Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

23 Ocak 2016  

Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս -

Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս Տօներ Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս

Ս. Սարգիսը թէ՛ պատմական անձնաւորութիւն է, եւ թէ՛ սրբազան առասպելական կերպար` օժտուած տարբեր հմայական յատկանիշներով եւ գործառոյթներով: Ան զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է:

Ս. Սարգիս պատմական անձը ապրած է 4-րդ դարուն, ան Կեսարիոյ հռոմէացի զօրավար էր, որ խուսափելով Յուլիանոս Ուրացող կայսեր հալածանքներէն` իր տղուն` Մարտիրոսին հետ ապաստանած է Հայաստան, ապա անցնելով Պարսկաստան` զինուորական ծառայութիւն կը կատարէ Շապուհ թագաւորին մօտ: Իմանալով, որ Սարգիսը քրիստոնեայ է, Շապուհը կը պահանջէ, որ ան երկրպագէ կրակին, սակայն Սարգիս կը մերժէ եւ կը կործանէ բագինը: Զայրացած ամբոխը կը յարձակի եւ կը սպաննէ անոր որդին, իսկ Սարգիսը կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի: Կը սպաննուին նաեւ անոր հաւատարիմ 14 զինուորները:

Նահատակուելէն ետք Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Մ. Մաշտոց անոր մասունքները Հայաստան բերել կու տայ: Մասունքները կ՛ամփոփուին Կարբի աւանին մէջ, իսկ Ուշիի մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ կը կառուցուին անոր անունը կրող առաջին եկեղեցիները. այսպէս, Սարգիս Զօրավարը կը սրբացուի հայոց եկեղեցւոյ կողմէ` իբրեւ քրիստոնէութեան համար մարտնչող նահատակ:

Ս. Սարգիս,
Որպէս Սիրահարներու Տօն
imagesԺողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Սարգիսը կը սիրահարուի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն: Հետապնդողներէն ազատելու համար ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ եւ շատեր խեղդամահ կ՛ըլլան: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տարի տօնի օրերուն բուք կը բարձրանայ: Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարածները Ս. Սարգիսը ընտրած են որպէս իրենց բարեխօսը: Ան միշտ կ՛օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ: Բայց մինչ այդ անոնք պէտք է հետեւին Գրիգոր Լուսաւորիչի սահմանած առաջաւորաց պահին:

Ժամանակի ընթացքին Ս. Սարգիսի տօնը անփոփոխ մնացած է, սակայն վերջին տարիներուն, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Ս. Սարգիս զօրավարին տօնը հռչակուած է որպէս երիտասարդներու օրհնութեան օր, եւ Ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:

Ժողովրդական Աւանդութիւններ
Եկեղեցականի զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ: Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…

Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:

Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տայ: Այդ գիշեր տանտիկինները սկուտեղի մը վրայ փոխինդ կը լեցնէին եւ կը սպասէին, որ գիշերը Ս. Սարգիսը այցելէ իրենց եւ իր ձիուն պայտին հետքը կը ձգէ փոխինդին վրայ: Շաբաթ առաւօտեան այդ փոխինդէն խաշիլ կը պատրաստէին եւ պասը կը բանային: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՞վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…

Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:

Նշենք, որ Ս. Սարգիսը շարժական տօն է, այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն կը յաջորդէ Մեծ պահքը, այնուհետեւ` Զատիկը:

Հայաստանի մէջ Ս. Սարգիսի տօնին օրը Ս. պատարագ կը մատուցուի սուրբին անունը կրող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, Մայր աթոռ Ս. էջմիածինէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Ս. Սարգիս Զօրավարին մասունքները: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ՛ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը:

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով` Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանէն առաջնորդանիստ եկեղեցի պիտի բերուի նաեւ 17-րդ դարու ձեռագիր աւետարանը, որ գրուած ու պահուած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 2-րդ դարու սկիզբը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+