Անցեալ Ըլլայ» Կ`ըսենք Մայտա Սարիսին -
Անցեալ Ըլլայ» Կ`ըսենք Մայտա Սարիսին
«Փարոս» ամսագրի հրատարակութեան տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Տիկին Մայտա Սարիս երէկ, 3 Մայիսին արկածահար եղաւ «Ճէվահիր» առեւտուրի կեդրոնին մերձակայ փողոցի մէջ։ Ինքնաշարժ մը հարուածեց Տիկին Մայտա Սարիսը, պատճառ դառնալով որ ծունկի վրայ երկու տեղէն բեկում մը ունենայ։ Տիկին Մայտա անմիջապէս տեղափոխուեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոց, ուր փութաց նաեւ օրթոփէտիի մասնագէտ, Փրօֆ. Տօքթ. Աքսէլ Սէյյահի։ Ան անմիջապէս քննեց հիւանդը, անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրաւ վաղը կատարուելիք վիրահատութենէն առաջ։
«Անցեալ ըլլայ» կ'ըսենք սիրելի Տիկին Մայտային, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com