Պոլսոյ Նարեկեան Սրահին Մէջ Նշուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի Ծննդեան 90-ամեակը - Հայերէն
14 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

30 Ocak 2016  

Պոլսոյ Նարեկեան Սրահին Մէջ Նշուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի Ծննդեան 90-ամեակը -

Պոլսոյ Նարեկեան Սրահին Մէջ Նշուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի Ծննդեան 90-ամեակը Պոլսոյ Նարեկեան Սրահին Մէջ Նշուեցաւ Ռ. Հատտէճեանի Ծննդեան 90-ամեակը

26 Յունուար 2016, կէսօրէ ետք, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ մեծահանդէս հաւաքոյթով, բայց մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Մարմարա Օրաթերթի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան 90-ամեակը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր թերթիս փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ, Մարմարա Օրաթերթի հիմնարկութեան 75ամեակի, Ռ. Հատտէճեանի կողմէ թերթի խմբագրապետի պաշտօնը ստանձնելու յիսնամեակի եւ կարեւորագոյնը մեր խմբագրապետի ծննդեան 90ամեակին առիթով։ Հովանաւորն էր Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդը, ատենապետութեամբ Աբիկ Հայրապետեանի, որ սիրով ստանձնած էր նմանօրինակ ընդունելութիւն մը կազմակերպելու ու մեր Խմբագրապետը մեծարելու գաղափարը։ Ձեռնարկին աջակցութիւն բերած էին Պէյօղլուի Դիւանապետ՝ Վաղարշակ Չիլճեան, Ժագլին Էրմէն, Մարիամ Տրամէրեան եւ Նայիրա Սիւզմէ։

Մեր Խմբագրապետը՝ Ռ. Հատտէճեան բոլորովին անտեղեակ էր այսպիսի հաւաքոյթէ մը, քանի որ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ծածուկ կերպով, որպէսզի անակնկալ մը ըլլար իրեն։ Ան մեծ զարմանքով ու յուզումով մուտք գործեց սրահէն ներս երբ անակնկալօրէն հրաւիրուած էր Նարեկեան սրահ։ Բոլոր ներկաները անվերջանալի ծափահարութիւններով ողջունեցին օրուան մեծարեալ մեր խմբագրապետը։

Նարեկեան սրահը զարդարուած էր գեղեցկօրէն, տօնական օրերու պատշաճութեամբ։ Գրական եւ մշակութային շրջանակներէ, նաեւ Մարմարայի անմիջական համակիրներէ հրաւիրուած էին մօտաւորապէս 80 ազգայիններ, որոնք եկած էին սիրով եւ համակրանքով շրջապատելու մեր խմբագրապետը։ Շատ գեղեցիկ ծաղկեկողովներ ղրկած էին Ս. Յակոբ Հիւանդանոցը, Ազգային Հիւանդանոցի Ատենապետ Պետրոս եւ Լետա Շիրինօղլուն, Տէր եւ Տիկին Արէտ-Մօնիք Երկանեանը, Հիւանդանոցի Ընդհ. Քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքան, Գարակէօզեանի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Շիշլիի Փոխ Քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Համայնքային ժրաջան գործիչ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։ Հրաւէրին ընդառաջելով իրենց թանկագին մասնակցութիւնը բերած էին Գերշն. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Միւռոն Քհնյ. Այվազեան, Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Սարգիս Քհնյ. Գույումճեան, Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Ներկայ էին տակաւին Պէյօղլուի Թաղ. Խորհուրդի Ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ միւս թաղականները, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Ռ. Հատտէճեանի գրչեղբայրներ՝ Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան, Կարպիս Ե. Մուրատեան, Փասքալ Թէօրէնլի, Գալֆաեանի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիանա Գամբարոսեան, վարժարաններու տնօրէններ Սիլվա Մարկոսեան, Արփի Մանուկեան, Առլին Եշիլթէփէ, Ալիս Պայրամ, նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու, Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ, ուսուցչուհի Արուսեակ Մկրտիչեան, Թալին Չորթան, Վիլմա Գունուզեան, արուեստագէտներ եւ ընտանեկան մերձաւորներ։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Քաղաքապետութեան Խորհրդական Նատիա Թաշէլ, »Փարոս«ի խմբագիր Մայտա Սարիս, լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան, »Լոյս«ի խմբագիր Արամ Գուրան, համայնքային գործիչ՝ Սօնա Մէնթէշէ, բեմադրիչ Արամ Կոստանեան, Սիլվա Կոմիկեան եւյլն.

