Փաստին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն կատարած Ազիզ Տաղճըն յիշեցուցած է, որ եկեղեցին չի կրնար սեփականաշնորհուիլ ոեւէ անհատի: Համաձայն եկեղեցական հիմնադրամներու մասին օրէնքին` եկեղեցին փոքրամասնութիւններուն պէտք է պատկանի. «Եթէ հայերը որեւէ միութիւն կամ հիմնադրամ ստեղծեն, այն ժամանակ կրնան ձեռք բերել եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը: Եթէ միայն մէկ հայ մնայ ու ան ալ մեռնի, այն ժամանակ այդ մարդիկ կրնան սեփականաշնորհել եկեղեցին: Բայց, ինչպէս կը տեսնենք, մենք` հայերս, այստեղ ենք, իսկ եկեղեցին ուրիշներուն տրուած է»:
Տաղճըն աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները ենթակայ են պատրիարքարանին, հետեւաբար՝ անոնք չեն կրնար սեփականաշնորհուիլ ոեւէ մէկուն: Իսկ սեփականաշնորհուելու պարագային, ըստ Սասունի հայերու միութեան նախագահին, կը խախտուին Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Համաձայնագիրի եւ Լօզանի պայմանագրի դրոյթները:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com