​Երաժշտութեան Փրօֆէսէօրի Կոչում՝ Սեդա Քիւրքճիւօղլուին - Հայերէն
28 Aralık 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

16 Aralık 2025  

​Երաժշտութեան Փրօֆէսէօրի Կոչում՝ Սեդա Քիւրքճիւօղլուին -

​Երաժշտութեան Փրօֆէսէօրի Կոչում՝ Սեդա Քիւրքճիւօղլուին ​Երաժշտութեան Փրօֆէսէօրի Կոչում՝ Սեդա Քիւրքճիւօղլուին

Պատուաբեր յաջողութեան մը մասին է մեր այս լուրը։ Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ Իսթանպուլի Օքան համալսարանի երաժշտանոցի երաժշտութեան բաժնի արուեստագէտ-դասախօս Սեդա Քիւրքճիւօղլուին շնորհուած է երաժշտութեան փրօֆէսէօրի կոչում՝ որպէս յաջողութեան արգասիք իր երկարամեայ հետեւողական աշխատանքի, գիտական ու մանկավարժական նուիրումի ու մասնագիտական բարձր արժանիքներու։

Քիւրքճիւօղլու Օքան համալսարանի մէջ իր ակադեմական գործունէութեան սկսած է 2014ին, որպէս դասախօս։ Տարիներու ընթացքին ան ձեռքբերումներ ունեցած է ո՛չ միայն իր փորձառութեամբ, այլ նաեւ կրթական նուիրումով։ «Փրօֆէսէօր»ի կոչումը իր մասնագիտական ճամբու բնական ու արժանապատիւ շարունակութիւնն է։

Սեդա Քիւրքճիւօղլուի համար նշանակալից այս յաջողութիւնը կը զուգադիպի խորհրդանշական տարեթիւի մը հետ. ան 30 տարի առաջ ընդունուած էր Միմար Սինան համալսարանի պետական երաժշտանոցի օփերայի բաժին եւ հիմա ահաւասիկ կը ստանար «Փրօֆէսէօր»ի կոչումը։ Իսկ յաջողութեան ճամբան դիւրին չէ եղած։ Փրօֆէսէօր Քիւրքճիւօղլու կը նշէ որ անցած է մեծ աշխատանքի, համբերութեան ու զոհաբերութիւններու մէջէն, միշտ վայելելով ընտանիքի մեծ աջակցութիւնը։

Դասաւանդութեան առաջին իսկ տարիներէն, իր հիմնական սկզբունքը եղած է գիտելիքն ու փորձառութիւնը փոխանցել ուսանողներուն, նուիրումով կրթել ու ոգեշնչել երիտասարդ երաժիշտները, կարեւոր նկատելով ո՛չ միայն մասնագիտական հմտութիւնները, այլ նաեւ կարգապահութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու սէրը՝ արուեստի հանդէպ։

Խոստովանելով որ դժուար է բառերով արտայայտել իր զգացումները, Սեդա Քիւրքճիւօղլու շնորհակալ է բոլոր ուսուցիչներուն, գործընկերներուն եւ աջակիցներուն, ընդգծելով որ այս կոչումը նաեւ անոնց համատեղ վաստակի գրաւականն է։

Դիտել տանք որ Սեդա Քիւրքճիւօղլուին այս կոչումը շնորհելը ո՛չ միայն անհատական յաջողութիւն է, այլ նաեւ կարեւոր ներդրում՝ Օքան համալսարանի երաժշտանոցի ակադեմական հեղինակութիւնը ամրապնդելու եւ երաժշտական կրթութեան որակական զարգացումը ապահովելու տեսակէտէ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+