Այլեւայլ : ​Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան
12 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անի / Ժամ : Ճառագայթեալ

Այլեւայլ : ​Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

26 Şubat 2018  

​Ճանչնանք Մեր Տօները. Բարեկենդան



Բարեկենդան` կը նշանակէ բարի կենդանութիւն: Անիկա ուրախութեան եւ զուարճանքի տօն է, կը յիշեցնէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, երբ անոնք կ՛ապրէին վայելքի եւ անհոգութեան մէջ:

Նախապէս հեթանոսական այս տօնը հաւանաբար կապ ունէր գարնանամուտին հետ, եւ պատահական չէին զուարճութիւնները, որոնք զարթնող բնութիւնը ուրախ դիմաւորելու, մարդիկը վերակենդանացնելու խորհուրդը ունէին: Հետագային քրիստոնէութիւնը Բարեկենդանը դարձուց Մեծ պահքի նախորդող շաբթուան տօն, որ կը նշուէր կերուխումով, խաղերով, մրցումներով, թատերախաղերով, պարերով եւ այլն…

Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը քաշուի, խորանը կը փակուի եւ այնպէս փակ կը մնայ քառասնօրեայ պահքի ընթացքին:

Անցեալին հայկական տօներէն ամէնէն ուրախն ու ամէնէն սպասուածը Բարեկենդանն էր: Այս առիթով կը պատրաստուէին տարբեր տեսակի ճաշատեսակներ եւ քաղցրեղէններ, կ՛օգտագործուէր առատ խմիչք, իսկ հարբեցողութիւնը բնականաբար ներելի էր այդ օրերուն: Յատկանշական էր այն, որ խնճոյքներուն կը մասնակցէին նաեւ կիները: Եթէ այլ տօներու անոնք կ՛առանձնանային, ապա Բարեկենդանին կը տիրէր սեռի, տարիքի եւ խաւի հաւասարութիւն:

Իրական կեանքի ընթացքին չարտօնուածը կարելի էր կատարել Բարեկենդանի օրերուն` խաղերու ընդմէջէն: Այդ օրը մէկը միւսէն նեղուելու իրաւունք չունէր, բոլորը կրնային կատակել, ծաղրել, քննադատել:

Բարեկենդանի առտուընէ մինչեւ երեկոյ տեւող խնճոյքները բացօթեայ կ՛ըլլային: Հակառակ ձմրան ցուրտին` անոր կը մասնակցէին ծերեր, երիտասարդներ, կիներ ու տղամարդիկ: Ուրախ պարերը Բարեկենդանի անբաժան ուղեկիցներն էին, անոնք կը սկսէին փոքր խումբերով, ապա կը դառնային համընդհանուր, համագիւղական եւ համաթաղային:

Բարեկենդանի գլխաւոր զուարճութիւնը, սակայն, խաղերն ու թատերական ներկայացումներն էին, որոնց կը մասնակցէին երեխաներէն մինչեւ ծերերը, հարս ու աղջիկ, չափահաս կիներ ու տղամարդիկ:

Բարեկենդանի խաղերէն յիշենք «լախտախաղ»-ը, «գնդակախաղ»-ը, «ճօճախաղ»-ը, «վէգ»-ը, «մատնի»-ն, եւ այլն… Իսկ թատերախաղերէն` «խնամխօս»-ը, «գող եւ փաշա»-ն, «պարոն գզիր»-ը եւ այլն…

Բարեկենդանի օրերուն եկեղեցին կը նշէր Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան զօրավարի տօնը: Այդ օրերուն տարբեր գաւառներու մէջ յաճախ կը ներկայացնէին Աւարայրի ճակատամարտէն որեւէ դրուագ:

Բարեկենդանի խոհանոց

Բարեկենդանի օրերու ամենաբնորոշը, սակայն, կերակուրներու առատութիւնն ու այլազանութիւնն էր: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր հորթ, այծ, ոչխար կամ հաւ:

Սովորական օրերուն գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ կայ զոհաբերութեան գաղափարը, յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահած են աստուածները` խնդրելով բերքի առատութիւն:

Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներն են` փաթիլլան (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ամիճը (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), հալվան, փախլաւան, սըռոնը (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), սեմսեկը, ձուածեղը, գաթայի տեսակները, աղանձը, փոխինձը, կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման:

Ակլատիզը (Mırımıras Aglatiz Kokorich Akheludz)

«Պաս պապի»-ն կամ ակլատիզը Բարեկենդանի կերուխումի աւարտը «աւետող» տիկնիկն է: Անիկա պատրաստուած կ՛ըլլայ սոխէ կամ գետնախնձորէ` վրան 7 փետուր խրած:

Եօթը փետուրները, որոնք Մեծ պասի եօթը շաբաթները կը խորհրդանշեն, օրացոյցի դեր կը կատարեն. իւրաքանչիւր շաբաթավերջի մէկ փետուր կը պոկուի եւ այսպէս, յաջորդաբար` մինչեւ Մեծ պասը աւարտի: Մեծ պասի վերջին օրը ակլատիզը պէտք է թաթխել մածունի մէջ եւ նետել տանիքը: Ըստ աւանդութեան, սոխը կը դառնայ մկան, խռիւը թեւեր, իսկ ինքը` ակլատիզը` թռչուն, որ կը թռչի ու կ՛երթայ յաջորդ տարի վերադառնալու պայմանով…

Բարեկենդանի առիթով ծպտուելու, ինչպէս նաեւ ակլատիզներ պատրաստելու ու տօնին խորհուրդը նոր սերունդին փոխանցելու առաքելութիւնը մեծ նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն շատ մը հայկական վարժարաններ` աշխարհի չորս ծագերուն: Ինչ կը վերաբերի պարերուն եւ խաղերուն, անոնք դժբախտաբար նահանջած են: Թէեւ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն

Ազատութեան հրապարակին, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային պողոտային վրայ եւ այլուր Բարեկենդանը կը նշուի բաւական մեծ շուքով: Ամէնուրեք կը հնչեն ազգային եւ հոգեւոր երգեր, կը ներկայացուին խաղեր, խմբային պարեր, կը կազմակերպուին ուտեստներու ցուցադրութիւն-վաճառք` ժպիտ, լաւատեսութիւն եւ յոյս գծագրելով հազարաւոր հանդիսականներու դէմքերուն վրայ:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ




+