Երեք Դար Առաջ Աֆղանիստանի Մէջ Եկեղեցի Կառուցած Հայ Համայնքը Այսօր Գոյութիւն Չունի - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

30 Kasım 2011  

Երեք Դար Առաջ Աֆղանիստանի Մէջ Եկեղեցի Կառուցած Հայ Համայնքը Այսօր Գոյութիւն Չունի -

Երեք Դար Առաջ Աֆղանիստանի Մէջ Եկեղեցի Կառուցած Հայ Համայնքը Այսօր Գոյութիւն Չունի Երեք Դար Առաջ Աֆղանիստանի Մէջ Եկեղեցի Կառուցած Հայ Համայնքը Այսօր Գոյութիւն Չունի

Աֆղանիստանի խաղապահ զօրքերուն մաս կը կազմէ նաեւ հայոց բանակը։ Սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այսօր այնտեղ ձեւաւորուած համայնք գոյութիւն չունի, սակայն հետաքրքրական է անդրադառնալ նախապէս այնտեղ ապրող հայերու պատմութեան՝ Յակոբ Աթիկեանի կատարած ուսումնասիրութեան միջոցով։

ԺԴ. դարէն մինչեւ ԺԸ. դարու առաջին կէսը, Լէնկթիմուրի եւ աֆղան տիրապետողներու կողմէ Հայաստանէն թէ Պարսկաստանէն հազարներով հայեր գերի տարուած են Աֆղանիստան։ ԺԴ. դարէն սկսեալ այնտեղ գոյութիւն ունեցած են հայ գաղթօճախներ։
Նոր Ջուղայի հիմնուելէն հազիւ կէս դար ետք՝ 1670ական թուականներուն՝ Աֆղանիստանի Քապուլ եւ Ղանդահար քաղաքներուն մէջ արդէն հաստատուն հայ գաղթօճախներ կային։

Անոնք բաղկացած էին գլխաւորապէս առեւտրականներէ եւ արհեստաւորներէ (Մ. Սէթեան, Armenians in India)։

1722ին աֆղան Միր Մահմուտը կը գրաւէ Սպահանը եւ Նոր Ջուղան եւ իր հետ բռնի կը տանի վաթսուն նորջուղայեցի արհեստաւոր ընտանիքներ։ Քանի մը տարի վերջ, նոյնպէս աֆղան Նատիր շահը Սպահանէն կը տանի երկու հարիւր տուն հայ արհեստաւորներ եւ կը բնակեցնէ Քապուլ (Մ. ՍԷթեան, Armenians in India)։ Աւելի ուշ, Նատիր շահը տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ վրացիներ բռնի քշած է Թուրքիստան եւ Աֆղանիստան։

Բաւական լաւ վիճակ ունեցած են Քապուլի հայ գաղթականները։ Անոնք իրենց միջոցներով 1737ին կառուցած են հայոց եկեղեցի։ Քաղաքին մօտերը հայերը ունեցած են իրենց գերեզմանատունը։ Այդ ժամանակ հայերը ունեցած են կրօնական ազատութիւն։ «Քապուլի մէջ գտնուող հայերը,- կը գրէ Րաֆֆին,- այս ժամանակ աֆղանական կառավարութեան բարձր պաշտօններու գլուխը անցան. շատերը զինուորական բանակներու հրամանատարներ եղած են» (Րաֆֆի, Հայերը Քապուլի մէջ, Մշակ, 1880)։

1764ին Էջմիածնի կաթողիկոսութեան կողմէ Աֆղանիստան ղրկուած է Գրիգոր եպս. Սանահնեցին, որպէսզի համախմբէ եւ կազմակերպէ համայնքը։ Աֆղանիստանի հայութեան թիւի մասին այդ շրջանին տեղեկութիւն չկայ։ Ըստ երեւոյթին թիւը բաւական մեծ եղած պէտք է ըլլայ, որ Գրիգոր եպիսկոպոսը նպատակ ունենար հայաշատ վայրեր եկեղեցիներ կառուցանելու եւ քահանաներ ձեռնադրելու։ Կը յիշուի, որ ան երկու եկեղեցիներ կառուցած է Աֆղանիստանի մէջ։

