ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ իր գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքով Պէյրութ, Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով՝ 30 Յունիս, 2017-էն պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը:
Պետոն Գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ Հոկտեմբեր 2010-ին եւ այս ընթացքին ան խղճմտօրէն, նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Պետոյին բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ:
Յուլիս 1, 2017-էն սկսեալ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուի պաշտօնը պիտի վարէ Յարութ Շիրինեանը, որ արդէն Պրիւքսել կը գտնուի եւ աստիճանաբար պիտի ստանձնէ իրեն վստահուելիք պատասխանատւութիւնները: Յարութ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը աւարտած է, ապա Փարիզի Քրէթէյ համալսարանի «Տնտեսութիւն եւ կառավարում» ճիւղը, որմէ ետք մասնագիտացած է «Մարզական կառավարում» ճիւղին մէջ, վկայականը ստանալով փարիզեան Ամօս համալսարանէն: Ան անդամ է Հ.Յ. Դաշնակցութեան, եղած է ՀՅԴ Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի պատասխանատու:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com