Հարցազրոյց. Հայերէնի Աւանդումը` Գիտելիքէն Անդին` Ոգի Եւ Մեթոտ (Յարութիւն Քիւրքճեանի Հետ) - Հայերէն
05 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Ահրանք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

31 Ağustos 2014  

Հարցազրոյց. Հայերէնի Աւանդումը` Գիտելիքէն Անդին` Ոգի Եւ Մեթոտ (Յարութիւն Քիւրքճեանի Հետ) -

Հարցազրոյց. Հայերէնի Աւանդումը` Գիտելիքէն Անդին` Ոգի Եւ Մեթոտ (Յարութիւն Քիւրքճեանի Հետ) Հարցազրոյց. Հայերէնի Աւանդումը` Գիտելիքէն Անդին` Ոգի Եւ Մեթոտ (Յարութիւն Քիւրքճեանի Հետ)

Անցնող տարեշրջանին, վարժարաններէ հասած տեղեկութենէ մը կ՛իմանայինք աշխատանքի նոր գործիքի մը` հայերէնի դասաւանդման ուղեցոյցներու մասին, տրամադրուած` դասագիրքերու հեղինակ եւ մանկավարժ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ: Ուղեցոյցները կը վերաբերին սփիւռքի տարածքին զանազան շրջաններու մէջ գործածուող «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» դասագիրքերու զոյգ շարքերուն: Օրին, հեղինակը մեզի եւս տրամադրեց օրինակ մը ուղեցոյցներու շարքէն` խտասալիկի վրայ թուայնացուած:

Վերջերս, օգտուելով Յ. Քիւրքճեանի Լիբանան ներկայութենէն, հարցազրոյցով մը իրմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեցինք ուղեցոյցներու, դասագիրքերու շարքերուն եւ առհասարակ` հայերէնի դասաւանդման առնչուող մանկավարժական հարցերու մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք տեղեկութիւններ տալ դասաւանդման ձեր ուղեցոյցներուն մասին…: Նաեւ` ոմանց թերեւս տակաւին անծանօթ դասագիրքերու ձեր շարքերուն մասին:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ.- Ուղեցոյցները տրամադրուեցան ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ սփիւռքի այլ շրջաններու բոլոր այն դպրոցներուն, որոնք կը գործածեն «Հայրենի աղբիւր» շարքի չորս եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքի երկու դասագիրքերը, առաջինները` միջնակարգի, 6-րդէն 9-րդ կարգեր, ընկերակցութեամբ իրենց «Աշխատանքի տետրակ»-ներուն (զուտ կիրառական քերականութիւն), իսկ միւսները` երկրորդականի, 10-րդ կարգէն` աւարտական: Ինչպէս եւ այն անհատ ուսուցիչներու, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են եւ դիմած:

«Ա.».- Դասագիրքերը սկզբնապէս չունէի՞ն իրենց ուղեցոյցները:

Յ. Ք.- Դասագիրքերու կառոյցը, յատուկ սերտուած, այնպիսին է, որ ուսուցիչներուն կողմէ ընտելացման սկզբնական ճիգ մը կը բաւէ` ձեռնհասօրէն գործածելու զանոնք: Կ՛օգնեն նաեւ հոն ներառուած օժանդակ գործիքներ` յատուկ մշակուած գրական էջեր, քայլ առ քայլ ընկերացող հարցարաններ եւ այլ լրացումներ (արտասանութեան թէ արտադասագրքային զբաղումներու թելադրանքներ, լեզուական «առարկայական» վարժութիւններու` ուսուցիչին տրամադրուող պատասխաններ եւ այլն):

