Գիտէ՞ք, Թէ… Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Առաջին Յուշարձանը Հայաստանի Մէջ
Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին կը գտնուի 1968-ին կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յուշահամալիրը, որ ուխտատեղի է ամբողջ հայութեան համար: Թէեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը իր նշանակութեամբ ամենակարեւոր վայրն է, սակայն քիչեր գիտեն, որ Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանը կառուցուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն առաջ` 1965 թուականին:
1965 թուականին կը լրանար Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը, եւ անիկա կը շարունակուէր արգիլուած թեմա մնալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: 1965 թուականի ապրիլ 24-ը բեկումնային եղաւ, բարձրացաւ ընդվզումի առաջին մեծ ալիքը: Երեւանի փողոցներուն մէջ կազմակերպուած բազմահազարանոց ցոյցերու պատճառով խորհրդային իշխանութիւնը արտօնեց, որ Մայր Աթոռը սուրբ պատարագ մատուցէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարէ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին:
Այդ ժամանակ ալ, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Էջմիածինի մայր տաճարի կողքին տեղադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին կոթողը: Կոթողին հեղինակը նշանաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանն է. յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ 31 հոկտեմբեր 1965-ին:
Կոթողը անհամաչափ խմբային խաչքարերով յօրինուածք է, ուր բացի ազգային զարդանախշերէ` փորագրուած է նաեւ «Վան, Մուսա լեռ, Զէյթուն, Եդեսիա, Հաճըն, Մարաշ, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Սասուն» մակագրութիւնը` նուիրուած վերոյիշեալ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած հերոսամարտերու յիշատակին: