Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը - Հայերէն
21 Eylül 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հոռի / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

17 Eylül 2025  

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը -

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Հոկտեմբեր 19-ին, Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասումը։

Ստորեւ, այս գրութիւնը, պատրաստուած Զմմառու դպրեվանքի հայոց լեզու դասատու եւ վանքի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ։

Քրիստոնէական աշխարհի պատմութեան մէջ` Համաշխարհային Սուրբերու մեծ մասը կը պատկանին կաթողիկէ եկեղեցւոյ, պարզ այն պատճառով, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր կեդրոնական կառոյցով եւ համաշխարհային ներկայութեամբ` կարողացած է Սուրբերու պաշտամունքը տարածել եւ ամրագրել ամբողջ աշխարհին մէջ, որու հետեւանքով կաթողիկէ Սուրբերը յաճախ համաշխարհային ճանաչում եւ հնչեղութիւն կը վայելեն։

Արդ հարց` արդեօ՞ք մենք հայերս, մեր անզուգական Սուրբերը պատշաճ ձեւով ներկայացուցած ենք համայն քրիստոնեայ աշխարհին։ Արդեօ՞ք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի նուիրեալ զինուորները արժանի չեն ունենալու իրենց ուրոյն եւ յատուկ տեղը համաշխարհային Սուրբերու փաղանգին մէջ։

Այս հարցումին պատասխան տալու համար հարկ է նախ մօտէն ծանօթանալ մեր Սուրբերու կեանքին եւ գործունէութեան, այնուհետեւ անոնց արժէքը համապատասխան ձեւով փոխանցել քրիստոնեայ աշխարհին։

Այս առումով Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը առանձնայատուկ երեւոյթ է։ Իր նահատակութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ան փաստացիօրէն եղաւ առաջին համաշխարհային հնչեղութիւն ստացած Սուրբը, որ Սուրբ Աթոռի կողմէ հռչակուեցաւ։

Եթէ փորձենք բաղդատել Մալոյեանի սրբութիւնը այլազգի Սուրբերու հետ, ապա կը տեսնենք որ անոր վկայութիւնը չի համեմատուիր Անոնց հետ։ Քանզի Մալոյեանի պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը, Անոր նահատակութիւնը եղաւ ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան համար։

Այլ Սուրբերու պարագային նահատակութիւնը սովորաբար զուտ կրօնական է՝ հաւատքին համար։ Իսկ Մալոյեանին մէջ կրօնական եւ ազգային գիծերը միահիւսուած են միմեանց։ Ան զոհուեցաւ միաժամանակ իր հաւատքին եւ իր ժողովուրդի գոյութեան պայքարին համար։

Այս յատկանիշը Մալոյեանը կը դարձնէ համաշխարհային առումով եզակի։ Քանզի այսօրուան աշխարհի ճգնաժամերը ոչ միայն կրօնական բնոյթ ունին, այլեւ ազգային։

Կրօնը շատ պարագաներու մէջ կը զօրանայ հակադրութեան մէջ դրուելով, մինչդեռ ազգային ինքնութիւնը աւելի խոցելի է եւ աւելի արագ կը մաշի։ Եթէ հեթանոս կամ աշխարհիկ երկիրներուն մէջ ազգութիւնը համեմատաբար կայուն կը մնայ, ապա երկնային կրօններու պատկանող ժողովուրդներուն համար վտանգը աւելի մեծ է։

Ահա թէ ինչու Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի կերպարը ոչ միայն պատմական կամ հոգեւոր յիշատակ է, այլ նաեւ ժամանակակից պատգամ ամբողջ աշխարհի համար։ Ան կը վկայէ, որ հաւատքը եւ ազգութիւնը միասին կրնան դառնալ սրբութեան ճամբայ, եւ իր նահատակութիւնը կը մնայ հրատապ պատգամ նոր դարերուն համար։





Bu haber hairenikweekly kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (hairenikweekly) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(hairenikweekly). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+