​Մխիթարեան Միաբանութեան 325ամեակը սկիզբ կու տայ մէկամսեայ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու - Հայերէն
19 Ekim 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Սահմի / Օր : Անահիտ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

19 Ekim 2025  

​Մխիթարեան Միաբանութեան 325ամեակը սկիզբ կու տայ մէկամսեայ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու -

​Մխիթարեան Միաբանութեան 325ամեակը սկիզբ կու տայ մէկամսեայ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու ​Մխիթարեան Միաբանութեան 325ամեակը սկիզբ կու տայ մէկամսեայ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու

Միաբանութեան գործունէութիւնը նաեւ ծաւալեցաւ Վենետ նահանգի սահմաններէն դուրս, 4 Հոկտեմբերին Թրիեսթի Ս. Անտոն Տաումատուրկօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ հայկական աւանդական արարողակարգով՝ L՛antico rito armeno ritorna a Trieste խորագիրով, որուն միջոցով կը վերականգնէր հին աւանդութիւն մը քաղաքի մը մէջ, ուր միաբանութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յայտնի ներկայութիւն եղած են։ Պատարագը մատուցեցին Ս. Ղազարի մխիթարեան հայրերը, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին հայրերը եւ սոփրանօ Թամարա Միրզոյեան։

Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան 325ամեակը սկիզբ տուաւ զանազան կրօնական տօնակատարութիւններու եւ մշակութային նախաձեռնութիւններու, մէկ ամսուան տեւողութեան ճոխ շարքի մը` Վենետիկէն մինչեւ Փատովա, Ազոլօ եւ Թրիեսթ, որոնք միաժամանակ արտացոլք էին իր դարաւոր առաքելութեան՝ միացնել հոգեւոր եւ մշակութային աշխարհները։

Նախագահութեամբ Լեւոն արք. Զէքիեանի՝ 7 Սեպտեմբերին, Ս. Ղազարի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. եւ անմահ պատարագ։ Պատարագին երգեցողութիւնը առաջնորդեց Զոյա Թուխմանովա, իսկ կէսօրէն ետք հնչեց հայկական հոգեւոր երաժշտութեան համերգ մը՝ ներկայացնելով դուդուկահար Գագիկ Գասպարեանի, երգեհոնահար Զոյա Թուխմանովայի ընկերակցութեամբ։ Համերգը նուիրուած էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 156ամեակին։

Սրբուհի Կուսին Մարիամու Ծննդեան տօնին 8 Սեպտեմբերին նշուեցաւ նաեւ եղբայր Ղեւոնդ Դանիէլեանի ուխտադրութիւնը։ Նոյն օրը, Փատովայի Ս. Փրանկիսկոսի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ «Հայկական երաժշտութեան» համերգ մը, ուր հնչեցին Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Փահլաւունիի եւ Կոմիտասի գործերէն։ Համերգին առաքելութիւնը, ինչպէս նշուած էր ծանուցագիրին մէջ, «կառուցել կամուրջներ ժողովուրդներու միջեւ՝ խաղաղութեան ի նպաստ երաժշտութեան լեզուով»։

Ապա, Ազոլոյի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տօնի նաւակատիքը 13 Սեպտեմբերին՝ վերակենդանացնելով այն աւանդական ուխտը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն Մխիթարեան հայրերը եւ միաբանութեան սաները, այլ նաեւ տեղացի իտալացի բարեկամներ։

Ամսուան վերջաւորութեան՝ 27 Սեպտեմբերին, Վենետիկի Լիտօ կղզիին վրայ՝ Սուրբ Նիկողայոս Սքանչելագործի անունով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ մը՝ նուիրուած Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700ամեակին եւ ի յիշատակ Ս. Նիկողայոս Միւռացի եւ Ս. Արիստակէս Հայոց հայրապետի հանդիպման։ Այս խորհրդանշական արարողութեամբ կը միախառնուէին Վենետիկի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական շերտերը՝ ընդգծելով հայ հոգեւոր ներկայութեան շարունակականութիւնը իտալական հողին վրայ։


Միաբանութեան գործունէութիւնը նաեւ ծաւալեցաւ Վենետ նահանգի սահմաններէն դուրս, 4 Հոկտեմբերին Թրիեսթի Ս. Անտոն Տաումատուրկօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ հայկական աւանդական արարողակարգով՝ L՛antico rito armeno ritorna a Trieste խորագիրով, որուն միջոցով կը վերականգնէր հին աւանդութիւն մը քաղաքի մը մէջ, ուր միաբանութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յայտնի ներկայութիւն եղած են։ Պատարագը մատուցեցին Ս. Ղազարի մխիթարեան հայրերը, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին հայրերը եւ սոփրանօ Թամարա Միրզոյեան։

Ամսուան տեւողութեամբ կրօնական առաքելութեան եւ մշակութային ձեռնարկներու հարուստ այս շարքը իր աւարտին հասաւ Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին, Սուրբ Ղազարի կղզիին վրայ տեղի ունեցած փրոֆ. Պրունօ Պարպերիսի դասախօսութեամբ՝ նուիրուած Թուրինի Սուրբ Վարշամակը, խորագրուած «La Sindone: Specchio del Vangelo e provocazione all’intelligenza» («Սուրբ Վարշամակ՝ Աւետարանի հայելի եւ միտքի խթան»)։ Հանդիպումը՝ յաւարտ սուրբ պատարագին, կազմակերպուած էր միաբանութեան կողմէ «Թուրինի Արեւելեան եկեղեցիներու բարեկամներ» ընկերակցութեան համագործակցութեամբ, եւ անոր ընթացքին դասախօսը մասնագիտական բացատրութիւններով Սուրբ Վարշամակին շուրջ եղած աստուածաբանական, հնագիտական եւ գիտական հարցերը, որ մեծ մասամբ տակաւին կը մնան խորհրդաւոր, առանց որ գիտնականները կարենան վերջնական հաստատումներ կատարել անոր յստակ ծագումին ու հնութեան մասին։

Ձեռնարկը պատշաճ խորհրդանիշ էր փակելու համար մխիթարեաններուն բեղուն գործունէութեան շաբաթները, իր մէջ ամփոփելով միաբանութեան հաւատքի եւ գիտութեան զուգահեռ զարգացման եւ Արեւելք ու Արեւմուտք կամրջելու, ինչպէս նաեւ՝ անցեալը եւ ներկան։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+