​Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետութիւններու Քաղաքական Հաշուեկշիռը Ընկերայի - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

21 Eylül 2017  

​Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետութիւններու Քաղաքական Հաշուեկշիռը Ընկերայի -

​Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետութիւններու Քաղաքական Հաշուեկշիռը Ընկերայի ​Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետութիւններու Քաղաքական Հաշուեկշիռը Ընկերային Իրապաշտ Արդարութեան Վրայ Պէտք Է Հիմնուի

Մօտ քառորդ դար առաջ խորհրդային աշխարհակալութիւնը ապրեցաւ իր 70-ամեայ գոյութեան գահավէժ անկումը: Արբանեակ երկիրներ, մէկ գիշերուան մէջ, առանց իսկ դիմադրական փամփուշտի մը արձակումին, տիրացան պետականացման առաջնորդող ազգային ինքնիշխան սահմանագծումներու եւ նոր կարգավիճակի վկայակոչումին:

Ոմանք կարծեցի, որ պատմութեան վերջը հասած է: Ուրիշներ հաւատացին, որ նոր պատմութեան մը սկիզբն էր:

Այսպէս կ’ըլլայ. դարադարձները հարցականներու անակնկալ առիթներ կը ստեղծեն, բայց այսպիսի հարցականներ խնդիր չեն ստեղծեր. պատասխանները խնդիր կը յարուցեն:

Երկիրներ ու մարդիկ կան, որոնք ժամանակի պահանջներուն շնորհած պատեհութիւնը ճիշդ չեն կրնար գնահատել` լաւագոյնս արժեւորելու համար նոր ձեւաւորուող ժամանակի ներկան ու կ’ուղղուին դէպի կեղծ ու պատեհապաշտ ապագայի մը արկածախնդիր որոնումին: Ուրիշներ ալ ինչպէս մենք, (նախ)ընտրեցինք մեր առջեւ բացուող յուսատու ներկան, մանաւանդ` հեռանկարային ապագան եւ անոր խոստացող ազատ, անկախ, ինքնիշխան ու ժողովրդավար պետականացման մը ամբողջական ակնկալութիւններով: Հայաստանը հայկական ձայն պէտք է բարձրացնէ, որովհետեւ հայը իր չափէն վեր ապրելու աւանդութիւն ունի:

Եկէք` գաղափարական փակագիծ մը բանանք ու քննարկենք հինը եւ նորը` գիտակցելով, որ հինէն աւելի հինը կայ, ինչպէս` նորէն աւելի նորը: Ժամանակը կը սահի տրուած եղանակի շեշտադրումի յաջորդականութեամբ` միշտ աւելի լաւ օրերու վերադարձի մասին մտածելով, այնքան ատեն որ անցեալի փորձառութիւնը շատ ծանր կը կշռէ:

Խորհրդային անկումէն աւելի քան քառորդ դար վերջ հայերս կը զգանք, թէ յանկարծ տիրացած ենք անսպասելի, կարծես` ի վերուստ նուիրաբերուած, այլապէս տարօրինակ ժառանգութեան մը, որ իր ժամանակներու պատմական թելադրականութենէն առաջնորդուելով` ճիշդ ախտաճանաչումներով կոչուած է բնորոշելու իր պատմական անցեալը, ի մասնաւորի` վերջին հարիւրամեակինը, ուր անցեալը փնտռեց ներկան եւ ներկան ապաւինեցաւ անցեալին:

Խորհրդայնացման տարիներու ծանրախոհ հետքերը արագ կերպով Հայաստանէն շրջանցելու համատարած ճիգը եղաւ ամբողջական, թերեւս` այն պատճառով նաեւ, որ հոն ապրողներուն ուղղակիօրէն կը յիշեցնէր պատմութեան համար ճակատագրական սխալներու զարտուղի հանգրուաններ, որոնք նախընտրելի էր անմիջականօրէն անկիւնը շպրտել, անոնցմէ արմատապէս ձերբազատիլ, սրբագրել պարտադրուած անցեալն ու ճնշող ներկան ու նայիլ դէպի բացուող ապագան, թէեւ անփորձ իշխանութիւններ յաճախ պէտք չեղած բաներու համար 100 մեթր արագութեամբ վազողներէն աւելի արագ կը սուրան, իսկ պէտք եղած ատենն ալ զատկական թափօրէն աւելի դանդաղ կ’ընթանան:

Այսպէս կը բնորոշուին մեր կեանքին մե՜ծ պահերը:

Իսկութեան մէջ հայրենի ու Արցախի հողին համար մարտնչողները յետխորհրդային այս նոր իրականութեան հետ հաշտուելու դժուարութիւն չունեցան:

