Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւն Պիտի Դասաւանդեն - Հայերէն
13 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Ահրանք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

02 Mart 2017  

Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւն Պիտի Դասաւանդեն

Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւն Պիտի Դասաւանդեն Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւն Պիտի Դասաւանդեն

Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին նուիրուած դասագիրքերու հեղինակ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կազմակերպած է «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը պատմուածքներու, հեքիաթներու, զրոյցներու, բանաստեղծութիւններու, փաստացի նիւթերի միջոցով» ուսուցիչներու համար ձեռնարկ մը, որ դպրոցներու ուսուցիչներու մասնակցութեամբ քննարկուեցաւ Մարտ 1-ին, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ:

Ձեռնարկը նախ նախատեսուած էր Սփիւռքի դպրոցներուն համար, իսկ 2016-ին ձեռնարկի մշակուած տարբերակը կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրամանով երաշխաւորուած է գործածել նաեւ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն համար:

«Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին` դոկտ. Ռ. Փիրումեան, ներկայացնելով ձեռնարկը՝ նշած է,- «Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը անցած է բաւական երկար ճանապարհ: Անկախութենէն ետք այս խնդիրը բարձրացուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայկական Հարցը պէտք է դասաւանդուին դպրոցի մէջ: Բաւական երկար ճանապարհ կտրելէ ետք՝ որոշ արդիւնքի հասած ենք՝ շնորհիւ նախարարի: Այն ժամանակ ալ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը Լեւոն Մկրտչեանն էր, երբ ինծի առաջարկեցին գրել դասագիրքը, որ անցած է քանի մը փուլերէ, նախ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը գրեցինք, որ աւելի բարձր դասարաններու մէջ դասաւանդեն, եւ նոր պատմութիւնը, որ երեխաներուն փոքր տարիքէն կարելի է դասաւանդել»:

Անդրադառնալով «Առաւօտ»-ի հարցումին, թէ արդեօք փոքր տարիքի երեխաներուն հետ մահուան եւ Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը հոգեխոց (trauma) չի՞ յառաջացներ՝ Ռ. Փիրումեան պատասխանած է. «Այս հարցը բաւական շատ ծեծուած է, ԱՄՆ-ի մէջ մանկավարժներու, հոգեբաններու հետ խորհրդակցած ենք: Նկատի ունենալով այլ ժողովուրդներու փորձը, օրինակ՝ հրեաներունը, կարեւոր համարած ենք, թէ ինչ մեթոտով եւ որքան պէտք է Ցեղասպանութենէն խօսիլ երեխաներու հետ: Ցեղասպանութիւնը բարդ հասկացութիւն է, եւ այդ հասկացութիւնը դասաւանդելու համար երեխան պէտք է մտաւոր պատրաստութիւն ունենայ: Զանազան թեմաներով երեխան պէտք է պատրաստել: Օրինակ, առաջին դասարանի մէջ երեխան պէտք է սորվի՝ ինչ է արդարութիւնը, ինչպէս կարելի է դժուար վիճակէն դուրս գալ, ինչ է կորուստը, ինչպէս կարելի է յաղթահարել զայն եւ այլն: Ասոնք թեմաներ են, որ փոքր երեխաները կրնան ընկալել: Եւ երբ Ապրիլը կու գայ, ուզենք, թէ չուզենք, երեխաները կ՝առնչուին Ապրիլ 24-ի, Ծիծեռնակաբերդի հետ: Արդէն այդտեղ կարելի է իրենց մտաւոր պատրաստութեան մակարդակի սահմաններով խօսիլ՝ առանց արիւնալի, սոսկալի տեսարաններու: Մենք զոհի հոգեբանութիւն չէ, որ կու տանք երեխաներուն. Ցեղասպանութիւնը մեր պահանջատիրութեան հիմքն է, չէ՞ որ մեր հանդէպ այդպիսի անարդարութիւն կատարուած է: Մենք ցեղասպանութիւն տեսած ազգ ենք, որ ամէն օր կը կրէ իր վրայ այդ անարդարութիւնը: Ցեղասպանութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ է, ատոր համար ալ մեր կրթական ծրագրերը պէտք է մշակուին աւելի շեշտուած ազգային գաղափարախօսութեամբ: Պէտք է երեխաներուն սորվեցնել, որ թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդը մեծ մասնակցութիւն ունեցած է ցեղասպանութիւն իրականացնելուն մէջ, բայց անոնց հանդէպ պէտք չէ ատելութիւն սրսկել»։

Ըստ Ռ. Փիրումեանի՝ պէտք է երեխաներուն ցոյց տալ, թէ թուրքերը ինչո՛ւ կ՛ուրանան եւ թէ անոնց ուրացումը պատմական առանցք չունի:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+