Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու - Հայերէն
14 Kasım 2026 - Հայկական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Տրե / Օր : Մադեղ / Ժամ : Հաւթափեալ

Հայերէն :

04 Eylül 2017  

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու Թուրքիա Կը Պատրաստուի Սեպտեմբերին Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելու

Թուրքիոյ բանակը սեպտեմբերին կը պատրաստուի «Եփրատի վահան»-ի նման երկրորդ զինուորական գործողութեան մը սկսելու Սուրիոյ հիւսիսը: Այս մասին կը գրէ «Էրմենիհապեր»-ը` յղում կատարելով թրքական «Ահապեր» պարբերականին: Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ նոր թիրախը սուրիական Իտլիպ նահանգն է:

Կը նշուի, որ այժմ Իտլիպի մէջ լարուած իրավիճակ է, եւ տեղւոյն ծայրայեղականները կը փորձեն տարածքը իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնել: Իսկ Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան նպատակ ունին կանխել ծայրայեղականները` զինուորական միջամտութեամբ:

Ըստ թրքական «Ահապեր» լրատուական կայքին, գործողութիւնը կը նախատեսուի սկսիլ 13-15 սեպտեմբերին Ասթանայի մէջ սուրիական ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունենալիք ժողովէն ետք:

Կը նշուի, որ Ասթանայի մէջ երեք երաշխաւոր երկիրները` Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսիան, Իտլիպը ծայրայեղականներէն մաքրելէ ետք կը նախատեսեն ստանձնել նահանգի որոշ հատուածներուն մէջ անվտանգութեան ապահովման երաշխաւորներու դերը:

Կայքը կը գրէ, որ օգտուելով առիթէն, Թուրքիա իրաւունք պիտի ստանայ զօրքեր մտցնելու Իտլիպ, որպէսզի կանխարգիլէ վերջինիս յանձնումը Սուրիոյ քրտական ուժերուն:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պատրաստուի «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան կրկնութեան: «Մենք պիտի ընենք նոյն բանը, ինչ որ ըրինք «Եփրատի վահան»-ի ժամանակ, եւ հիմա ճիշդ ատոր կը պատրաստուինք», յայտնած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+