Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Անտոն Փատովացին. խօսքի եւ բարեգործութեան սուրբը
14 Haziran 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարգաց / Օր : Վանատուր / Ժամ : Խաւարակ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Անտոն Փատովացին. խօսքի եւ բարեգործութեան սուրբը

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

13 Haziran 2026  

​Սուրբ Անտոն Փատովացին. խօսքի եւ բարեգործութեան սուրբը



Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած՝ Սուրբ Անտոնը այսօր ալ կը շարունակէ մեծարուիլ որպէս հաւատքի, աւետարանական իմաստութեան եւ տկարներու հանդէպ տածած սիրոյ տիպար։ Փատովայի մէջ ան պարզապէս ճանչցուած է որպէս «Սուրբը» `Il Santo։

Յունիս 13-ին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Անտոն Փատովացիին ծիսական տօնը՝ քրիստոնէական աւանդութեան ամենասիրուած սուրբերէն մէկը։

Ծնած է Լիզպոն, 1195-ին՝ Ֆեռնանտօ անունով։ Սկիզբը անդամակցած է Սուրբ Օգոստինոսի կանոնաւոր հայրերու միաբանութեան, սակայն Մարոքի մէջ նահատակուած ֆրանչիսկեան առաքեալներու զոհաբերութեան մասին տեղեկանալէ ետք, որոշած է հետեւիլ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի գաղափարներուն՝ առնելով Անտոն անունը։

Օժտուած ըլլալով Աստուածաշունչի եւ աստուածաբանութեան արտակարգ պատրաստութեամբ՝ ան եղած է բացառիկ քարոզիչ մը։ Իր պարզ, բայց խորունկ խօսքերը կը գրաւէին բազմահազար մարդիկ եւ կը նպաստէին իր ժամանակի հերետիկոսութիւններու ու բարոյական անկումի դէմ պայքարին։

Քարոզչութենէն զատ, ան երկար ժամեր կը նուիրէր խոստովանանքի խորհուրդին եւ աղքատներու խնամքին։

Անտոն որոշեց ապրիլ Փատովայի մէջ՝ քաղաք մը, որուն հետ հաստատեց յատուկ կապ մը։ Հոն գրեց իր հռչակաւոր «Ճառեր»-ուն (Sermones) մեծ մասը եւ ծաւալեց բուռն հովուական գործունէութիւն։

1231-ին, արդէն իսկ հիւծած յոգնութենէն ու հիւանդութենէն, առանձնացաւ Քամփոսամփիեռօ՝ աղօթքի եւ խոկումի ժամանակաշրջան մը անցընելու համար։

Յանկարծակիօրէն վատառողջանալով՝ խնդրեց զինք վերադարձնել Փատովա, սակայն մահացաւ Յունիս 13-ին՝ քաղաքի մուտքին, արտասանելով հետեւեալ խօսքերը. «Կը տեսնեմ իմ Տէրս»։

Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած՝ Սուրբ Անտոնը այսօր ալ կը շարունակէ մեծարուիլ որպէս հաւատքի, աւետարանական իմաստութեան եւ տկարներու հանդէպ տածած սիրոյ տիպար։ Փատովայի մէջ ան պարզապէս ճանչցուած է որպէս «Սուրբը» (Il Santo)։


+