Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Շաղաւոտ

Հայերէն :

03 Ocak 2017  

Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ

Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ Պրազիլի Մէջ Յունաստանի Անհետացած Դեսպանի Հրկիզուած Ինքնաշարժին Մէջ Դիակ Մը Յայտնաբերուեցաւ

«Տը Թելեկրաֆ»` վկայակոչելով պրազիլական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի վարչական շրջաններէն մէկուն մէջ հրկիզուած ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերուած է Յունաստանի երեք օր առաջ անհետացած դեսպանին դիակը:

Դեսպանի անհետացման մասին տեղեկացուցած էր դեսպան Քիրիաքոս Ամիրիտիսի կինը, որմէ ետք ոստիկանները Նովա Իկուասու վարչական շրջանին մէջ յայտնաբերած են հրկիզուած ինքնաշարժ մը, որ հաւանաբար պատկանած է Ամիրիտիսի:

«Կլոպօ» պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` ինքնաշարժը ունեցած է նոյն պետական թիւը, ինչ որ ունէր դեսպանի վարձած ինքնաշարժը:

Ոստիկանութիւնը չ՛ուսումնասիրեր առեւանգման վարկածը, որովհետեւ այդ պարագային առեւանգողները կապ պիտի հաստատէին ոստիկանութեան հետ:

Դիւանագէտին վերջին անգամ տեսած են 26 դեկտեմբերին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ: Այդ օր անոր հետ կապ հաստատած են հաղորդագրութիւններու միջոցով: Կը նշուի, որ Ամիրիտիս տօնական օրերուն առիթով պաշտօնապէս արձակուրդի մէջ էր եւ աշխատավայր պէտք էր վերադառնար 9 յունուարին:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ ոճիրներու բարձր համեմատութիւնն ու բռնարարքները հազուագիւտ երեւոյթներ չեն, մասնաւորաբար Կաղանդի եւ Նոր տարուան շրջանին միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին, երբ հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն քաղաքը:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+