24 Eylül 2015
Թրքական «Cumhuriyet» թերթի յօդուածագիր Ումուր Ետիքարտէշը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններու խնդիրներուն, կը գրէ ermenihaber.am-ը: Յօդուածին մէջ առանձին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայկական դպրոցներուն, որոնք 16-ն են փոքրամասնութիւններուն պատկանող 24 դպրոցներու շարքին:
Հեղինակը կը նշէ, որ այս տարուընէ սկսած ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ «ազգային քոտի» վերացումն ու դպրոցներու տնօրէններուն աշակերտներու ընդունելութիւնը ինքնուրոյն կատարելու իրաւունքի վերապահումը կարեւոր զարգացում է հայկական դպրոցներուն համար:
Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու այլ խնդիրներու շուրջ հեղինակը զրուցած է Հիմնադրամներու համերաշխութեան եւ հաղորդակցութեան հարթակի կրթական յանձնաժողովի համակարգող Նուրհան Փալաքօղլուի հետ: Վերջինս նշած է, որ հայկական դպրոցներու ամենահրատապ խնդիրը այս պահուն հիւր աշակերտներու (Թուրքիոյ մէջ բնակող, սակայն դեռեւս քաղաքացիութիւն չունեցող-EH) հարցի լուծումն է: Լուրջ խնդիր է նաեւ դասագիրքերու պակասը: Փալաքօղլուն նշած է, որ Հայաստանէն ատոնց բերելը նոյնպէս նպատակայարմար չէ, քանի որ այնտեղի գիրքերը արեւելահայերէնով են, իսկ իրենց հարկաւոր են արեւմտահայերէն դասագիրքեր:
Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին տիրող անկայուն տնտեսական վիճակը իր ազդեցութիւնը ունեցած է դպրոցներուն հանգանակութիւններ կատարող որոշ հայ ընտանիքներու վրայ, որուն հետեւանքով դպրոցները ֆինանսական դժուարութիւններ կը կրեն: