​Կրօնները հեռու պէտք է ըլլան քաղաքական օրակարգերէ ու գաղափարախօսական ուղղութիւններէ» - Հայերէն
26 Eylül 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4518 / Ամիս : Հոռի / Օր : Նպատ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

26 Eylül 2025  

​Կրօնները հեռու պէտք է ըլլան քաղաքական օրակարգերէ ու գաղափարախօսական ուղղութիւններէ» -

​Կրօնները հեռու պէտք է ըլլան քաղաքական օրակարգերէ ու գաղափարախօսական ուղղութիւններէ» ​Կրօնները հեռու պէտք է ըլլան քաղաքական օրակարգերէ ու գաղափարախօսական ուղղութիւններէ»

Արամ Ա. Կաթողիկոսի յայտարարութիւնները Ասթանայի ժողովին մասնակցող ԶԼՄ-ներուն

Ասթանայի (Ղազախիստան) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային գագաթնաժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ՝ Ղազախիստանի պետական, ինչպէս նաեւ իտալական, փորթուկալեան, ռուսական եւ այլ լրատուամիջոցներու, հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի կայաններու հետ։ Յիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

ա) Մեծապէս ողջունելի է Ղազախիստանի նախագահին ու պետութեան միջ-կրօնական երկխօսութիւնը աւելի ծաւալելու ներկայ նախաձեռնութիւնը։ Անհրաժեշտ է, որ նման գագաթնաժողովի կողքին նաեւ մասնագիտական քննարկումներ տեղի ունենան յանձնախումբերու կողմէ։

բ) Ինչպէս բացման նիստի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց՝ անհրաժեշտ է միջ-կրօնական երկխօսութենէն անդին գործակցութիւն կազմակերպել կրօններու միջեւ` յստակ օրակարգերու շուրջ։

գ) Միջ-կրօնական օրակարգերը պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհի խնդիրներուն. օրինակ` խաղաղ գոյակցութիւն, կենսոլորտային հարցեր, ցեղասպանութիւն, մարդկային իրաւանց առնչուած հարցեր, սրբավայրերու պաշտպանութիւն եւ այլն...։

դ) Կրօններ հեռու պէտք է ըլլան քաղաքական օրակարգերէ ու գաղափարախօսական ուղղութիւններէ եւ իրենց նպաստը պէտք է բերեն տագնապներու լուծման` մեկնելով իրենց բարոյական սկզբունքներէն ու արժէքներէն։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+