Չաւուշօղլու Կ՛անդրադառնայ Ֆրանսայի Եւ Դանիոյ Մէջ Որդեգրուած Որոշումներուն - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Շաղաւոտ

Հայերէն :

30 Ocak 2017  

Չաւուշօղլու Կ՛անդրադառնայ Ֆրանսայի Եւ Դանիոյ Մէջ Որդեգրուած Որոշումներուն

Չաւուշօղլու Կ՛անդրադառնայ Ֆրանսայի Եւ Դանիոյ Մէջ Որդեգրուած Որոշումներուն Չաւուշօղլու Կ՛անդրադառնայ Ֆրանսայի Եւ Դանիոյ Մէջ Որդեգրուած Որոշումներուն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Հայաստանին դարձեալ կոչ ուղղած է ստեղծելու «1915-ի դէպքերը» ուսումնասիրելու համար միացեալ յանձնախումբ մը:

Ըստ «Կազեթէ Վաթան» օրաթերթին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Չաւուշօղլու նախ ողջունած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը ջնջելու մասին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումը, ապա անդրադարձած է Դանիոյ խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեան խնդիրի արծարծումին:

Ան չէ թաքցուցած իր գոհունակութիւնը, որ Դանիոյ խորհրդարանը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որդեգրած բանաձեւին մէջ չէ կիրարկած «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Չաւուշօղլու չէ վարանած նաեւ մարտահրաւէր ուղղելու Հայաստանին` ըսելով. «Մենք Հայաստանին միշտ կ՛ըսենք` եթէ կը հաւատաք դուք ձեզի, ապա եկէք միացեալ յանձնախումբ ստեղծենք: Այլ երկիրներէ ալ գիտնականներ թող մասնակցին: Բոլոր արխիւները թող բացուին, ատկէ ետք մենք պիտի ընդունինք արդիւնքը: Սակայն մինչեւ օրս Հայաստանը ատոր չէ դիմած: Ինչո՞ւ: Իրենք ալ գիտեն, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած, սակայն Թուրքիոյ դէմ կը շարունակեն համագործակցիլ արտասահմանեան լոպիիստական ուժերու հետ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ` անդրադառնալով Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումին, կը նշէ. «Որդեգրուած որոշումը իրաւական կարեւոր ձեռքբերում է` պատմական խնդիրներու վերաբերեալ ժողովրդավարական քննարկումներու, ներքաղաքական նկատառումներով կատարուած ոչ օրինական սահմանափակումներու տեսանկիւնէն»:

Յայտարարութեան համաձայն, այս որոշումով Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր հաւատարմութիւնը «ժողովրդավարութեան անքակտելի մասը նկատուող խօսքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին»:

«Յոյս ունինք, որ քաղաքական նպատակներով այդպիսի խնդիրները շահարկող շրջանակները այս որոշումէն անհրաժեշտ դասեր պիտի քաղեն», նշուած է յայտարարութեան մէջ: 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+