Յետագային՝ իրարու յաջորդող աննպաստ քաղաքական դէպքեր կը փակեն Պարսկաստանը Աֆղանիստանին կապող ճամբաները, եւ Աֆղանիստանի հայերը բոլորովին կ`առանձնանան։ Այդ շրջանին Աֆղանիստանէն Էջմիածին հասած լուրերէն յայտնի կ`ըլլայ, որ հայեր հոն քահանայ չունենալուն պատճառաւ ութը տարի երեխաներու մկրտութիւն չեն ունեցած։

ԺԹ. դարու սկիզբները Քապուլ մնացած էին միայն 30-40 տուն հայեր։ Ղանդահարի մէջ հայերու թիւը աւելի քիչ էր, իսկ ուրիշ տեղեր հայերը ամբողջութեամբ ձուլուած էին։ 1832ին Քապուլ այցելած կաթոլիկ կղերական մը կը յիշէ, թէ հոն կային քանի մը տասնեակ կղզիացած հայ ընտանիքներ։

Աֆղանիստանի փոքր հայ համայնքը տարիներ շարունակ կողոպտուած է կառավարութեան կողմէ։ Անոնք մեծապէս վնասուած են երկրին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ներքին փոփոխութիւններէն եւ արիւնահեղութիւններէն (Մ. Սէթեան, նոյն)։

Մ. Թաղիադեանը, որ ժամանակին տեղեկութիւններ հաւաքած է Աֆղանիստան բնակող հայերու մասին, նոյնպէս շատ մռայլ գոյներով կը ներկայացնէ անոնց վիճակը (Բազմավէպ, 1878)։

1897ին Էմիր Ապտուլ Ռահմանը, յատուկ հրամանով, երկրէն բռնի ուժով կ`արտաքսէ բոլոր հայերը։ Արտաքսուած հայերը կ`անցնին հիւսիսային Հնդկաստան (Մ. Սէթեան, Armenians in India)։ Յետոյ յայտնի կ`ըլլայ, որ էմիրը կատարած է Թուրքիոյ բռնապետ սուլթան Համիտի ցանկութիւնը, որ իր հաւատակիցէն խնդրած է արտաքսել հայերը, որպէս անհաւատարիմ հպատակներ։

Նոյն մտքով, Համիտ դիմած է նաեւ Պարսկաստանի շահին, որ սակայն ընթացք չէ տուած իր խնդրանքին։ Մ. Սէթեան իր «Armenians in India» գիրքին մէջ, անծանօթ աղբիւրէ մը քաղելով, հետաքրքրական տեղեկութիւն մը կու տայ, թէ Հնդկաստանի հիւսիսը տեղափոխուող հայերը իրենց հետ Քապուլէն բերած են շատ հին ձեռագիրներու մեծ ժողովածու մը։

Աֆղանիստանի ուրիշ վայրերու հայկական համայնքներու մասին միայն հատուկտոր տեղեկութիւններ կան։ Հէնրի Ռավլինսթոն «England and Russia in the East» գիրքին մէջ կու տայ Չինաստանի սահմանամերձ աֆղանական Ղաշխա քաղաքի մարդահամարը, ուր յիշուած են 300 հայեր։ Ռավլինսթոն եղած է անգլիացի զօրավար մը եւ անձամբ գտնուած է այդ քաղաքը։ Ղաշխան առեւտրական քաղաք-յենակէտ էր Չինաստանի հետ կատարուող մետաքսի առեւտուրին։

Աֆղանիստանի հայերը ունեցած են քանի մը եկեղեցիներ, բայց մշակութային որոշ գործունէութիւն չեն ունեցած։

http://tert.am/hy/news/2011/11/30/kaboul/





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+