Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ Դիւանագիտական Կապերը. Էրտողան. «Հոլանտան Պետական Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց» - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

15 Mart 2017  

Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ Դիւանագիտական Կապերը. Էրտողան. «Հոլանտան Պետական Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց» -

Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ Դիւանագիտական Կապերը. Էրտողան. «Հոլանտան Պետական Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց» Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ Դիւանագիտական Կապերը. Էրտողան. «Հոլանտան Պետական Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Մենք գիտենք Հոլանտան եւ գիտենք հոլանտացիները, որոնք մեղսակից դարձան Սրեպրենիչայի մէջ պոսնիացի իսլամներու ջարդին, ինչպէս նաեւ գիտենք անոնց դերակատարութիւնը այդտեղ 8 հազար պոսնիացիի սպանութեան մէջ»` աւելցնելով. «Հոլանտան ու Գերմանիան Թուրքիոյ զարգացումէն, զարթօնքէն եւ մեծ ծրագիրներէն կը վախնան, սակայն շատ բան պիտի իրագործենք եւ շատ բան կառուցենք»:

«Արեւմուտքը իսլամութեան թշնամանքի հարցէն կը տառապի», ըսաւ ան` նշելով, որ Հոլանտա անընդունելի վարմունք ունեցաւ Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարարին նկատմամբ, դիւանագիտական անգիր օրէնքներ եւ Եւրոպական Միութեան արժեչափեր ոտնակոխեց:

«Հոլանտա անցեալ շաբաթ օր պետական ահաբեկչութիւն կիրարկեց եւ Եւրոպական Միութեան վնաս պատճառեց», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Թուրք-հոլանտական քաղաքական ճգնաժամի խորացման լոյսին տակ Անգարա յայտարարած է, որ կը խզէ դիւանագիտական կապերը այդ երկրի իշխանութիւններուն հետ, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յիշեցնելով, որ իրավիճակի սրումին համար առիթ հանդիսացած էր Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւտէի կողմէ թուրք նախարարներու քարոզարշաւի կազմակերպման արգելքը Ռոթերտամի մէջ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Հոլանտայի դէմ հաստատելու շարք մը պատժամիջոցներ, որոնց շարքին նաեւ արգիլել այդ երկրի դեսպանին մուտքը Թուրքիա, ինչպէս նաեւ չընդունիլ Հոլանտայէն եկող դիւանագիտական թռիչքները: «Ռոյթըրզ» կը նկատէ, որ պատժամիջոցները զուտ դիւանագիտական են եւ որեւէ ձեւով չեն առնչուիր տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան ու հասարակ քաղաքացիներուն:

«Մենք ձեզի հետ պիտի վարուինք ճիշդ ինչպէս դուք վարուեցաք մեզի հետ: Մենք պիտի չարտօնենք հոլանտացի դիւանագէտներն ու դեսպանները տեղափոխող օդանաւերուն օգտագործել մեր օդային տարածքը կամ էջք կատարել մեր մօտ», յայտարարած է փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ:

Թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` խօսելով Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններու սրումին մասին, Հոլանտան դարձեալ անուանած է նացիական ու ֆաշական երկիր:

«Մենք կրնանք ատիկա նոր-նացիականութիւն կոչել: Անոնք ցոյց կու տան Արեւմուտքի իսկական դէմքը: Գերմանիոյ վարչապետն ալ Հոլանտայի կողքին, մեղք ըլլաս դուն: Ցաւօք, անոնք չեն կրնար հանդուրժել Թուրքիոյ վերելքը: Ցաւալի է, սակայն Գերմանիան այս պարագային առաջին դիրքի վրայ է, անոնք շատ անխիղճ ձեւով կ՛աջակցին ահաբեկչութեան», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ բողոքած է, որ միջազգային ընտանիքը Թուրքիոյ չաջակցեցաւ, իսկ համապատասխան կառոյցները լռեցին: «Այդ Հելսինքի-մելսինքիի պատմութիւնները, որոնք կան… անոնցմէ ոչ մէկէն ձայն չկա՞յ: Չկայ», վրդոված է Էրտողան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+