Դասագիրքերը հրատարակուեր են սկզբնական լուրջ փորձարկումէ ետք, յենած թէ՛ իմ ուսուցչական երկարամեայ փորձիս վրայ, թէ՛ Պէյրութ, Մարսէյ եւ Աթէնք` ընտրուած մանկավարժներու փորձարկումին – Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեանի, Լուսին Մալիքեանի եւ Մարօ Գալայճեան-Քիւրքճեանի (որ նաեւ հեղինակակիցս է եղած): Առանց մոռնալու խորհրդակցութիւններ` երէց սերունդի վաստակաւոր մշակներու հետ: Ապա, յաջորդական հրատարակութիւններու մէջ, անոնք ենթարկուեր են մնայուն յղկումի…: Ինչպէս` ահա այսօր, մեկնակէտէն քսան տարի ետք, կը վերհրատարակուի «Հայրենի աղբիւր»-ի վերջինը` գիրք 3-ը, նորոգուած բովանդակութեամբ եւ համակարգչային լրիւ նոր ձեւաւորումով: Միւս գիրքերը` պիտի հետեւին` տարուէ տարի, ասոնք` մանաւանդ ձեւաւորման նորոգումով:

Փաստօրէն, երկար ատեն, չէինք մտածեր ուղեցոյցներ ստեղծելու մասին:

«Ա.».- Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս ներկայացաւ անոնց կարիքը:

Յ. Ք.- Գիտէ՛ք, ուսուցիչներու օժանդակ ուղեցոյցները ընթացիկ են` յատկապէս զարգացած կրթամշակութային ոլորտի տէր երկիրներու մէջ, բոլոր վայրերու` ուր մանկավարժական որոնում եւ դասաւանդման մեթոտ կը գիտակցուին իբրեւ կրթական գործի բանալիներ: Կամաց-կամաց նկատուեցաւ, որ այդպիսի մանրամասն ուղեցոյցներ, դասագիրքէն դուրս` ուսուցիչին տրամադրուած, երեւի անհրաժեշտ են նաեւ մեզ մօտ…: Եւ երբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ընդառաջեց գաղափարին` հովանաւորելու անոնց իրագործումը, քաջալերուեցանք լծուելու պատրաստութեան երկարաշունչ գործին:

«Ա.».- Բայց ինչպէ՞ս կը հաշտեցնէք ուղեցոյցները` ձեր պատկերացումին հետ: Եւ ինչպէ՞ս կը ներկայանան անոնք:

Յ. Ք.- Ուղեցոյցները թիւով չորս են, խտասալիկի վրայ թուայնացած պատկեր-էջեր, ըստ փափաքի «գիրք»-ի վերածելի` պարզ տպիչով մը – երկու` «Հայրենի աղբիւր»-ներու (ասոնք` երկու-երկու խմբուած), եւ մէկական` գրականութեան զոյգ հատորներուն համար: Չորս հատորի ընդհանուր ծաւալ` շուրջ 450 էջ: Կը տրամադրուին բոլոր փափաքողներուն, առանց հատուցումի կամ որեւէ փոխադարձ յանձնառութեան:

Իւրաքանչիւր ուղեցոյց ունի ընդհանուր թելադրանքներու բաժին մը, ապա` դաս առ դաս աւանդման առաջարկ-յանձնարարութիւններ: Ամէն առիթով ու տեւաբար` կիրարկուած է առաջարկի ձեւը: Շեշտուած է թելադրանքներուն ոչ-հրամայական, ոչ-վերջնական բնոյթը, կարելիութիւնն ու կարեւորութիւնը` ըստ կարիքի որոնելու, մշակելու դասաւանդման ուրիշ, սեփակա՛ն ձեւեր: Ջանք թափուած է ուսուցիչին տալու մղումը` իր աշխատաձեւը քննականօրէն գնահատելու, ինքզինք նորոգելու սեփական ճիգով…: Որքան ալ ճոխ ըլլան ուղեցոյցներու թելադրանքները, կը հաւատանք, որ դասը հետաքրքրական ու սիրելի դարձնելու ձեւերը, ըստ անձի ու վայրի, կը մնան անսպառելի:

