Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման ընթացքին պիտի երաշխաւորեն, որ Իսրայէլի շահերը նկատի առնուին»:
Նախապէս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած էր, որ իր երկիրը կը մերժէ հարաւային Սուրիոյ մէջ զինադադարին վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը, որովհետեւ անիկա Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը կ՛երկարաձգէ:
Նշենք, որ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին համաձայն, ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ Հըզպալլա հեռու պահուի Կոլանի բարձունքներէն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com