Պոսլոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի հրաժարականէն ետք Սթամպուլի մէջ կը սպասեն Պոլսոյ պատրիարքարանի տեղապահ ընտրուած Գարեգին Պեքճեանի պատասխանին, որ գայ Պոլիս ու ստանձնէ տեղապահի պաշտօնը: Այս մասին այսօր Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնած է «Ակօս»-ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:
«Արամ արքեպիսկոպոսը իր յայտարարութեան մէջ հրաժարումի մասին չէ խօսած, բայց ըսած է, որ Գարեգին Պեքճեանին կը յանձնէ աթոռը: Սա կը նշանակէ, որ ան ինքիրեն հրաժարական կու տայ», – անդրադառնալով Արամ Աթէշեանի հրաժարականին` ըսած է Էսդուգեան` միաժամանակ նշելով, որ այդ յայտարարութիւնը Արամ սրբազանը պէտք է կատարէր Մարտ 15-ին, երբ յայտնի դարձաւ, որ տեղապահ ընտրուած է Գարեգին Պեքճեան:
Բագրատ Էստուկեանի կարծիքով` Աթեշեանի յայտարարութենէն կարելի է ենթադրել, թէ ազդանշաններ կան, որ կրնան ձեռնարկուիլ պատրիարքարանի ընտրութիւնները:
Ան ըսած է նաեւ, թէ չի կարծեր, որ այս անգամ ընտրութիւնները հետաձգուին:
Բագրատ Էսդուգեան շատ հաւանական կը համարէ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Արամ Աթէշեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
Անոր խօսքով` Աթէշեան իր յոյսը դրած է իրեն համակիր եւ համայնքին մէջ ազդեցութիւն ունեցող «հզօր ուժերուն», լրատուամիջոցներու ազդեցութեան եւ լծակներու վրայ:
«Իսկ համայնքը այլեւս Աթէշեանի նկատմամբ համակրանք չունի: Ընդհակառակը, հակակրանք կայ անոր նկատմամբ: Աթէշեան բաւական մաշեցաւ»,- ըսած է Բագրատ Էսդուգեան` ընդգծելով, որ հասարակութիւնը, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Աթէշեան կառավարութեան, իշխանութիւններու հետ կ՛աշխատի, վերապահումով կը վերաբերի անոր:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com