Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

19 Mayıs 2017  

Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան -

Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ Երէկ Այցելեց Մխիթարեան Վարժարան

Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ ե­րէկ այ­ցե­լեց Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան։ Այս առ­թիւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ։ Քա­ղա­քա­պետ Թոփ­պա­շին ըն­կե­րա­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Էօ­մէր Ֆուատ Կիւն­տայ եւ իր խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ։ Ներ­կայ էր նաեւ Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճահիտ Են­թիւր։

Քա­ղա­քա­պե­տը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Տ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի եւ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րուն՝ Ե­ւա Օ­րա­գեա­նի (լի­սէ), Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեա­նի (միջ­նա­կարգ) եւ Քա­թիա Վար­կըի (նա­խակրթա­րան) կո­ղմէ։

Դպրո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­լէ վերջ Թոփ­պաշ եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան վար­չա­յին­նե­րուն հետ։ Քա­տիր Թոփ­պաշ բարձր գնա­հա­տեց կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան ո­լոր­տէն ներս Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց նաեւ դպրո­ցի կա­րիք­նե­րուն ու դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Թոփ­պաշ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց նե­ցուկ կանգ­նե­լու հա­մար հաս­տա­տու­թեան։

Քա­ղա­քա­պե­տը, որ ստո­րագ­րեց դպրո­ցի պա­տուոյ տո­մա­րը, որ­պէս նուէր ստա­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան­նե­րու պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­հա­տո­րը։ Հիւ­րերն ալ դպրո­ցին նուի­րե­ցին դրօ­շակ մը։ Քա­ղա­քա­պետն ու ըն­կե­րա­կից­նե­րը պա­տուա­սի­րուե­ցան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նով մը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տե­սած էր ծնո­ղաց միու­թիւ­նը





Bu haber Jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+