկներու, փոքրիկներուն պէտք է հեռու պահել համակարգիչներէն: Բժշկական տեսանկիւնէ, համակարգչային խաղերու չարաշահումը բացասական անդրադարձ կ՛ունենայ երեխայի առողջութեան վրայ: Առաջին տուժողը աչքերն են: Մարդու աչքը սովոր է լոյսի անդրադարձին, իսկ համակարգչային պատկերները վառ, անդադար լուսաւորող կէտեր են: Աչքի համար բարդ է այդ մէկը, հետեւաբար մեծ ծանրաբեռնըւածութիւն կը յառաջանայ փոքրիկին աչքերուն համար:

Իսկ ինչպիսի՞ խաղեր կը նախընտրեն ձեր փոքրիկները:
Ի հարկէ, ոչ մէկ վնաս կայ, եթէ անոնց կը հետաքրքրեն հանգիստ, ուսուցողական խաղերը: Իսկ կռիւի տեսարաններով խաղերէն պէտք է հրաժարիլ: Այդպիսի խաղերը կրնան ջղային վիճակ եւ հոգեկան աշխարհի շեղումներ յառաջացընել: Եթէ նկատէք, որ ձեր զաւակը ծոյլ դարձած է կամ` հակառակը, ցանկալի է որ ժամանակաւորապէս դադրեցնէք անոր համակարգչային զբաղումը: Այնպիսի խաղեր ու զբաղում մտածեցէք, որոնք կը նուազեցնեն փոքրիկին ջղայնութիւնը:

Երկար ժամանակ համակարգիչի առջեւ նըստելով փոքրիկին մօտ կը յառաջանայ ողնաշարի ծռման վտանգ: Երբ փոքրիկը տեւական ժամանակ կուզիկ վիճակով կը նստի, հիմնական ծանրաբեռնուածութիւնը կ՛իյնայ վիզի մկաններուն, ուսագօտիին, ձեռքերուն եւ մէջքին վրայ: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր անշարժութեան հետեւանքով, որովհետեւ փոքրիկը խաղի ժամանակ ոչ մէկ ֆիզիքական աշխատանք կը կատարէ: Այդ իսկ պատճառով, եթէ ձեր երեխան չի կրնար ապրիլ առանց համակարգիչի, ապա անհրաժեշտ է անոր զբաղեցնել մարզանքով կամ պարզապէս շարժուն խաղերով, այլապէս անոր մկանները անգործութենէն կը թուլանան:

Անշուշտ երեխան ոչ միայն պէտք է խաղայ, այլ` սորվի ինչպէս աշխատիլ այդ «խելացի» գործիքով: Եթէ համակարգիչին դիմաց անցնող ժամանակը ճիշդ ձեւով օգտագործուի, կարելի կ՛ըլլայ բացասական հետեւանքներէն խուսափիլ:

Այսպէս, եթէ տան մէջ համակարգիչ ունիք, պէտք է որոշ անվտանգութեան միջոցներու ձեռնարկէք: Համակարգիչը պէտք է ըլլայ պատուհանին ձախ կողմը, մութ սենեակները բացարձակապէս յանձնարարելի չեն: Տարածքը, ուր տեղադրուած է համակարգիչը, պէտք է նուազագոյնը ըլլայ 6 քառ. մեթր: Երեխային աչքերը պաստառէն 50 սմ. հեռաւորութիւն պէտք է ունենան: Աթոռը անպայման պէտք է ունենայ թիկնակ, որպէսզի փոքրիկը կարենայ յենուիլ եւ մէջքի ծանրաբեռնուածութիւնը այդպիսով մեղմել:


Համակարգիչով զբաղելու տեւողութիւնը պէտք չէ գերազանցէ`
5 տարեկանին` 7 վայրկեան,
6 տարեկանին` 10 վայրկեան,
2-5-րդ կարգի աշակերտներուն համար` 15 վայրկեան,
6-7-րդ կարգի աշակերտներուն համար` 20 վայրկեան,
8-9-րդ կարգի աշակերտներուն համար` 25 վայրկեան:
Հետեւելով վերոյիշեալ խորհուրդներուն, ձեր փոքրիկը կը շարունակէ մնալ շարժուն ու առողջ թէ՛ հոգեպէս, եւ թէ մարմնապէս:



Պէթի Քիլէրճեան

+