Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հայ ժողովուրդին։ - Հայերէն
10 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Մուրց / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

12 Nisan 2015  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հայ ժողովուրդին։ -

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հայ ժողովուրդին։ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հայ ժողովուրդին։

Սիրելի Հայ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Մէկ դար անցած է այն սահմռկեցուցիչ ջարդէն՝ որ ձեր ժողովուրդին համար եղաւ իսկական մարտիրոսութիւն մը, որուն ընթացքին շատ անմեղներ մեռան որպէս Քրիստոսի անուան խոստովանողներ ու մարտիրոսներ (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): Այսօր չկայ հայ ընտանիք մը, որ այդ դէպքերու ընթացքին կորսնցուցած չըլլայ իր սիրելիներէն մէկը. այդ իսկապէս եղաւ «Մեծ Եղեռն»ը, ինչպէս դուք կոչած էք այդ ողբերգութիւնը: Այս առթիւ ուժեղ մերձաւորութեան զգացում մը կ՛ապրիմ ձեր ժողովուրդին նկատմամբ ու կը փափաքիմ հոգեպէս միանալ ձեր սրտերէն, ձեր ընտանիքներէն եւ ձեր հասարակութիւններէն բարձրացող աղօթքներուն։
Միասնաբար աղօթելու բարեպատեհ առիթ մը ընծայուեցաւ մեզի այսօրուան արարողութեամբ, որուն ընթացքին Եկեղեցւոյ Վարդապետ կը հռչակենք սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Ջերմ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ իրենց ներկայութեան համար՝ Ն.Ս.Օ Գարեգին Բ.ին, Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Ն.Ս.Օ. Արամ Ա.ին, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Ժ. դարու վանական, առաւել քան ուրիշներ, գիտցաւ արտայայտել ձեր ժողովուրդին զգայնութիւնը, ձայն տալով այն աղաղակին՝ որ կը դառնայ աղօթք, մեղապարտ եւ տառապակոծ մարդկութեան մը, որ թէպէտեւ ընկճուած է իր անկարողութեան տագնապէն, սակայն լուսաւորուած Աստուծոյ սիրոյն պայծառութենէն եւ բաց յոյսին՝ Անոր փրկարար միջամտութեան, որ կարող է ամէն ինչ փոխակերպել:
«Ի ձեռն որոյ զօրութեան վստահապէս ակնկալութեամբ վերագրեցեալդ յանցանօք բեռանց՝ աներկմիտ յուսով հաւատամ ի կարողին ձեռն ապաստանեալ ... զնոյն ինքն տեսանել՝ յողորմութիւն եւ ի գթութիւն եւ յերկնիցն ժառանգութիւն» (Նարեկ, ԺԲ.):

Ձեր քրիստոնէական կոչումը հինաւուրց է սկիզբ առած 301 թուականին, երբ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ դէպի դարձի ու մկրտութեան առաջնորդեց Հայաստան աշխարհը, որ դարերու ընթացքին հանդիսացաւ` Քրիստոսի Աւետարանին փարող ազգերուն միջեւ առաջինը: Այդ հոգեւոր իրադարձութիւնը իր անջնջելի օրէն դրոշմեց Հայ ժողովուրդը, անոր մշակոյթը եւ պատմութիւնը, ուր նահատակութիւնը ունի իր նախապատիւ տեղը, ինչպէս նշանակալից կերպով կը վկայէ Սուրբ Վարդանի ու անոր ընկերներուն զոհաբերական նահատակութիւնը Ե. դարուն:
Ձեր ժողովուրդը, լուսաւորուած Քրիստոսի լոյսով ու Անոր շնորհքով, շատ տառապանքներ ու փորձանքներ յաղթահարած է, ոգեւորուած Խաչէն բխած յոյսին (հմմտ. Հռոմ. Ը, 31-39): Ինչպէս ըսած է ձեզի սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ «Տառապանքով եւ մարտիրոսութեամբ թրծուած ձեր պատմութիւնը թանկագին գոհար մըն է, որով հպարտ է ընդհանրական Եկեղեցին: Մարդուս փրկիչ` Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը ճանապարհորդութեան ընթացքին ներշնչած է ձեզի հիանալի արիութիւն մը, յաճախ այնքան նման՝ նոյնինքն խաչի արիութեան, ուր վճռակամ օրէն քալեցիք, ժողովուրդի եւ հաւատացեալներու ձեր ինքնութիւնը պահպանելու աննկուն կամքով» (Ճառ, 21 Նոյեմբեր 1987):
Այս հաւատքը ընկերակցեցաւ ձեր ժողովուրդին եւ զօրավիգ եղաւ անոր՝ նաեւ հարիւր տարիներ առաջ տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութեան ընթացքին, որ «առ հասարակ կը սահմանուի որպէս Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): Պենեդիկտոս ԺԵ. Պապը, որ Առաջին Աշխարհամարտը դատապարտած է որպէս «անօգուտ սպանդ» (AAS, IX [1917], 429), ի սպառ ճիգ չի խնայեց, զայն կասեցնելու համար, վերարծարծելով՝ 1894-96 թուականներու «մահագուշակ դէպքեր»ուն ի տես Լեւոն ԺԳ. Պապին կողմէ արդէն կատարուած միջնորդութեան փորձերը: Այս առընչութեամբ ան Մեհմետ Ե. Սուլթանին՝ յղեց գրութիւն մը, աղերսելով որ խնայուէին անհամար անմեղները (հմմտ. Նամակ, 10 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր) եւ ինքն է որ, 6 Դեկտեմբեր 1915-ին, Կարդինալներու Դռնփակ Ժողովին, սարսռագին սոսկումով հաստատեց՝ «Հայոց թշուառագոյն ազգը դէպի բնաջնջում կ’առաջնորդուի» (AAS, VII [1915], 510):
Պատահածին՝ յիշատակը կատարել պարտականութիւն մըն է ո՛չ միայն Հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, այլ եւ համայն մարդկային ընտանիքին համար, որպէսզի այս ողբերգութենէն եկող ազդարարութիւնը մեզ ազատէ վերստին իյնալէ նման արհաւիրքներու մէջ, որոնք կ’անարգեն զԱստուած եւ մարդկային արժանապատուութիւնը: Յիրաւի, այսօր եւս, նման ընդհարումներ երբեմն կ’այլասերին դէպի անչքմեղելի բռնութիւններ, որոնք կը սնուցուին չարաշահելով ցեղային եւ կրօնական տարբերութիւնները: Բոլոր անոնք որոնք Ազգերու եւ միջազգային Կազմակերպութիւններու գլուխը կանգնած են՝ կոչուած են հաստատ պատասխանատուութեամբ ընդդիմանալու նման ոճիրներու, առանց երկդիմութիւններու եւ փոխզիջումներու:
Այս կսկծալի յիշատակումը թող բոլորին համար հանդիսանայ շարժառիթ՝ խոնարհ եւ անկեղծ խորհրդածութեան, եւ դէպի ներողութեան սրտի բացուածքի, որ աղբիւր է խաղաղութեան եւ վերանորոգ յոյսի: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, մարդկային հոգիին այդ արտակարգ մեկնաբանը, կարծես մարգարէական խօսքեր կ’արտաբերէ մեզի համար. «Քանզի եւ ես իսկ ... վկայեալ զանձնէ կամաւորական ստգտանք բիւր բամբասանաց անբժշկական մեղանաց, ի սկզբնահայրն սկսեալ մինչեւ ի կատարումն ծննդոց նորա, կամայականն յանձնառութեամբ հաստեցի եդի զիս ամենայնիդ պարտական չարեաց» (Նարեկ, ՀԲ.): Ո~րքան կ’ազդէ մեր վրայ համընդհանրական զօրակցութեան իր այս զգացումը: Ո~րքան փոքր կը զգանք մենք մեզ՝ անոր բացագանչութիւններուն վեհանձնութեան դիմաց. «Յիշեա՛ զքո մեծութիւնդ, Տէր ... ընդ խնդրելս իմ ի քէն բարի իմոցն ատելեաց, եւ Դու առ քոյս ըստ քում մեծութեանդ անճառելիս հրաշագործեսցես: Մի՛ սատակեսցես զիմսն խածանողսն, այլ փոփոխեսցես. խլեալ զխոտանս բարս երկրաւորս, զբարիսն արմատացուսցես եւ յիս եւ ի նոսին» (անդ, ՁԳ.):
Աստուած շնորհէ, որ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներուն միջեւ վերսկսի հաշտութեան ճանապարհը եւ խաղաղութիւնը վերածնի նաեւ Ղարաբաղի մէջ: Այս ժողովուրդները, անցեալին, ի հեճուկս հակառակութիւններուն եւ լարուածութիւններուն, ապրած են խաղաղ համակեցութեան երկար շրջաններ եւ՝ նոյնիսկ բռնութիւններու թոհուբոհին մէջ՝ ակնատէս եղան զօրակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պարագաներու: Միայն այս հոգիով է որ նոր սերունդները կրնան բացուիլ աւելի լաւ ապագայի մը եւ շատերու զոհաբերումը կրնայ սերմը դառնալ արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Մեզի քրիստոնեաներուս համար, այս պահը թող ըլլայ յատկապէս աղօթքի զօրաւոր պահ մը, որպէսզի թափուած արիւնը, Քրիստոսի զոհաբերումին փրկարար զօրութեամբ՝ ներգործէ լրիւ միութեան հրաշքը անոր աշակերտներուն միջեւ: Յատկապէս, վերամրացնէ եղբայրական բարեկամութեան կապերը, որ արդէն իսկ կը զօդեն Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին: Բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու վկայութիւնը, որոնք՝ անզէն՝ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց հաւատքին համար, իրարու հաղորդակից կը դարձնէ տարբեր յարանուանութիւնները. արեան համամիութիւնն է այս, որ մղեց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, 2000 թուականի Յոբելեանին առթիւ, միասնաբար տօնելու Ի. դարու բոլոր նահատակները: Այսօրուան արարողութիւնը եւս կը զետեղուի հոգեւոր եւ եկեղեցական այս համագրին մէջ: Այս արարողութեան կը մասնակցին մեր երկու Եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները, ու ասոր` հոգեւին կը միանան աշխարհի վրայ սփռուած բազում հաւատացեալները, երկրի վրայ հայելացնելով այն կատարեալ հաղորդութիւնը, որ կը տիրէ երկնքի երանեալ հոգիներուն միջեւ: Եղբայրական ոգիով կը վստահեցնեմ իմ մօտիկութիւնս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նահատակներու սրբադասման արարողութեան առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլի 23-ին Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, եւ ոգեկոչման արարողութիւններուն, որ պիտի կատարուին Յուլիսին, Անթիլիասի մէջ:
Աստուածամօր կը յանձնեմ այս դիտաւորութիւնները սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքերով.
«Մաքրութիւն կուսից եւ սկզբնաշաւիղ դասուց երջանկաց,
մայր հիմնադրութեան հաստատութեան Եկեղեցւոյ,
եւ ծնող անարատ Բանին Աստուծոյ:
...
եւ ի թեւս պահպանութեան լայնատարած քումդ մաղթանաց ապաւինելով,
զձեռս մեր ի սմա տարածեմք,
եւ աներկբայ յուսով հաւատամք ապրիլ»:

(Ներբող Սրբոյ Աստուածածնին՝ «Գումարք խմբից»)

Վատիկանէն, 12 Ապրիլ 2015

FRANCISCUS





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+