Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ. «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» Զոյգ Հատորները - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

09 Ağustos 2016  

Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ. «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» Զոյգ Հատորները

Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ. «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» Զոյգ Հատորները Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ. «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» Զոյգ Հատորները

Փոքր Հայքի քաղաքներէն Արաբկիրը կառուցուած է Վասպուրականէն Սեբաստիա գաղթած հայերու կողմէ, 1021-22-ին: Ան կը գտնուի Մելիտինէէն 70 քիլոմեթր հիւսիս, Եփրատ գետի վտակ Արաբկիրի ափին, Անտիտաւրոսի ստորոտին: Ան հանդիսացած է Սեբաստիոյ նահանգի գաւառներէն մէկուն կեդրոնը, յետոյ մաս կազմած է, յաջորդաբար, Մալաթիոյ եւ Խարբերդի նահանգներուն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններ»-ու վերահրատարակութեան շարքը կը շարունակուի:

Հերթը եկած է «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի» հատորին, որուն առաջին տպագրութիւնը կատարուած է 1969-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Հատորը կազմած եւ երկասիրած է գրող, մտաւորական եւ խմբագիր Անդրանիկ Լ. Փոլատեան:

Վերահրատարակութեան պատասխանատուները, նկատի ունենալով հատորին հսկայական ծաւալը (1510 էջ), յարմար դատած են զայն վերածել երկու հատորի: Առաջին հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն` Արաբկիր անունին ծագումը, Արաբկիրի նահանգը, գաւառը, քաղաքը, բնակչութիւնը եւ վկայութիւններ անոր մասին: Առանձին մասերով կը ներկայացուին Արաբկիրի 15 գիւղերը, տնտեսական կեանքը, ընտանեկան եւ ընկերային բարքերը, երաժշտութիւնը, ժողովրդական բանահիւսութիւնը, գաւառաբարբառը եւ կրօնական-եկեղեցական կեանքը:

Երկրորդ հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն` Արաբկիրի կրթական-մշակութային կեանքը, կուսակցութիւնները Արաբկիրի մէջ, արիւնոտ թուականներ, դէմքեր եւ դէպքեր, Արաբկիրի զաւակները, արաբկիրցիական գաղթօճախներ եւ Արաբկիրի հայրենակցական միութիւնն ու մասնաճիւղերը: Վերջին մասով տրուած է արդի Հայաստանի մէջ Նոր Արաբկիրի հիմնադրութեան պատմութիւնը:

Ինչպէս աւանդութիւն դարձած է, Բ. հատորի աւարտին կը գտնենք տեղանուններու եւ անձնանուններու ցանկ, մատենագիտութիւն, քարտէսներու եւ նկարներու ցանկ:

Այս զոյգ հատորներու վերահրատարակութիւնը կատարուած է ի յիշատակ բնիկ արաբկիրցի Յովհաննէս Ճիէրճեանի (1863-1934): Վերահրատարակութեան խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան:

«Պամութիւն Հայոց Արաբկիրի»-ի զոյգ հատորներու վերահրատարակութեամբ` «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններ» շարքով լոյս ընծայուածներուն թիւը հասած կ՛ըլլայ 13-ի:

Եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի մէջ 1925-ի նոյեմբերին հիմնադրուած Նոր Արաբկիրը վերակենդանացուց հին Արաբկիրը, միւս կողմէ` այս զոյգ հատորները կու գան դառնալու յուշարձաններ` անմառ պահելու յիշատակը հազարաւոր արաբկիրցի նահատակներու եւ ի սփիւռս աշխարհի ցիրուցան եղած արմատախիլ արաբկիրցիներու:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+