Լոնտոնի Պատժամիջոցներուն Տակ Յայտնուած Են Շարք Մը Կառոյցներ, Որոնք Հայաստանի Մէջ Ծրագրած Են Իշխանափոխութիւն - Հայերէն
14 Mayıs 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Մարերի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

12 Mayıs 2026  

Լոնտոնի Պատժամիջոցներուն Տակ Յայտնուած Են Շարք Մը Կառոյցներ, Որոնք Հայաստանի Մէջ Ծրագրած Են Իշխանափոխութիւն -

Լոնտոնի Պատժամիջոցներուն Տակ Յայտնուած Են Շարք Մը Կառոյցներ, Որոնք Հայաստանի Մէջ Ծրագրած Են Իշխանափոխութիւն Լոնտոնի Պատժամիջոցներուն Տակ Յայտնուած Են Շարք Մը Կառոյցներ, Որոնք Հայաստանի Մէջ Ծրագրած Են Իշխանափոխութիւն՝ Յօգուտ Ռուսամէտ Գործիչներու

Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը նախօրէին յայտարարած է ռուսաստանեան շարք մը կառոյցներու եւ մօտ հինգ տասնեակ ռուսաստանցիներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին։ Պաշտօնական Լոնտոնը զանոնք կը մեղադրէ «Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարութեան տկարացման, ինչպէս նաեւ հայաստանեան ընտրութիւններուն միջամտելու փորձերուն համար»։ Բրիտանական կառավարութեան պնդմամբ՝ պատժամիջոցներու թիրախին յայտնուած կառոյցներէն մէկը՝ Մոսկուայի մէջ գործող Ընկերային նախագծման գործակալութիւնը, «արշաւներ կը ծրագրէր, որոնց նպատակը Հայաստանի մէջ ռուսամէտ կազմակերպութիւններու ստեղծումն էր եւ իշխանափոխութիւնը՝ յօգուտ ռուսամէտ գործիչներու»։ Լոնտոնի պատժամիջոցներուն տակ յայտնուած եւս մէկ ռուսական կառոյց՝ АНО Диалог կազմակերպութիւնը, ըստ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան, «Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան միջամտելուն ուղղուած իր ծրագր կիերը համակարգէր Ռուսաստանի հետախուզութեան հետ»։ Լոնտոնի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանութիւնը արդէն իսկ արձագանգած է բրիտանական կառավարութեան յայտարարութեան՝ զայն «անհեթեթ» որակելով։ «Լոնտոնի նեոգաղութատիրական քաղաքականութիւնը, որ նախապէս արդէն իսկ յանգեցուցած է Քիեւի մէջ պետական յեղաշրջման, այժմ ալ թիրախաւորած է Հայաստանը։ Արեւմուտքը ինք պէտք է դադրի միջամտելէ ինքնիշխան պետութիւններու գործերուն, ինչպէս վերջերս եղաւ Մոլտովայի եւ Ռումանիոյ մէջ։ Գողը առաջինը կը գոռոայ՝ «բռնէ գողը»»,- յայտարարած է Մեծ Բրիտանիոյ մվջ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը։




Bu haber massispost kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (massispost) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(massispost). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+