Պէտք Է Այնպէս Ընենք, Որ Մեր Երկիրը Այլեւս Երբեք Յարձակման Համար Գայթակղիչ Չըլլայ․ Փաշինեան -
Պէտք Է Այնպէս Ընենք, Որ Մեր Երկիրը Այլեւս Երբեք Յարձակման Համար Գայթակղիչ Չըլլայ․ Փաշինեան
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախընտրական քարոզարշաւը շարունակած է Արագածոտնի մարզի Մաստարա բնակավայրին մէջ, ուր բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ վարչապետ, կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեան խօսած է կրթական ծրագրերու, բանակի բարեփոխումներուն եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին մասին։ Փաշինեան յայտնած է, որ աւարտին կը մօտենայ 300 դպրոց, 500 մանկապարտէզ ծրագիրը։ «Այս տարուայ վերջ մենք կ’աւարտենք 300 դպրոց, 500 մանկապարտէզ ծրագիրը, եւ միանգամից կը սկսուի յաջորդ 300 դպրոցի կառուցման ծրագիրը»,- նշած է ան։ Վարչապետին խօսքով՝ կառավարութիւնը կը նախատեսէ նաեւ լրացուցիչ 100 մանկապարտէզ կառուցել այն բնակավայրերուն մէջ, ուր անհրաժեշտութիւնը կայ։ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ ուսուցիչներու կամաւոր քննութան ծրագրին՝ նշելով, որ այն հնարաւորութիւն տուած է կրկնապատկել ուսուցիչներուն աշխատավարձերը։ Անոր խօսքով՝ ծրագրի յաջորդ փուլին արդէն քննութիւն յանձնած ուսուցիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան կրկին մասնակցելու քննութեան գործընթացին եւ բարձրացնել իրենց դրոյքաչափերը մինչեւ 300 հազար դրամ՝ յաւելավճարներու հետ միասին։ Վարչապետը խօսած է նաեւ Զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն մասին։ «Այսօր մեր երկրում 700 հազար դրամ վարձատրութիւն ստացող շարքային զինծառայող կայ»,- յայտնած է Փաշինեան։ Անոր խօսքով՝ «Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագրով հազարաւոր երիտասարդներ կը ծառայեն որպէս պայմանագրային զինուորներ եւ կը ստանան մինչեւ 600 հազար դրամ եկամուտ՝ շարունակելով ապրիլ իրենց ընտանիքներուն հետ։ Փաշինեանի խօսքով՝ այդ գործընթացով Հայաստանը մուտք գործած է արհեստավարժ բանակ ունենալու շատ յստակ ճանապարհ։ Ան քաղաքացիներուն կոչ ըրած է Մայիս 28-ին ներկայ գտնուիլ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նախատեսուած զօրահանդէսին՝ տեսնելու վերջին տարիներուն ձեռք բերուած սպառազինութիւնն ու բանակին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները։ Միաժամանակ վարչապետը շեշտած է, որ բանակին բարեփոխումները խաղաղութեան համար են, ոչ պատերազմի։ «Բանակի բարեփոխումներով մենք պատերազմի չենք պատրաստւում, մենք խաղաղութեան ենք պատրաստւում»,- ըսած է ան։ Փաշինեանի խօսքով՝ ուժեղ եւ պաշտպանունակ բանակը անհրաժեշտ է, որպէսզի Հայաստանը յարձակման համար գայթակղիչ չըլլայ։ «Մենք պէտք է այնպէս անենք, որ մեր երկիրը երբեք, այլեւս երբեք ու երբեք յարձակման համար գայթակղիչ չլինի, ընդհակառակը՝ յստակ լինի, որ մեր երկրի նկատմամբ չի կարելի յարձակումանել»,- նշած է ան։ Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին եւ յայտնած, որ բռնագրաւուած տարածքներուն հարցը պէտք է կարգաւորուի սահմանազատման միջոցով։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը, որ երկու երկիրներուն մէջ արդէն վաւերացուած է, իրաւական պարտադիր ուժ ունի եւ հիմնուած է Ալմաթիի հռչակագրի սկզբունքներուն վրայ։ «Դէ-իւրէ այդ հարցերը արդէն իսկ կարգաւորուել են»,- նշած է Փաշինեան։
Bu haber massispost kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (massispost) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(massispost). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com