«Ա.».- Ուղեցոյցներու թերթատումը կը բաւէ նկատելու, որ կարեւորութիւն կու տաք այս «հետաքրքրական» եւ «սիրելի» բառերով արտայայտուող մտահոգութեան մը: Պիտի արժէր անոնց պարփակած ուսուցման սկզբունքները աւելի հիմնաւոր ներկայացնել:

Յ. Ք.- Ուղեցոյցները, ինչպէս անշուշտ նաեւ դասագիրքերը, կը մեկնին սա՛ հիմնական սկզբունքէն.- Լեզուի, եւ յատկապէ՛ս մայրենի լեզուի ուսուցումը գիտելիքի պարզ փոխանցում մը չէ (ինչպէս է մեծ մասամբ, օրինակ, գիտական նիւթերու ուսուցումը): Անիկա առաջնահերթաբար սորվեցնել է սեփական լեզուով եւ ուղի՛ղ ձեւով արտայայտել ԿԵԱՆՔԸ` իր բոլոր երեսներով, արտաքին աշխարհի թէ ներաշխարհի մարզերով: Ուսուցում մըն է, որ պիտի ընթանայ բնական ճանապարհով, նախ` կեանքի այդ մարզերուն շուրջ շարադրուած նիւթեր տեսնելով, զանոնք քննելով, ապա` նուաճելով այդ լեզուի կիրարկումը` մեթոտիկ վերարտադրումի վարժութիւններով, միշտ` բնականօրէն, ըլլա՛յ առօրեայ գործածութեան համար, ըլլա՛յ -գոնէ մասամբ- անով գրուած «գեղեցիկ» գործերու գնահատումին համար…:

Եթէ հայերէնի ուսուցման մէջ` բնական իւրացման այս սկզբունքը չբաւարարենք եւ գերակշիռ տեղ տանք գիտելիքի աւանդման, շատ արագ կը ծնին խորթութիւն, տաղտուկ, դասանիւթին հանդէպ հակակրանք: Մինչ, քերականական գիտելիքի կամ «գրականագիտական» տուեալներու բաժինները սահմանափակելով, ժամանակն ու ճիգը ուղղելով դէպի կենդանի դասաւանդում, կեանքի՛ աւանդում, դէպի որոնում ու հարցադրում` գրգիռ կու տանք պատանի հետաքրքիր միտքերու, կը կապենք դասանիւթին, վերջին հաշուով նաեւ ամրօրէն ապահովելով գիտելիքի որոշ ամբարում – անհրաժեշտ նուազագոյնի համեմատութեամբ:

«Ա.».- Իսկ ինչպէ՞ս ապահովել հաւաքական արժէքներու մասին պատգամներու փոխանցումը…

Յ. Ք.- Հաւաքական արժէքներու, ազգային կամ մարդկային-բարոյական արժէքներու մասին պատգամը եւս, դասագիրքի մէջ, պարտի աշակերտին հասնիլ նոյնքան բնական ձեւով ու ճամբով: Այսինքն` նաեւ այդ արժէքներուն առնչուած իրական նիւթեր տեսնելով, քննելով – եթէ չենք ուզեր, որ անոնք դառնան կարծրատիպ (stereotype), դառնան քարո՛զ, եւ տան ճիշդ հակառակ արդիւնքը: Պատանի աշակերտը անմիջապէս, բնազդով, կը զգայ` ո՛ւր հարազատ ենք ու բնական, եւ ո՛ւր` չենք…:

Ատոր համար, նման նիւթեր պէտք է ընտրուին-մշակուին յատուկ խնամքով: Մեր դասագիրքերուն մէջ տեղ տուած ենք հետաքրքրական պատառիկներու` մամուլէն, ապա եւ մշակած-պատշաճեցուցած` յատուկ ընտրուած գրական հատուածներ: Ասիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի ազգային թէ այլ արժէքներու առնչուող պատգամները հնչեն բնական եւ հարազատ: Նաեւ` յաճախ` ներարկուին ճաշակի խօսող նիւթերու ճամբով, միանգամայն զարգացնելով գեղեցիկի ճաշակը:

