Սան Մարինոյի Մէջ Կը Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը - Հայերէն
11 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

26 Ağustos 2015  

Սան Մարինոյի Մէջ Կը Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը -

Սան Մարինոյի Մէջ Կը Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը Սան Մարինոյի Մէջ Կը Կայանայ Վեռնոյի «Մայրիկ» Վէպի Իտալերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը

Սան Մարինոյի մէջ (հանրապետութիւն՝ Իտալիոյ հողերով շրջապատուած միջերկիր) պիտի կայանայ վախճանեալ ֆրանսահայ բեմադրիչ Հանրի Վեռնոյի «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

Գիրքի հիման վրայ նկարահանուած է նաեւ համանուն շարժապատկեր: Սան Մարինոյի ռատիօ-հեռատեսիլի փոխանցումով՝ շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 30ին, մշակոյթի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ: Գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը 2015 թուականին ներկայացուած է նաեւ Թուրինի մէջ իրականացած Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկի մասին հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
«1915 թուականին Առաջին Աշխարհամարտէն սասանուած աշխարհը ցնցուեցաւ մէկ այլ սարսափելի ողբերգութեամբ, որ շուրջ 2 միլիոն հայու կեանք խլեց: Ողբերգութիւնը քանի մը տարի տեւեց, եւ անոր ծաւալները, ի վերջոյ, ահասարսուռ չափերու հասան: Այդ իրադարձութիւններուն շուրջ դեռ վիճաբանութիւններ կ՛ընթանան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին՝ Հռոմի պապի խօսքերը միջազգային ուշադրութիւնը կրկին կեդրոնացուցին Հայկական Հարցին վրայ: Ի հարկէ, չէ՞ որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, ամբողջական գիւղեր ջնջուեցան երկրի երեսէն, իսկ հրաշքով փրկուած հազարաւոր մարդիկ սկսան ապաստան փնտռելու ամբողջ աշխարհի մէջ:


Մշակոյթի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ մեծ ջանքեր գործադրել՝ պատմական փաստեր տարածելով Սան Մարինոյի՝ իբրեւ հիւրընկալութեան եւ ազատութեան հողի մասին: Անիկա ընդունած է Հռոմէն փախած Կարիպալտիին, իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն՝ փախստականներու, զորս «Հարիւր հազար եղբայրներ» կը կոչէին: Նոյն ուժով հարկաւոր է աշխատիլ՝ երիտասարդներու մօտ պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշատակելու ձգտում յառաջացնելով:

«Մայրիկ» շարժապատկերի բեմագրութիւնը, զոր գրած է բեմադրիչ Հանրի Վեռնէոյ, նուրբ բանաստեղծութիւն է: Մարդոց կեանքին մէջ վեր կը յառնին ժողովուրդի ողբերգութեան պատմութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը աւանդոյթները ոչնչացնելու մասին յիշողութիւնները»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+