Հանդիսավարն էր Մարիամ Տրամէրեան որ այս մտերմիկ հաւաքոյթը բացաւ տաքուկ արտայայտութիւններով ու ողջունեց մեր Խմբագրապետին այս պանծալի հանգրուանը, խօսք տուաւ զանազաններու, որոնք սրտի կարճ խօսքերով յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնն ու շնորհաւորական արտայայտութիւնները հանդէպ մէկու մը, որուն գործակիցը, կամ բարեկամը, կամ ընթերցողը եղած էին։ Ան ըսաւ որ Ռ. Հատտէճեան ունի խիզախ գրիչ մը, բայց խաղաղասէր է եւ երբեք չէ եղած անջատող, իր տեսակէտները պարզած է առանց յարձակում գործելու դիմացինին վրայ։

Կարգաւ խօսեցան Վաղարշակ Չիլճեան, որ ըսաւ որ Հատտէճեան տուած է առանց սակարկելու, յիշեց որ երանելի է տալը քան առնելը՝ Աւետարանի ասութեամբ։

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան ըսաւ որ Ռ. Հատտէճեան սորվեցուցած է մեր բոլորին թէ որքա՜ն հրապուրիչ է յամառ աշխատասիրութիւնը, անմեղունակ բարութիւնը, անսեթեւեթ համեստութիւնը, պարկեշտութիւնը, համբերատարութիւնը, ճշմարիտ ազգասիրութիւնը, անդաւաճան եղբայրասիրութիւնը եւ իրաւ հայրենասիրութիւնը, որոնք իր կեանքի անխախտելի նշանաբանը դարձուցած է։

Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդէն Ժագլին Էրմէն ըսաւ որ Ռ. Հատտէճեան իր մեղրածոր գրիչով մեզի սիրցուց հայ գիրն ու գրականութիւնը, մեր հոգիներուն մէջ ներմուծեց անմահական հայոց լեզուն։

Դարձեալ Ֆէրիգիւղէն Գարէն Թէրզեան, որ միջոց մը մաս կազմած է մեր թերթի ընտանիքին, ըսաւ որ Մարմարա իրեն համար եղաւ դպրոց մը, իսկ Պրն. Ռոպէրը բառին իսկական առումով ուսուցիչ մը, որմէ շատ բան սորված է։

Ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ դիտել տուաւ որ Հատտէճեան 1926ին ծնած էր դա՛րձեալ Երեքշաբթի օրով։ Ան ըսաւ որ Հատտէճեան բառերով ու տառերով զարդարուած ճաշասեղաններ կը հրամցնէ, շքեղանշաններ կը հրամցնէ ո՛չ միայն մեզի, այլ նաեւ վաղուան սերունդներուն։

Մարմարա-ի անձնակազմէն Նաիրա Սիւզմէ եւ Հիլտա Գարափէքմէզ եւս իրենց սրտի խօսքերը ըրին։ Նաիրան ըսաւ որ քսան տարիէ ի վեր երջանկօրէն կը բաժնէ Պր. Ռոպէրին հետ Մարմարա-ի յարկը որ լուսատու փարոս մը եղաւ լրագրական եւ խմբագրական իր փորձառութիւններու ճամբուն վրայ։ Աւելցուց որ մեծապէս շնորհակալ է իր ճակատագրին որ դէպի Մարմարա ուղղեց իր քայլերը։

Իսկ Հիլտան ըսաւ որ ինք Պր. Ռոպէրը կը նմանցնէ լամբարի մը, որ լոյս կը սփռէ ո՛չ միայն շուրջիններուն, այլ ընդհանրապէս գրականութեան ամբողջ անդաստանին։

Բեմադրիչ Արամ Կոստանեան իր կարգին ըսաւ որ Ռ. Հատտէճեանի գրական բոլոր արտադրութիւնները իսկապէս դասագիրքի համարժէք են, իսկ իր կեանքին մէջ Հատտէճեանի տեղը շատ տարբեր է։

