​Անի Իփէքքայայի Գիրքը Հանդիպում՝ Թատրոնի «յիշողութեան» Հետ - Հայերէն
04 Mayıs 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

04 Mayıs 2026  

​Անի Իփէքքայայի Գիրքը Հանդիպում՝ Թատրոնի «յիշողութեան» Հետ -

​Անի Իփէքքայայի Գիրքը Հանդիպում՝ Թատրոնի «յիշողութեան» Հետ ​Անի Իփէքքայայի Գիրքը Հանդիպում՝ Թատրոնի «յիշողութեան» Հետ

Թրքական թատրոնի կենդանի յիշողութիւններէն մէկն է պոլսահայ արուեստագիտուհի Անի Իփէքքայա։ Ան այս օրերուն ընթերցողներուն հետ ժամադրուած է «Թատրոնի դերասանուհի ըլլա՞լ թէ չըլլալ» խորագրեալ յուշագրութեամբ մը, որու ծանօթացումը կատարուեցաւ Շաբաթ օր, «Նոահ» մշակոյթի ու արուեստի կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկը եւ գիրքի ստորագրութիւնը վերածուեցաւ թատերական յուշերով եւ մշակութային զրոյցներով հարուստ հանդիպման մը, որուն ներկայ էին հայ համայնքէն թատրոնի նուիրեալներ, նաեւ թուրք թատրոնի սիրուած դէմքեր։

Դերասանուհին պատմողական հետաքրքրական ոճով ներկայացուց դէպի թատրոն իր կեանքի ճամբան, սկսելով Պաքըրգիւղէն, ուր լոյս աշխարհ եկած էր եւ յաճախած՝ Տատեան վարժարան, ապա երաժշտանոցի մէջ ուսման ու թրքական մշակոյթի ծանօթ դէմքերու հսկողութեան տակ աշխատութիւններուն։ Անի Իփէքքայա յիշեց իր մարմնաւորած կերպարները, ընդգծելով որ կարճ ժամանակի մէջ յաջողած էր հաստատուն տեղ գրաւել թատերական աշխարհին մէջ, մասնակցիլ բազմաթիւ ներկայացումներու եւ շրջագայութեան մեկնիլ դէպի Անատոլուի զանազան քաղաքներ։

Իփէքքայա իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին աշխատած է զանազան թատերախումբերու հետ՝ ներառեալ Կիւլրիզ Սուրուրի թատրոնը, Արենա թատրոնը, ապա շարունակած է իր գործունէութիւնը Գատըգիւղի թատրոնին մէջ եւ ի վերջոյ միացած է Իսթանպուլի Քաղաքային թատրոններուն, ուր դերեր մարմնաւորած է շուրջ 42 տարի։

Հալտուն Թանէրի «Քեշանլը Ալի Տեսթանը» նշանաւոր գործին մէջ «Մատամ Օլկա»ի կերպարը զանազան տարիներուն մարմնաւորած են երկու դերասանուհիներ՝ Անի Իփէքքայա եւ Տիլէք Թիւրքեր. յատկանշական է որ Շաբաթ օր այս երկու դերասանուհիները նոյն երդիքին տակ էին, անոնք միասնաբար մեկնաբանեցին «Սիվիլիզասիոն» երգը, արժանանալով ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։

Ձեռնարկը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց զանազան սերունդներու թատրոնասէրներու մօտ։ Իփէքքայա ստորագրեց իր գիրքերը եւ անմիջական զրոյց ունեցաւ ընթերցողներուն հետ։

«Թատրոնի դերասան ըլլա՞լ թէ չըլլալ» խորագրով գիրքը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հեղինակի կեանքի ուղին, այլ նաեւ թատրոնի աշխարհի վերջին յիսնամեակի յիշողութիւնը, կը բացայայտէ բեմի ետին թաքնուած աշխատանքը, յուշերը եւ թատերական աշխարհի բազմաշերտ իրականութիւնը՝ ընթերցողը տանելով անցեալէն դէպի բեմի անտեսանելի խորքերը։







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+