Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Լուծումներ Տալու Համար Ստեղծուած Են Աշխատանքային Խում - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Շաղաւոտ

Հայերէն :

18 Ocak 2017  

Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Լուծումներ Տալու Համար Ստեղծուած Են Աշխատանքային Խում

Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Լուծումներ Տալու Համար Ստեղծուած Են Աշխատանքային Խում Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Լուծումներ Տալու Համար Ստեղծուած Են Աշխատանքային Խումբեր

16 թուականին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը շարունակած է Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու համարկումը` կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերու լուծման միջոցով: Մշակուած եւ կատարելագործուած են համագործակցութեան մեքանիզմները, կը գործէ միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբը, արագ արձագանգման խումբը եւ թէժ գիծը:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հիմնախնդիրներուն լուծումներ տալու համար ստեղծուած են աշխատանքի տեղաւորման, կրթական, առուղջապահական, բնակարաններու հիմնախնդիրներով զբաղող 4 աշխատանքային խումբեր` նախարարութեան, ՄԱԿ-ի փախստականներու երեւանեան գրասենեակի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ, մասնաւորապէս.

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը կազմակերպած են «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» աւանդական դարձած 5 բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառներ:


Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հագիստը Հայաստանի տարբեր ճամբարներու մէջ:


Սուրիահայ գործարարները մասնակցած են տարբեր ցուցահանդէսներու, անոնց համար կազմակերպուած են գործարար դասընթացներ, հանդիպում ՀՀ վարչապետին հետ:


ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան համաֆինանսաւորմամբ փոխհատուցուած է ՀՀ բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող 436 սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 ուսումնական տարուայ առաջին կիսամեակի ուսման վարձերուն 70 տոկոսը:


Տեղի ունեցած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատես­չական յանձնաժողովի 8 նիստ, ուր քննարկուած եւ լուծումներ ստացած են աւելի քան 30 հարցեր:


ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ 30 թոն բեռ 2 ռուսական օդանաւով տեղափոխուած է Սուրիա:


Բարերարներու օժանդակութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հալէպի որբանոցին եւ ծերանոցին:


Շարունակուած են (յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ) դրամահաւաքները եւ ատոնք ուղղուած են Սուրիոյ դպրոցներու գործունէութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ 600-է աւելի մարդոց բնակարանի վարձի հատուցման:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+