Խմբագրական. Երկրորդ Ծնողներուն Իրաւունքները (Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով) - Հայերէն
23 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

08 Mart 2016  

Խմբագրական. Երկրորդ Ծնողներուն Իրաւունքները (Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով) -

Խմբագրական. Երկրորդ Ծնողներուն Իրաւունքները (Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով) Խմբագրական. Երկրորդ Ծնողներուն Իրաւունքները (Կիներու Միջազգային Օրուան Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

ՄԱԿ-ի տօնացոյցերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Կիներու միջազգային օրը: Ուսուցիչներուն տօնը միջազգային միեւնոյն հնչեղութիւնը չունի: 9 մարտին Լիբանանը կը նշէ Ուսուցչաց տօնը:

Երկու տօներուն համատեղ նշումը այս սիւնակներէն անպայման չի կապուիր օրերու անմիջական յաջորդականութեան: Արագ ակնարկ մը ընդգծուած ձեւով մտաբերել կու տայ, որ հաւանաբար ընդհանրապէս, բայց յատկապէս լիբանանահայ վարժարաններու պարագային ուսուցչութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ վերածուած է կանացի ասպարէզի:

Մինչ մեր հայրենիքին մէջ Կիներու միջազգային տօնը կամ Մարտի 8-ը խորհրդային կարգերով իսկ ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն յատուկ տարողութեամբ եւ համապետական մակարդակով կը շարունակուի նշուիլ, սփիւռքեան տարբեր միջավայրերուն մէջ միեւնոյն մթնոլորտը չ՛ունենար եւ մանաւանդ միեւնոյն տօնականութիւնը չի փոխանցեր: Տօնականը` իր հերթին, այսուհանդերձ նշումը ունի ընկերաբանական առումով գաղափարախօսական էութիւն եւ յատկապէս կը կեդրոնանայ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին վրայ: Ասիկա իր հերթին կը նշանակէ, որ երկրագունդին վրայ տակաւին կը յամենան զգալի թիւով միջավայրեր, ուր կիները իրաւազուրկ կը մնան եւ որոնց իրաւունքներու վերականգնման համար կ՛աշխատին միջազգային կառոյցներ եւ յատկապէս ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ:

Թեման ծաւալուն է անշուշտ. մենք փորձենք այս պարագային լիբանանահայ միջավայրի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով կեդրոնանալ երկու տօներու համատեղման երեւոյթին վրայ:

Վիճակագրական խոր ուսումնասիրութիւններուն անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր հետեւցնելու համար, որ կրթութեան առաջին աստիճանները բարձրացող եւ հետզհետէ մինչեւ դէպի վերջինը` վարժարանի պարագային անշուշտ, դարձեալ կինն է եւ առաւելաբար հայ կինը, որ կը շարունակէ ստանձնել հայ մանուկին դաստիարակութիւնը:

Եթէ մայրը հիմնականին մէջ իբրեւ կին գլխաւոր դաստիարակն է զաւկին, դարձեալ հայ կինը այս անգամ իբրեւ երկրորդ ծնողք, դպրոցական դաստիարակութեան հիմնական պատասխանատուն է: Այս իրականութիւնները սկսելու համար առարկայական դրուածքներ են ապագայ հայ մարդուն, հայ քաղաքացիին հոգեկան կերտուածքին վրայ հայ կնոջ ունեցած (ունենալիք) հիմնարար եւ ազդեցիկ դաստիարակութեան վրայ:

Կենցաղային եւ ընկերաբանական առումներով տղամարդուն համեմատութեամբ համահաւասար իրաւունքներու հետապնդման շարժումները սայլը տեղէն շարժելու առաւելներ կ՛ապահովեն. թէեւ դանդաղ ընթացքով:

Հայ կնոջ պարագան եւս անմասն չի կրնար մնալ անշուշտ միջազգային ընկերաբանութեան ճշդած ընդհանուր կանոններու գործադրութեան ուղղութիւններէն: Խնդիրը իւրաքանչիւր ազգի իւրայատկութիւններուն, նաեւ ընդհանուր ուղղութիւնները համարկելու բնական ձեւերուն կը վերաբերի: Առանց այդ իւրայատկութիւններուն հետ բնական փոխշփման, նորարարութիւնը արուեստական կը թուի, չի գտներ իր տեղը եւ երեւոյթը կը դարձնէ անհեթեթութիւն:

Մեր երկրորդ ծնողներու ասպարէզային խնդիրները մանրադիտակի տակ բերելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց օրուան համատեղ տօներուն առիթով: Ասոնք կենսական իրաւունքներու հարցեր են: Հարցեր, որոնք մեր ուսուցիչներուն չեն վերաբերիր միայն: Երկրորդ ծնողք բանաձեւը արդէն ամենախօսուն ձեւով կը վերաբերի մեր զաւակներուն, համայնքի գալիք սերունդներուն, գալիք ուսուցիչներուն նաեւ, որոնք արժանապատիւ կենցաղի ամենատարրական իրաւունքը ունին: Ուսուցիչներուն իրաւունքները յարգելը կ՛ենթադրէ մեր սերունդներուն դաստիարակութիւնը որակաւորելը: Հակառակը ինքնահարուած է պարզապէս. մեզի, մեր յաջորդներուն, մեր համայնքին ընդհանրապէս:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+