Ազգային-Եկեղեցական Հրավառութիւններ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

27 Şubat 2017  

Ազգային-Եկեղեցական Հրավառութիւններ -

Ազգային-Եկեղեցական Հրավառութիւններ Ազգային-Եկեղեցական Հրավառութիւններ

«Աթէշեան սրբազան սպառած է բոլոր առիթները եւ այսքան տարուան խայտառակութիւնէն ետք այլեւս ընելիք մը չունի»: Գարեգին Արք. Պէքճեան

«Հայ Ձայն»ի 20 Փետրուար 2017թ. համարին մէջ ափսոսանքով կարդացինք Մայր Աթոռ Ս. էջմիածնի տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Տ. Վահրամ Քհն. Մելիքեանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «առկախած է Պոլսոյ ժողովի ոորոշումներու իրագործումը, կողմերը հրաւիրելով Մայր Աթոռ»:

Վերլուծելէ առաջ կատարուած յայտարարութիւնը, կարեւոր է անգամ մը եւս շեշտել թէ պատմութիւնը կը կրկնուի ու մենք բնաւ դաս չենք քաղեր մեր սխալներէն: Պոլսոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը իր առաջին եւ վերջին տագնապը չէ որ կ`ապրի, ընդհակառակն՝ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի պատմութիւնը իր հաստատութենէն (1461) սկսեալ լեցուն է արկածախնդրութիւններով, կամակատարութիւններով, հրաժարականներով, կաշառակերութեան պատմութիւններով եւ մասամբ նոցին...:

Այս պահուս կը վերյիշեմ համիտեան օրերուն տեղի ունեցած երկու «արժանաւոր» եպիսկոպոսներու աքլորամարտը: Խորէն Արք. Աշըգեանի (յետագային Պատրիարք Կ.Պոլսոյ) եւ յայտնի պատրաստաբան-ճարտասան Խորէն Արք. Նարպէյի (ականջդ խօսի՛, Յակոբ Պարոնեան) միջեւ պայքարները որոնք փոթորկեցին պոլսահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը, ի վերջոյ յանգելով դիւրաբեկ հաշտութեան: Խորէն Արք. Աշըգեանի հետեւեալ խօսքերը շատ խօսուն են ցոյց տալու համար եկեղեցականի անյարիր եւ ո՛չ վայել նկարագիրը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան հեղինակն է «Կենցաղ Եկեղեցականաց» հատորին. «թէպէտ կայսրը ներեց, բայց ես չեմ կրնար ներել»: Ահաւասիկ պատկերը մեր եկեղեցականութեան՝ երէկ եւ այսօր: Կարելի է հատոր մը գրել այս պայքարի մասին, բայց մեր նիւթէն շեղած կ`ըլլանք. միայն կ`ուզենք արձանագրել որ պճնազարդ Նարպէյ երիտասարդ տարիքին մահացաւ խեղճ վիճակի մէջ:

Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը –«Առկախած է Պոլսոյ ժողովի որոշումներու իրագործումը»– ինքնին արդէն կանոնական խոշոր խախտում մըն է եւ նամանաւանդ ոտնձգութիւն՝ նուիրապետական Աթոռի մը վարչական կեանքէն ներս: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ունի իր ուրոյն վարչական անկախ օրէնսդրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ կորիզը կը կազմէ իր ազգային-եկեղեցական կանոնագրութեան, թէպէտեւ ան այլեւս չունի իր անցեալի հմայքն ու քաղաքական հեղինակութիւնը, որուն ենթակայ էին ատեն մը մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռներու (Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա եւ Աղթամար, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ) վարչական հարցերը, այնքանով՝ որքանով որ, - յատկապէս Ս. Էջմիածնի պարագային,- անոնց վարչական իրաւասութեան ենթակայ թեմ մը կամ թեմերը կ`իյնային Օսմանեան կայսրութեան աշխահագրական սահմաններուն մէջ: Եւ այս անոր համար, որ ըստ տիրող կարգուսարքին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիա՛րքն էր միջնորդն ու պատասխանատու պաշտօնեան՝ ընդմէջ Սուլթանին եւ Կայսրութեան բովանդակ տարածքին մէջ գտնուող հայ բնակչութեան:

Վերջին տասնհինգամեակին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ անվերապահ զօրակցութիւն մը չենք տեսած Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ: Ընդհակառակն կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ, ինչ որ ներհակ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութիւններուն, 22, X, 1925թ. Կանոնագրութեան (յօդ. 5), 19, VI, 1945թ. Կանոնադրութեան (յօդ. 5, 6, 9բ եւ 19), 21, IX, 1995թ. Սահմանադրութեան Նախագծի (յօդ. 6, 7, 21) եւ 11, XII, 1991թ. ՀՀ մօտ պաշտօնապէս գրանցուած «Ներքին Սփիւռքի Կանոնադրութեան» նախաշաւղի տրամադրութիւններուն՝ Կաթողիկոսը, Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո’չ նոյնանիշ եւ ո’չ ալ հոմանիշ են»:

Ի՞նչ պատահեցաւ, որ ինն տարիներու անհասկնալի լռութենէ մը ետք յանկարծ Ամենայն Հայոց Հայրապետը միջամտեց պոլսահայ գաղութը փոթորկող պատրիարքական ընտրութեանց տագնապին: Ուրախ ենք անշուշտ, որ հակամարտող կողմերը հայրապետական «յորդորներուն» անսալով որոշած են դրական քայլ առնել Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան վարկը փրկելու համար: Անշուշտ, կայանալիք ընտրութիւնները լեցուն պիտի ըլլան անակնկալներով. ի վերջոյ արտաքին դերակատարներ, նամանաւանդ քաղաքական միջամտութիւններ, կրնան խոչընդոտել ընտրութիւնները:

Մայր Աթոռի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը, ուր յստակօրէն կ`արտացոլայ կողմերու տրամադրութիւնները, հետեւեալ պարտաւորութիւնները կը թելադրէ.- Կրօնական Ժողովը պաշտօնի պիտի կոչէ եկեղեցականաց ժողովը, որ իր կարգին մինչեւ 15 Մարտ 2017, պիտի իրականացնէ Տեղապահի մը ընտրութիւնը: Տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք դադրած պիտի ըլլայ Արամ Արք. Աթէշեանի Փոխանորդի պաշտօնը: Այնուհետեւ խառն ժողովը, պիտի կազմակերպէ Արամ Արքի. լիազօրութիւններուն փոխանցումը նորընտիր Տեղապահին:

Տեղապահի ընտրութենէն ետք տաս օրերու ընթացքին պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնակ մարմին մը պիտի ստեղծուի, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Եթէ յաջորդող վեց ամիսներու ընթացքին ընտրութեան նախաձեռնակ մարմինը չյաջողի ընտրել նոր պատրիարք մը, այդ ատեն Եկեղեցական Համագումարով անվստահութեան քուէ պիտի յանձնարարուի ընդդէմ այս նախաձեռնակ մարմնին, արգիլելով նորընտիր տեղապահին անորոշ ժամկէտով պաշտօնավարութիւնը:

Այս առիթով կ`արժէ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել –կանոնական եւ ազգային առումով– որոնք վստահաբար կը մտահոգեն իւրաքանչիւր հայ, նամանաւանդ իր արմատներէն խլուած եւ սփիւռքացած, որբացած հայը:

1.- Մեր Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան մէջ ո՛չ մէկ տեղ արձանագրուած է թէ միայն եպիսկոպոսները իրաւունք ունին առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը պատրիարքական աթոռին համար: Ընդհակառակն իւրաքանչիւր միաբան իրաւունք ունի պատրիարքական թեկնածու ըլլլալու, ուստի պէտք չէ այդ իրաւունքը սահմանափակել, որովհետեւ ա՛յլ արժանաւոր հոգեւորականներ կրնան զրկուիլ ընտրուելու հաւանականութենէն, նամանաւանդ երբ այդ ընտրելին կրնայ բաղձալի անձ մը ըլլալ ամբողջ գաղութին համար: Չմոռնանք, որ պատրիարքութիւնը ըստ էութեան վարչական պաշտօն մըն է, եւ պատմութիւնը կը վկայէ թէ ատենօք նոյնիսկ... աշխարհական անձինք նստած են Պոլսոյ աթոռին վրայ: Սխալ չհասկցուելու համար փութանք անմիջապէս յայտնել, թէ մեր նապատակը այստեղ պարզապէս պատմական իրողութիւն մը յիշատակել է, եւ ո՛չ թէ ջատագովել աշխարհական անձի մը ընտրութիւնը յաթոռ Պոլսոյ պատրիարքութեան:

2.- Սահակ Եպս. Մաշալեանի հրաժարական նամակը յստակ պատկերացումն է ստեղծուած ճգնաժամին եւ Արամ Արք. Աթէշեանի գործելակերպին – քմահաճոյքներ, ընտրութիւններու խոչընդոտում, ինքնագլուխ որոշումներ, ազգայիններու եւ պետական լծակներու օգտագործումը ի նպաստ իր առաջադրութիւններուն: Այս բոլորը հանդուրժեցին մեր երկու կաթողիկոսներն ու Երուսաղէմի նուիրական Աթոռի վերջին երկու գահակալները եւ ըսելիք չունեցան, առ նուազն բարոյական գետնի վրայ: Նմանօրինակ բարոյական երկու խօսք կ`ակնկալէինք նաեւ մեր աւանդական կուսակցութիւններէն, որոնք սառնարիւն դիտեցին այս բոլորը, առանց անդրադառնալու որ Պոլսոյ պատրիարքութեան փլուզումը մե՛ծ վնաս կը պատճառէ հայ դատին:

3.- Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով Արամ Արք. Աթէշեանի նամակին բովանդակութիւնը, ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած է իր Դիմատետրի (Facebook) էջին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ պատրիարքանի պաշտօնական կայքէջին վրայ, զայրացուց համասփիւռ հայութիւնը: Այս իրողութիւնը ինքնին բաւական էր որ Արամ Արք. հեռացուէր իր պաշտօնէն: Դժբախտաբար մեր երկու կաթողիկոսներն ալ դարձեալ ըսելիք չունեցան այս սրբապղծութեան դէմ:

4.- Այլ առիթով՝ Արամ Արք. Աթէշեանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ գտնուող իր գնած տունը ժողովրդային ընվզում յառաջացուցած ըլլալով՝ թիրախ դարձած է եղեր ժողովրդային բանբասանքին, եւ իր եզրափակումը որ «Եթէ նային մեր հանգուցեալ հոգեւորականներուն թողած ունեցուածքներուն, կը հասկնան, որ ամէն ինչ բնական է»-- ինքնին բաւական է անգամ մը եւս փաստելու որ այս սոփեստ եկեղեցականը ուրիշ բան չէ եղած իր կեանքին մէջ, բացի այն որ միայն իր անձնական շահերը հետապնդած է:

Ինչո՞ւ այսքան ծանրացանք Պոլսոյ պատրիարքութեան ընտրութեան կարեւորութեան վրայ: Ահաւասիկ պատճառները.

Ա.- Պոլսահայ աւանդապահ գաղութը եւ նամանաւանդ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան գոյութիւնը կարեւոր է մեր արդար դատի հետապնդման համար: Անոնք կ`ապրին հազարամեայ մեր հայրենի հողերուն վրայ, որպէս կենդանի վկաները վերապրող հայ ժողովուրդին:

Բ.- Թրքահպատակ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ո՛չ միայն կրնան մեր երազները փայփայել, այլեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել թուրք հասարակութեան մէջ արթնութիւն ստեղծելու, ինչ որ կը փորձեն ընել մեր նոր Հրանդ Տինքերը՝ Կարօ Փայլանն ու Սէլին Տողանները, իրենց բարեկամներով:

Գ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կալուածներուն վերատիրանալու իր դատական ճիգերու հետապնդման համար պէտք է միշտ իր կապերը սերտացնէ Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ անոր շուրջ համախմբուած բոլոր բանիմաց ազգայիններուն հետ: Ի վերջոյ անոնք կ`ապրին եւ կը գործեն հայրենի հողին վրայ: Պոլսահայ մեր հարուստ գործատէրերը, տարիներու ընթացքին կապեր հաստատած են թուրք իրաւաբանական հաստատութիւններու հետ եւ այդ կապերը կրնան օգտագործել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ այդ հաստատութեանց գործօն մասնակցութիւնը ապահովելու համար:

Դ-. Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ անոր քաղաքական կարեւորութիւնը գերպետութիւններու մօտ՝ առաւե՛լ եւս պէտք է մղեն մեզ որ մենք մեր գործօն մասնակցութիւնը բերենք կանգուն պահելու Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը եւ հզօրացնենք անոր կարեւորութիւնը յաչս թուրք կառավարութեան, ի՛նչ ալ ըլլան մեր առջեւ ցցուած խոչնդոտներն ու դժուարութիւնները:

Վերեւ յիշատակուածները արմատացնելու եւ զօրացնելու համար անհրաժեշտ է որ զօրավիգ կանգնինք պոլսահայ գաղութին մեր բոլոր միջոցներով, որպէսզի անոնք միակամ եւ սիրով փարած մնան իրենց իրաւունքներուն, եւ իրենց ձայնն ու իրաւունքը լսելի ըլլան այս ընտրութեան մէջ, յանուն մեր նահատակներուն եւ մեր փայփայած երազներուն՝ վերատիրանալու համար մեզմէ յափշտակուած բոլոր իրաւունքներուն:


ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
28 Փետրուար 2017






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+