​Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Արարողութիւն՝ Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ - Հայերէն
28 Aralık 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

24 Aralık 2025  

​Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Արարողութիւն՝ Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ -

​Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Արարողութիւն՝ Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ ​Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Արարողութիւն՝ Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 24 Դեկտեմբեր 2025, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեանի։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խորապէս աղօթական եւ խոկումի մթնոլորտի մէջ, ուր ներկաները հոգեւոր պատրաստակամութեամբ վերապրեցան Աստուծոյ Մարդեղութեան խորհուրդը։ Եկեղեցին լեցուած էր աղօթքով, լռութեամբ ու սուրբ երգեցողութեամբ։ Մասնակցեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարաքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան եւ Բրկ. Պարէտ Կսրկ. Պալըքճեան։ Ներկայ էին նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն Գերպ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, ինչպէս նաեւ վարժարանի Մատակարար Մարմնի անդամները։ Երգեցողութիւնը՝ Լեռնա Պալօղլու-Ագպուլութի ղեկավարութեամբ ապահովեցին Մխիթար երգչախումբի անդամները, որոնք իրենց կատարումներով խորացուցին արարողութեան հոգեւոր ազդեցութիւնը։

Նախ քան Տէրունական Աղօթք, Յակոբոս Ծ. Վրդ. քարոզեց եւ փոխանցեց տօնական պատգամը։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հոգեւոր հայրերուն ու մաղթեց, որ Ամանորն ու Ս. Ծնունդը ըլլայ շնորհաբեր։ Յաւարտ Ս. Պատարագի մշակութային հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտներ, ներկայացան աւանդական Ս. Ծննդեան հանդիսութեամբ եւ համերգով։ Այս առթիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատիարք Հօր ու Մխիթարեան ընտանիքին մաղթեց ամենայն բարիք։ Աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական խրախճանք։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+