Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ Կ՛ըսէ Չելիք - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

31 Mayıs 2016  

Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ Կ՛ըսէ Չելիք

Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ    Կ՛ըսէ Չելիք Թուրքիոյ Համար Եւրոպական Միութիւնը Միակ Ընտրանքը Չէ Կ՛ըսէ Չելիք

Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 65-րդ կառավարութեան մէջ Եւրոպական Միութեան հարցերով նոր նշանակուած նախարար Էօմեր Չելիք` անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած լարուած յարաբերութիւններուն, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութիւնը միակ ընտրանքը չէ:

«Ներկայ պահուն Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ զգայուն կէտի վրայ կը գտնուինք: Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ երկակի չափանիշեր կիրարկէ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի հարցին մէջ: Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են, սակայն ատիկա միակ ընտրանքն ալ չէ», ըսած է Չելիք` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ Թուրքիան այսուհետեւ եւս պիտի պահպանէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը:

4 մայիսին Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական խորհրդարանին եւ Եւրոպական խորհուրդին յանձնարարած էր վերցնել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի սահմանափակումները, եթէ Անգարա մինչեւ յունիսի վերջը կատարէ մուտքի արտօնագիրի ջնջման համար 72 կէտերը: Անոնց շարքին են փտածութեան կանխարգիլման միջոցառումները, Եւրոփոլի հետ համագործակցութիւնը, տուեալներու պաշտպանութեան գծով կանոնները Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համապատասխանացնելը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով օրէնսդրութեան վերանայումը:

Ատկէ անմիջապէս ետք Էրտողան քննադատած է ահաբեկչութեան հակազդելու մասին օրէնքի փոփոխութեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ վրայ «ճնշումը»:

Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Պուրհան Քուզու Եւրոպական Միութեան սպառնացած է գաղթականները ուղարկել Եւրոպա, եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի ջնջման հարցին մէջ որդեգրէ բացասական որոշում մը եւ շարունակէ պնդել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թրքական օրէնքի վերատեսութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+