Երգչուհի Սիպիլ յիշեց որ առաջին անգամ 1997-ին էր որ Հատտէճեան թերթի միջոցաւ արտայայտուած էր իր մասին։ Ինք այդ գրութիւնը կտրեց թերթէն եւ միշտ մասունքի մը նման պահեց իր դրամապանակին մէջ։ Սիպիլ իր տաքուկ խօսքերէն վերջ երգեց Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ գրուած բառերուն վրայ՝ »Կեանքի մը համար« երգը, որ անոր ամէնէն սիրուած երգերէն մէկն է։

Հրաշալի ելոյթ ունեցաւ մեր բեմերու անզուգական ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան, որ մեկնաբանեց Հատտէճեանէ երկու գործեր. մէկը »Մեսրոպ Մաշտոց«, միւսը՝ Յակոբ Պարոնեանի մասին գրուած երգիծական էջ մը։

Խօսեցաւ նաեւ Ռ. Հատտէճեանի տարեկից գրչեղբայր Վարդ Շիկահերը որ փայլուն նախադասութիւններով պանծացուց մեր Խմբագրապետը ու ըսաւ որ ան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երեք խորաններուն քով չորրորդ խորան մըն է մշակոյթի ու գրականութեան ուղիով։

Վերջապէս իր սրտի իմաստալից խօսքը ըրաւ նաեւ Սահակ Եպսկ. Մաշալեան որ օրուան մեծարեալին մասին գովասանքի արտայայտութիւններ շռայլելով հանդերձ ունեցաւ ուշագրաւ դիտարկումներ Ռ. Հատտէճեանի սերունդի մտաւորականութեան մասին։ »Այս սերունդի մարդիկը քաղաքականութիւնը լաւ գիտէին, բայց հեռատես մերձեցումով մեր հարցերը կը ջանային լուծել մեր կաթսային մէջ«, ըսաւ Սահակ Սրբազան։

Ամէնէն վերջ իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ ինքը, օրուան մեծարեալը, Ռ. Հատտէճեան, որ սիրով ողջունեց իրեն համար այս այնքան անակնկալ հաւաքոյթի մասնակից սիրելի դէմքերը։ Իր զարմանքը յայտնեց այս անակնկալ հաւաքոյթին համար։ Ըսաւ որ երանի թէ հո՛ս ըլլային Մաշտոցն ու Պարոնեանը, որպէսզի տեսնէին որ հայ գիրը կը շարունակուի ու մարդիկ հոս են ո՛չ թէ ուտել-խմելու համար, այլ՝ մեծարելու համար։ Արձագանգելով Իգնա Սարըասլանի, ըսաւ որ ինք բախտաւոր եղած է եւ չէ վախցած խոստովանելէ ատիկա։ Իրեն շնորհուած բարիքներէն մէկը եղած է գեղեցկութիւնները ճանչնալ ու չնախանձիլ ուրիշներու ստեղծած գեղեցկութենէն ու զայն բաժնել բոլորին հետ։ Ի մէջ այլոց, մեր Խմբագրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Աբիկ Հայրապետեանին, նշեց որ Պէյօղլուն անցեալի մէջ ապրած է նեղ օրեր, ու Հայրապետեանի շրջանի՛ն է որ այս թաղը հասաւ նախանձելի դիրքի։ »Ես երջանիկ եմ որ Մարմարայի խմբագրատունը կը գտնուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շուքին մէջ« ըսաւ մեր խմբագրապետը։

Այս կերպով վերջաւորութեան հասաւ խօսակցութիւններու շարքը։

Այնուհետեւ, ծափահարութիւններու տարափին տակ մէջտեղ բերուեցաւ օրուան տարեդարձի հսկայ կարկանդակը, որուն վրայ կար մեծարեալին պատկերը։ Մեր Խմբագրապետը եւ իր կողակիցը միասնաբար կտրեցին կարկանդակը։ Ապա մեր Խմբագրապետը սրահէն ներս մօտեցաւ բոլոր ներկաներուն ու մի առ մի սեղմեց անոնց ձեռքը։

Իսկապէս շատ տպաւորիչ ու ներշնչող մթնոլորտ մըն էր որ ստեղծուած էր: Բոլոր ներկաներուն աչքերուն մէջ զգալի էր այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուած ըլլալու ու Ռ. Հատտէճեանի մտերմութիւնը շնչած ըլլալու գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+