Թուրքիան Սուրիոյ հետ 911քմ երկայնքով սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելէն ետք, կը պատրաստուի նմանատիպ պատեր կառուցել նաեւ Իրաքի եւ Իրանի հետ սահմանին: Իսկ թուրք-սուրիական սահմանի բաժանարար պատի դեռ 650 քմ․ հատուածը կը կառուցուի:
Ըստ թրքական «Euronews» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութեան` այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գիւղական համայնքներու ղեկավարներուն հետ հանդիպման ժամանակ:
«Մենք Սուրիոյ հետ սահմանի ամբողջ երկայնքով (911քմ) պատ պիտի կառուցենք, որպէսզի խոչընդոտենք ահաբեկիչներու ելումուտքը, ինչպէս նաեւ զէնքերու տեղափոխումը: Նոյնը պիտի ընենք Իրաքի հետ սահմանին: Իսկ Իրանի հետ սահմանին ատիկա պիտի ընենք միայն առանձին համապատասխան տեղերու մէջ»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ նշեալ պատերու կառուցուցմամբ Թուրքիան պիտի փորձէ կանխարգիլել ինչպէս «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (Քբկ-PKK) այնպէս ալ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու մուտքը երկիր:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com