Չեխիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Կազմակերպուած է - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

10 Şubat 2016  

Չեխիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Կազմակերպուած է -

Չեխիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Կազմակերպուած է Չեխիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Կազմակերպուած է

Փրակի մէջ ՀՀ դեսպանատունը Փետրուար 6-­ին կազմակերպած էր «Մեծ Եղեռնին զոհ գացած հայ գրողները» խորագիրով գրական երեկոյ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է դեսպանատան ներկայացուցիչ Նունէ Զասդուխովան:

Ան մասնաւորապէս նշած է, որ գրեթէ մէկ տարուան ընթացքին Չեխիոյ մէջ 100-­ ամեայ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու շարքին հրամայական դարձած է առանձին ձեռնարկ կազմակերպել եղեռնազոհ հայ գրողներուն եւ մտաւորականներուն: Ընթերցելով 1915-­ին նահատակուած 34 գրական գործիչներուն անունները, ան ներկայացուցած է երեկոյի ծրագիրը:

Ձեռնարկիը բանախօսները եղած են «Առաւօտ» պարբերականի եւ «Գարուն» ամսագրի յատուկ թղթակից, լրագրող, հրապարակախօս Շուշան Ղազարեանը, Orer.eu կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանը, Փրակի հայ համայնքի շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Լարիսա Գրիգորեանը եւ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը: Անոնք ներկայացուցած են հայ նշանաւոր գրող Գրիգոր Զոհրապի, բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի եւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքը, ստեղծագործական ուղին եւ անոնց հոգեւոր ու գրական ժառանգութիւնը:

Կոմիտասի թեման ամբողջացուցած է Յակոբ Ասատրեանը, որ ներկաները ծանօթացուցած է եւ հետաքրքրական լուսանկարային շարքի միջոցով տեղափոխած է վերջերս Երեւանի մէջ բացուած Կոմիտասի անուան թանգարան­-ուսումնարան: «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը ծանօթացուցած է նաեւ 2015-ին Փրակի մէջ հրատարակուող «Պլաւ» գրական ամսագրի յատուկ թողարկման, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայ գրականութեան եւ գրական գործերու չեխերէն թարգմանութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+