Յունաստան Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ Համբերութիւնը. Չաւուշօղլու - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

27 Şubat 2017  

Յունաստան Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ Համբերութիւնը. Չաւուշօղլու

Յունաստան Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ Համբերութիւնը. Չաւուշօղլու Յունաստան Պէտք Չէ Փորձէ Թուրքիոյ Համբերութիւնը. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Յունաստանը զգուշացուցած է Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձելէ եւ իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Քոցիասը կոչած է «շփացած մանուկ» մը, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ վերջինիս յայտարարութիւնները «գրգռիչ» որակած է:

«Ուժի ցուցադրութեան կարիքը չունինք: Անոնք լաւ գիտեն, թէ երբ պէտք ըլլայ, թուրք զինուոր մը ի՛նչ կրնայ ընել: Կառավարութիւնը լաւ գիտէ: Թող այդ մասին ըսեն մասնաւորաբար շփացած մանուկին: Մեր համբերութիւնը պէտք չէ փորձեն», ըսած է ան, ըստ «Ազդակ» օրաթերթին:

Քոցիաս քննադատած էր թուրք բարձրագոյն ղեկավարութեան վիճելի Իմիա կղզեակ այցելութիւնը: Թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար 29 Յունուարին բանակային բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ այցելած էր նշեալ կղզին: Երկու երկիրները 1996-ին նշեալ կղզեակին պատճառով պատերազմի եզրին կանգնած էին:

Անդրադառնալով Աթէնքի` Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները արտայանձնել մերժելուն, ան ըսած է, որ ատիկա բարի դրացնութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու համահունչ չէ: «Դժբախտաբար այդ կեցուածքը մեզի համար անակնկալ չէ: ՔԱԿ-ի ղեկավարը (Ապտուլլա Օճալան, «Ա.») եւս, որ ներկայիս բանտարկուած է, Յունաստանի կողմէ թաքնուած էր», ըսած է Չաւուշօղլու:

 

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+