Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք յայտարարած է, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ կը կրկնօրինակէ ցեղապաշտները եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատած ատեն չ՛արտայայտեր իր սեփական միտքերը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Ան որեւէ ինքնուրոյն յայտարարութիւն չի կատարեր: Ան կրկնօրինակէ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումի անդամներն ու ցեղապաշտները, անոնց խօսակցութիւնը բաղկացած է «քոփի-փէյստ»-է», ըսած է Չելիք:
Յիշեցնենք, որ Կապրիէլ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած Գերմանիոյ քաղաքացի լրագրող Տենիզ Եուճելի մասին, նշած էր. «Ինչ կը վերաբերի Էրտողանին` Գերմանիան որոշած է այսուհետեւ շատ լուրջի չառնել զինք»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com