Տարայայի Համաձայնութեան Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

29 Ağustos 2016  

Տարայայի Համաձայնութեան Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ

Տարայայի Համաձայնութեան Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ Տարայայի Համաձայնութեան Առաջին Հանգրուանը Սկսաւ

Երէկ սկիզբ առաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքին հարաւը գտնուող Տարայայի համաձայնութեան գործադրութիւնը, որուն հիմամբ զինեալներն ու քաղաքայինները դուրս պիտի գան չորս տարիէ ի վեր Սուրիոյ բանակին կողմէ պաշարուած քաղաքէն:

Հինգշաբթի օր գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, անոնք պիտի հեռանան դէպի Իտլիպ:

Համաձայնութեան ծիրին մէջ զինեալները, իրենց զէնքերը յանձնելէ ետք, իրենց ընտանիքներուն հետ կը հեռանան դէպի Իտլիպ, իսկ քաղաքը կը պարպուի բոլոր զինեալներէն:

Այն զինեալները, որոնք կ՛ուզեն իրենց կարգավիճակը կարգաւորել, պիտի մնան պատսպարաններու մէջ եւ միջոցառումներու աւարտին պիտի վերադառնան Տարայա:

Հինգշաբթի օր գոյացած համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի առաւելագոյնը չորս օրուան ընթացքին:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զինեալները քաղաքէն դուրս գալէ առաջ հրկիզած են իրենց անձնական փաստաթուղթերը:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը երէկ գրեց‚ որ քառամեայ պաշարումէ ետք Տարայա քաղաքին անձնատուր ըլլալը մեծ ցաւ պատճառող հարուած մըն է սուրիական զինեալ ընդդիմութեան համար‚ իսկ սուրիական բանակին համար` ձեռքբերում մը:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+