Հալէպի Շրջանին Մէջ Գտնուող Գրոհայիններուն Զէնք Կը Մատակարարէ Թուրքիան. Լաւրով - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

12 Şubat 2016  

Հալէպի Շրջանին Մէջ Գտնուող Գրոհայիններուն Զէնք Կը Մատակարարէ Թուրքիան. Լաւրով

Հալէպի Շրջանին Մէջ Գտնուող Գրոհայիններուն Զէնք Կը Մատակարարէ Թուրքիան. Լաւրով Հալէպի Շրջանին Մէջ Գտնուող Գրոհայիններուն Զէնք Կը Մատակարարէ Թուրքիան. Լաւրով

Սուրիոյ Հալէպի շրջանին մէջ գործող գրոհայինները սպառազինութիւն կը ստանան Թուրքիայէն:

Այս մասին «Ria» գործակալութեան հաղորդամբ այսօր Միւնիխի մէջ Սուրիոյ հարցով միջազգային խումբի խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրով ընգծած է, որ Հալէպի արեւմտեան նախալեռնային շրջանները մինչեւ հիմա կը վերահսկուին «Ճէպհաթ ալ-նուսրա»-է եւ «Ճէիշ ալ-իսլամ» ահաբեկչական խմբովորումներու գրոհայիններուն կողմէ:

«Ճմոռանանք, որ այդ բոլոր խմբաւորումները սպառազինութեան մատակարարումը կը ստանան նոյն ուղղութեամբ եւ Թուրքիայի տարածքին մէջ գտնուող նոյն կէտէն: Այս հանգամանքը եւս պէտք է նկատի ունենալ, քանի որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի` թիւ 2254 բանաձեւի ընդունումէն առաջ ընդունուած բանաձեւը կ՛արգիլէ որեւէ տեսակի մատակարարումներ իրականացնել, որոնք կը նպաստեն ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան»,- ըսած է Լաւրով:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+