«Ա.».- Ուղեցոյցները, կը հաւատաք, այսպէս առաւելագոյնս օգտակար կ՛ըլլան…

Յ. Ք.- Անպայմա՛ն…: Մեր ընտրանքները առհասարակ` լաւ ընկալուած են: Միշտ լսելու պատրաստ ենք եղած` մեր հետ շփուող ուսուցիչներու յանձնարարութիւնները: Եւ արդիւնքը անշուշտ օգտակար կը դառնայ: Կը բաւէ, որ գործածողներուն մօտ եւս առկայ ըլլայ նոյն կամեցողութիւնը` բացուելու, հասկնալու, օգտուելու…:

Եթէ երբեմն մերժած ենք տեսակէտներ, որոնք կ՛ուղղուին ընդհանուրին ընդունելի ու սիրելի հեղինակի մը դէմ, էջի մը դէմ, հիմնաւոր ու նպատակայարմար աշխատաձեւի մը դէմ,- այդ ալ ըրած ենք` մանկավարժական հանրայայտ սկզբունքներու հիման վրայ: Զարմանալով եւ ափսոսալով` կարծրատիպերու գործած այս աւերին, երբեմն նոյնի՛սկ երիտասարդ ուսուցիչներու մօտ…: Այլապէս, միշտ խորհրդակցած ենք, ընթացք տուած ենք գործակիցներու թելադրանքներուն, հրատարակութենէ հրատարակութիւն` փոփոխութիւններ բերելով, ինչպէս սկիզբը նշեցի:

«Ա.».- Ուղիղ հայերէնի ուսուցման ճամբան այսպէ՞ս կը սահմանէք ուրեմն…

Յ. Ք.- Դասանիւթը «բնական» ու ի վերջոյ սիրելի դարձնելը էական թիրախ է, նախապայման է: Իսկ անոր նոյնքա՛ն էական լրացումն է` տալու, աւանդելու ձեւը: Այսինքն` ի՞նչ դասաւանդելու կողքին, եթէ ոչ անկէ առաջ, ինչպէ՞ս դասաւանդելը: Մեթոտի՛ հարցը` որմէ կախեալ է ամէն բան, եւ որ պէտք չէ շրջանցուի ոչ մէկ գնով: «Բնական» կամ «հետաքրքրական» ուսուցումը միայն «տեսական»-ին, կարծրատիպին չէ՛ որ կը հակադրուի. նաեւ կը հակադրուի անկողմնացոյց, «ամբոխավար» պարապմունքի ոճին: Մեթոտով է, որ նիւթ մը, անոր աւանդումը կը դառնան իսկապէս «հետաքրքրական», կը սիրուին:

Գիտէ՛ք, պարապ տեղ չէ, որ մանկավարժութիւնը, մանուկի-պատանիի հոգեբանութեան կողքին, անոր առնչուած, գիտութիւններու կարգը դասուած է` իր տեսական եւ կիրառական ոլորտներով: Դժբախտաբար, մեր կրթական մտածողութիւնը միշտ չէ որ կը ներառէ մեթոտի այս կարեւորութիւնը: Խօսքս հոս` հաւաքական մտածողութեան մասին է, հայրենի թէ աւանդական-սփիւռքահայ. մինչ չեն պակսիր անհատ ուսուցիչներ, աւելի` սփիւռքի տարածքին, որոնք գիտեն ե՛ւ մթնոլորտ ստեղծել` խուսափելով չոր գիտելիքի կուտակումէն, ե՛ւ ընել ատիկա` քայլ առ քայլ նախատեսելով-մշակելով իրենց դասարանային աշխատանքը: Այս ընդհանուր եզրակացութեան հասած եմ` մօտէն դիտելով ու քննելով հայաշխարհի կրթական ընդհանուր ոլորտը:

Մէկ օրինակ` որուն մասին կ՛արժէ խորհրդածել.- Եւրոպայի թէ Միացեալ Նահանգներու շարք մը դպրոցներ յաջողապէս կը գործածեն մեր թէ՛ «Հայրենի աղբիւր», եւ թէ՛ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» դասագիրքերը: Ինչպէ՞ս: Պարզապէս` այդ երկիրներու մշակութային միջավայրերու թելադրանքով` մեր ուսուցիչներէն շատեր, գիտակցելով մեթոտի կարեւորութեան, կը կիրարկեն տուեալ շրջանի կացութեան համապատասխան մեթոտներ: Եւ կը քաղեն այս հմտութեան բարիքները, նոյնիսկ… իրենց կէս կամ քառորդ հայախօս աշակերտներուն հետ:

Պէտք է, իբրեւ ուսուցիչներ, գիտնանք խնդրարկել դասաւանդման մեր սեփական ձեւերը, որոնել-մշակել մանկավարժական մեթոտ: Առիթ ստեղծել մանկավարժական փորձի հաղորդումներու, փոխանակումի` իրար միջեւ: Կազմակերպել ուսուցողական կլոր-սեղաններ եւ վարժոցներ (stage), ուր զանազան փորձեր կը հարցադրուին, կը քննուին…

Ուրեմն, մայրենի լեզուի ուսուցումը մէկ կողմէ պիտի երաշխաւորուի բնականութեամբ, կենդանութեամբ, եւ միւս կողմէ` կազմակերպութեամբ, մանկավարժական մեթոտով:

«Ա.».- Հակասութիւն չէ՞ք տեսներ երկուքին միջեւ…

Յ. Ք.- Բնականութեան եւ կազմակերպումի՞ն միջեւ` ըսել կ՛ուզէք…: Անշո՛ւշտ որ` ո՛չ: Եթէ մեթոտը հիմնուած է մանուկ-պատանիի հոգեբանութեան ճանաչումին վրայ, իրմէ միայն բնականութեան ու կենդանութեան մթնոլորտ կրնայ ծնիլ…

Փոխանակ «հայերէն սորվելու», աշակերտը պիտի սորվի «կեանքը հայերէնով ըսել ու ապրիլ»… Ասիկա կ՛իրագործուի միայն կեանքի մէջ թաթախումով, մանկավարժօրէն ղեկավարուած, փորձուած մեթոտի կիրարկումով: Եւ ո՛չ` քերականական կամ հանրագիտարանային մանրուք կուտակելով մտքերուն մէջ, կամ ջանալով գոց ընել տալ «գրականագիտական» գիտելիք` հեղինակի «կեանքը-գործը-արուեստը»…:

Ամփոփուելու համար` աւելցնեմ միայն, որ սերտօրէն լրացուցիչ այս երկու հիմունքները` ոգի եւ մեթոտ, իրենց կարգին, ուսուցիչին մէջ ենթահող պիտի ունենան կոչումը: Այս բառը կրնայ չարչարուած ըլլալ, հինցած հնչել, բայց կը համապատասխանէ` ամէն վիպականութենէ հեռու` շատ առարկայական, իրակա՛ն պահանջի մը, պայմանի մը: Չըսենք կոչում, ըսե՛նք` նկարագրային հակում ու ճաշակ հաղորդակցութեան, ըսե՛նք բազմակի յարգանք` մարդկայինի հանդէպ: Որ կը ներառէ մանաւանդ յարգանքը` հանդէպ սեփական ասպարէզին ու սեփական անձին, եւ յարգանքը` հանդէպ կեանքին նոր բացուող սերունդի մը: Այսինքն կարեւորագոյնը` հանդէպ մեր Ապագային:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+