Երեւանի Մէջ. «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Երկրորդ Միջազգային Համաժողովի Կայացում - Հայերէն
06 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մադեղ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

26 Nisan 2016  

Երեւանի Մէջ. «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Երկրորդ Միջազգային Համաժողովի Կայացում -

Երեւանի Մէջ. «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Երկրորդ Միջազգային Համաժողովի Կայացում Երեւանի Մէջ. «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան» Երկրորդ Միջազգային Համաժողովի Կայացում

Անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ միջազգային համաժողովը:

Համաժողովը կեդրոնացաւ Ցեղասպանութենէն վերապրած ողջ անձերու եւ գաղթականներու խնդիրներուն վրայ:

Միջազգային համաժողովը բաղկացած էր հիմնական 4 բաժիններէ: Համաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան երկխօսութիւն:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ առաջին համաժողովէն մէկ տարի ետք, այսօր կարելի է ըսել, որ անիկա յաջողեցաւ եւ լայն արձագանգ գտաւ ոչ միայն մասնագիտական շրջանակներու, այլ նաեւ բազմահազար մարդոց շրջանակներուն մէջ: Անիկա առիթ դարձաւ, որ աշխարհը անգամ մը եւս խօսի մարդածին ծանրագոյն չարիքին` ցեղասպանութեան մասին:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն` նախագահ Սարգսեան ըսաւ. «Միջազգային հանրութիւնը` մենք, պէտք է նոյնքան արագ եւ վճռականօրէն արմատախիլ ընենք ցեղասպանածին այսօրինակ երեւոյթները, ուր ալ դրսեւորուին անոնք, ինչպէս քանի մը օր առաջ ըրաւ Շուէտի ղեկավարութիւնն ու հասարակութիւնը` թուրք ազգայնական Պարպարոս Լեյլանիի կողմէ հայերուն նկատմամբ ատելութեան քարոզչութեան համար: Ասիկա կը պահանջէ համախմբուած աշխատանք, երբեմն աշխարհաքաղաքական շահերու ստորադասում, երեւոյթներու յստակ ու հասցէական դատապարտում»:

Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցան նիստեր, որոնց աւարտին եւ հարցուպատասխաններու ճամբով, մասնակիցները զիրենք յուզող հարցումները ուղղեցին զեկուցողներուն:

Միջազգային հաւաքը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած էին 70-է աւելի արտասահմանեան լրատուամիջոցներ:

Աւարտին, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային հաւաքը ընդունեց եզրափակիչ յայտարարութիւն մը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ որոշուած է յաջորդ հանդիպումը գումարել ապրիլ 2018-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Երկրորդ համաշխարհային հաւաքը կոչ ուղղած է բոլոր երկիրներուն, խորհրդարաններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ շահագրգիռ այլ կողմերուն համախմբելու ջանքերը ցեղասպանութեան չարիքի եւ մարդկութեան նկատմամբ այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարի նոր յանձնառութեան ոգիի ներքեւ: Ընդունուած փաստաթուղթին մէջ, ըստ «Արմէնփրես»-ին, մասնաւորապէս ըսուած է.

«Համաշխարհային հաւաքը,

Կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը` հիւրընկալելու երկրորդ համաշխարհային հաւաքը Երեւանի մէջ 23 ապրիլ 2016-ին,

Կ՛ողջունէ նաեւ 2015-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ 9 դեկտեմբերը «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրին վերաբերեալ իրազեկման բարձրացումը,

Յարգանքի տուրք կը մատուցէ եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական ճգնաժամերու եւ ցեղասպանութեան օրերուն հանդէս եկան յանուն մարդկութեան եւ գործելով արիութեամբ ու զոհողութիւններու գնով փրկեցին բազմաթիւ անմեղ կեանքեր,

Խոր մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ վեջերս Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի այլ կէտերու մէջ լայն տարածում գտած վայրագութիւններու, ահաբեկչութեան ու ցեղասպան գործողութիւններու առնչութեամբ, որոնք անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար եւ կը յառաջացնեն լայնածաւալ մարդասիրական ճգնաժամեր` ներառելով Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր գաղթականներու եւ տեղահանուած անձերու ամէնէն բարձր թիւը,

Կը գիտակցի, որ նման ծաւալի մարդասիրական ճգնաժամերը կը պահանջեն ջանքերու համադրում եւ չեն կրնար դիմագրաւուիլ միայնակ` առանձին երկիրներու կողմէ, եւ խորապէս կը հաւատայ, որ գաղթականներու աննախադէպ մեծ քանակով տեղահանուած անձերու առնչուող մարտահրաւէրներուն լուծման ուղղուած ջանքերը ոչ մէկ պարագայի կրնան քաղաքական շահարկումներու առարկայ հանդիսանալ,

Կրկին կը բարձրաձայնէ ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային հաւաքին իբրեւ արդիւնք ընդունուած Երեւանեան հռչակագիրին կոչը բոլոր պետութիւններուն` առաւելագոյն չափով ներդրում ունենալու ցեղասպանութեան կանխարգիլման մեքենականութիւններու ամրապնդման գործին,

Կոչ կ՛ուղղէ բոլոր երկիրներուն, խորհրդարաններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ շահագրգիռ այլ կողմերու համախմբելու ջանքերը ցեղասպանութեան չարիքի եւ մարդկութեան հանդէպ այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարի յանձնառութեան նոր ոգիին ներքեւ,

Կ՛ընդգծէ մարդկութեան պատմութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան պատճառներու եւ հետեւանքներու դասաւանդման կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը` անցեալի ոճրագործութիւններու համընդհանուր եւ առարկայական ճանաչման հասնելու ակնկալիքով,

Կ՛առաջարկէ համաշխարհային յաջորդ հաւաքին ընթացքին շեշտադրումը կատարել կրթութեան դերի, մեքենականութիւններու, միջոցներու եւ կարողութիւններու վրայ` իբրեւ ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, այլատեացութիւնը վերացնելու մեր միացեալ պարտականութեան մաս, եւ հաւատացած է, որ կրթութիւնը եւ գիտելիքի փոխանակումը վճռական դերակատարութիւն ունին ցեղասպանութեան արհաւիրքի վերացման գործին մէջ,

Կ՛որոշէ յաջորդ հանդիպումը գումարել ապրիլ 2018-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+