Այսպէս կ’ըլլայ. երբ տպաւորութիւնները կը յաղթանակեն, իրադարձութիւններու էութիւնն ալ շահաւոր կ’ելլէ:

Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն այլաբնոյթ ու ցաւոտ վէրքեր ստացող գերեվարուած ժողովուրդներ մինչեւ օրս կը փորձեն բուժել զանոնք: Գիտնանք սակայն, որ պատմական սպիներ բուժելու խորտուբորտ գործընթացը, ազգային թէ քաղաքական, միատեսակ գնահատումներու չեն արժանանար միշտ: Կը թուի, որ բոլոր յաղթանակներն ու պարտութիւնները նոյնանման չեն: Քաղաքական փիլիսոփայութիւնը, ռազմավարական վերլուծումները, մարտավարական գնահատումները բոլորովին նոյնը չեն եւ նոյնը չեն կրնար ըլլալ: Ասոնց կողքին, կան նաեւ մեր պատմութեան մէջ տեղ գտած, լաւապէս բազմած ու տեղաւորուած, այսպէս ըսուած, «բարոյական յաղթանակի» պատմուճան զգեցած երեւոյթներ ալ: Այս վերջիններուն քաղաքառազմական օգտակարութիւնը այլեւս գոհացուցիչ չի կրնար համարուիլ: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այս «միամիտ» պնդումը կը շարունակուի, որքան մեր, նոյնքան մըն ալ ազատագրական պայքարներ մղած այլ ժողովուրդներու կողմէ գոհունակութիւն պատճառող մեկնաբանութիւններով` ժողովուրդի մը մնայուն ու բիւրեղացած պատմութեան էջերուն մէջ իրենց կարեւորութենէն աւելի գնահատուած դրսեւորումով, իբրեւ յաղթանակ արձանագրելու եւ անոնց իմաստը վերարժեւորելու եւ տեւականացնելու միտումով:

Այս բոլորը տարիներէ ի վեր հայերէնով կը պոռանք, հայերէնով կը գրենք, բայց դժբախտաբար լսող ու կարդացող չկայ, որովհետեւ մարդու այսօրուան եւ երէկուան իրական մակարդակներու վրայ լրջախոհութեան ըմբռնումի տարբերութիւն կայ:

Եկէ՛ք` կեանքի օրինակով սրբագրենք մեր կեանքի սխալները:

Ժամանակին, երբ ակնառու դէմքեր ճամբաներու վրայ կը քալէին, մարդիկ կը ծափահարէին: Շատոնց է, որ այլեւս ծափահարութիւն չենք լսեր: Կ՛երեւի` այլեւս չեն քալեր…



***



Հինէն ի վեր հայերու ազգային հոգեբանութեան մաս կազմած է յաջորդական ճակատագրականութեան մասին խօսիլը, զգալը, արտայայտուիլը, երբ մանաւանդ անոր նիւթին հիմնական կորիզը կը վերաբերի ազգային պատմական կորուստներուն: Ազգային կորուստներու խորհրդանշական իմաստը խտացած ամենախորունկ ապրումով կը դրսեւորուի անոր մեծագոյնին, ահաւորագոյնին` Ցեղասպանութեան: Խօսելով շէյքսփիրեան բառաբնորոշումով` «ապրիլ թէ չապրելու» ուռճացած զգացականութեան մը անլոյծ մնացած նշանակալից հարցի մը տուայտանքով:

Որոշ հարցերու կապակցութեամբ զիրար համոզելու հարկ չեմ զգար: Բոլորս գիտենք, որ մեր գերագոյն գաղափարները ուղղակիօրէն առնչուած են մեր ազգի անմեղ թէ հերոսական կորուստներուն հետ. Ա. Համաշխարհային պատերազմ, 1941-ի յունիսին սկիզբ առած հականացիական Հայրենական պատերազմը, որուն Հայաստանէն մասնակցեցան 200.000 զինուորներ: Իսկ Խորհրդային Միութեան մնացեալ հանրապետութիւններէն 500.000 հայեր, (երբ Խ. Միութեան հանրապետութիւններուն մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը 2 միլիոն էր: Այսինքն` բնակչութեան 25 տոկոսը, մօտ` 200-250.000 զինուոր):

Ասոր վրայ դեռ չհաշուե՞նք արցախեան նորագոյն հերոսապատումի նահատակները:

Իսկ նոր զոհե՞րը, որոնք կը քողարկուին ցեղասպանութեան աներեւոյթ պիտակներու տակ` սպիտակ ջարդ (ձուլում), կանաչ ջարդ (տոլար), եւրոյի ջարդ, ռուբլիի ջարդ, եւ դեռ… գալիքները: Այս կորուստները աքսորուած են հայրենիքէն ու Միջին Արեւելքի հայօճախներէն եւ դուրս կու գան մեր մատնանշած պատմութեան էջերէն ու հողային սրտամօտիկ տարածքներէն, հանգրուանաբար կը հեռանան մեր ազգային հարուստ ժառանգութենէն, ուժ ու կենսունակութիւն փոխանցող հայրենի մայր հողէն:

Ահա՛ թէ ինչու մարդու սիրտը կը ճմլուի, կոկորդը կը սեղմուի, լեզուն կը ցամքի: Վաղը որքա՞ն կրնայ սպասել ներկային եւ վկայակոչել զայն:

Ժամանակը չէ՞ ընդունելու, որ մենք մեզի պարտական ենք առնուազն լուրջ ու խորազնին ինքնաքննադատութիւն մը, մեր հարազատ իրականութիւնները (ան)լուրջի (չ)առնելու (չ)կամութեան պատճառով:

Մեր նախորդներուն մէջ եղած են այնպիսի մարդիկ, որոնք բաց հորիզոններու հետախուզող մտայնութեամբ իրենց ոտքերուն տակ փոշի վերցուցած են, առնուազն փոշի կոխած են, քալած, յատկապէս վազա՜ծ ու լեռ մագլցած ատեն:

Այսպէս թէ այնպէս, հայ կտրիճ սերունդներ տողանցեցին քով-քովի` կոխած, անկոխ թէ կրնկակոխ ճանապարհներու վրայ` սիրով, գուրգուրանքով թէ ատելութեամբ, սնապարծութեամբ թէ մեծամտութեամբ, արդարութեամբ թէ չարաշահութեամբ, ազգային ռազմավարութեան վերածուած կաշառակերութեամբ, թէ բազմատեսակ ու բազմագոյն փտածութեան կամայականութիւններով, յեղափոխական շունչով թէ շարունակուող պահպանողական ծածկոյթով մը: Կ’արժէ՛ր այս մէկն ալ նշել:

Որպէս հայրենիք, հիմա որ ազատ ենք, որպէս ժողովուրդ, հիմա որ անկախ ենք, մեր անցեալը կամրջելով հասարակաց մեր ներկային, այս բոլորը ի՞նչ կը խորհրդանշեն մեզի համար, եթէ անշուշտ կ’ուզենք, որ բան մը խորհրդանշեն անոնք: Բայց կը թուի, որ Հայաստանը ինքզինք կը դիմագրաւէ` պատշաճելով իր հոլովութային ու յարափոփոխ իրականութեան, ճիշդ այնպէս, որ իրեն պարտադրուեցաւ անցնող երկուքուկէս տասնամեակին ընթացքին: Կրնա՞ս նախընտրել միաժամանա՛կ քանի մը բան միասին: Եկէք` լրջանանք:

Ոմանց համար, այսօ՛ր, անկախացած հայրենիքը ճանապարհային ընդարձակ քարտէսի խորհրդանշական հաւատք ու ապրում կը ներշնչէ, իսկ այլոց համար ալ` արտասահմանեան նոր հայրենիքներ ստեղծուած են, որոնց հայրենական կիզակէտը կը շարունակէ հեռաւոր ու տպաւորիչ խորհրդանիշ մը ըլլալ ու մնալ` խորհրդանիշի տեսլական ու չհիւծող իր ստեղծարար պարունակին մէջ: Դժուար ներկայ, անորո՜շ ապագայ:

Արդ, ո՞րն է մեր իրականութիւնը, ի՛ր աւանդական իրականութենէն անդին: Պիտի կարծէի, որ տեղ մը, այս բոլորին մէջտեղը կը տարուբերի հինի ու զարգացող նորի միջեւ փոխակերպուած ազգային համեմատութիւններու ձեւաւորուող հոլովոյթը` անհակակշռելի դարձնելով ու աննախատեսելի նորաբնոյթ խնդիրներ պարտադրելով հայ կեանքին ու հայ մարդուն:

Հիմա այս երկուքի տարբերութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ` ռազմավարական եւ մարտավարական տիրող շփոթներէն ասդին-անդին:

Բայց որքա՜ն ալ խօսինք այս ու ասոր նման հարցերու մասին, որքա՜ն ալ փնտռենք յայտնի, անյայտ թէ մութ ուրուականային ծալքեր, պիտի յանգինք վերջնական այն համոզումին, որ երկու տարբերակներու վրայ ալ տեղաւորուած պիտի գտնենք ե՛ւ հին, ե՛ւ նոր ժանգի կարծրացած շերտեր: Չէ՞ որ հա՛յ ենք: Չէ՞ որ մենք ի՜նչ որ ընենք, կիրքով կ՛ընենք: Կ’երեւի դանակը շատ խորունկ չդրինք մինչեւ ոսկորը հասցնելու համար: Ա՛յդ ալ թող մեր մեղքը ըլլայ:

Հայրենակիցնե՛ր, ներսի թէ դուրսի հայրենակիցներ, գիտենք արդէն, որ հայրենիքներ կան, որոնք կը սիրուին, հայրենիքներ ալ կան, որոնք չեն սիրուիր պարզ ու յստակ այն պատճառով, որ երկուքէն մէկը ո՛չ սիրել գիտէ, ո՛չ ալ սիրուիլ: Վստահ եմ սակայն, որ հարազատ ու սրտամօտիկ հայրենիքները իրենց ներսի թէ դուրսի բոլոր զաւակներուն համար միեւնոյն քաղցր ու կարօտալի երգը կ՛երգեն: Փնտռա՞ծ ենք գտնելու համար, թէ ի՛նչ բան մեզ նուազ կը ցաւցնէ: Արդեօ՞ք քաղաքական (ան)հանդուրժողութիւնը:

Հայրենիքները կը շնչեն իրենց զաւակներուն ընդմէջէն` իրենց կեանքը իմաստաւորող բոլորանուէր ջերմեռանդութեամբ, անսպառ խանդով, պահպանելով ու պաշտպանելով պայքարի պատնէշներու բարձունքները, անտեսելով քողարկուած այն իրականութիւնը, որ հայերու մօտ թիրախներու անապահովութիւն կայ:

Բանաստեղծ մը կ՛ըսէր. ձեզի հետ առատ ջուր տարէք, ապագան շատ չոր ու ցամքած է:

Ոչ բանաստեղծ մը կ’ըսէր. ձեզի հետ հող տարէք, եթէ կասկած ունիք, որ ձեր հայրենիքը պիտի կարօտնաք:

Պարզ ու վիպապաշտ հայորդի մըն ալ կ’ըսէր. եթէ հայրենիքէն հեռու սիրահարիլ կ’ուզէք, Հայաստանի կապոյտ երկնակամարէն պսպղուն աստղ մը պահպանեցէք ձեր սրտին մէջ:

Մեր վէրքերը ծնան մեր պատմութենէն: Մնա՛ս բարով` պատմութիւն. խղճի խայթ պիտի չզգամ քե՛զ կարդալով…



***

Հայաստանի 10 առ հարիւր բնակչութեան կը պատկանի 90 առ հարիւր տոկոսին հարստութիւնը, իսկ 90 առ հարիւրին զրկանքը փոխադարձաբար կը պատկանի 10 առ հարիւրի հարստութեան ու բարեկեցութեան:

Նափոլէոն Պոնափարթ կ՛ըսէր. քաղաքականութեան մէջ երեք բան չես ըներ. չես նահանջեր, խօսքդ ետ չես առներ եւ քու սխալներդ չես ընդունիր:

Բայց դասական դարերու հին Յունաստանի ժողովրդավարութեան հիմնադրութեան ու կայացման ժամանակներուն յառաջդիմական մտածումներով ու հռետորութեամբ ճաճանչող փիլիսոփաներ, այլեւ` սոփեստներ, կը հաւատային, որ երկրի մը ընկերային մակարդակին բարելաւումը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան հասարակաց զարգացումն ու արմատաւորումը նախապայմանօրէն կը պատկանին միջին դասակարգին, որ այլապէս երկրի մը ընկերային կեանքին ու ժողովրդագրական ներքին բաղադրութեան անխուսափելի կորիզը կը կազմէ: Աւելի՛ն. տուեալ չափանիշը իսկական ու հաւասարակշռուած ապրելակերպի մը անփոխարինելի «ջերմաչափը» կը հանդիսանայ` իբրեւ ճշմարիտ ու բնականոն զարգացման տարազ, քանի միջին դասակարգի ժողովրդականացումը անհրաժեշտ նախապայման կը դաւանի ըլլալ բռնութեան նուազման, անարդարութեան սահմանափակման, խաղաղութեան տարածման ու հաստատման, աւելի՛ն, ծայրայեղ մոլեռանդութեան մեղմացման: Մոռցանք բան մը, արդեօ՞ք:

Հարց կու տամ. մեր օրերուն որքա՜ն զգայուն կացութիւններ կը դիմագրաւէ մեր ազգը, թերեւս դժուար է պատկերացնել: Գիտնանք սակայն, որ քաղաքական նեղմտութիւնն ու ազգային կարճատեսութիւնը երբեք նպաստած չեն հեռանկարային յառաջդիմութեան հարցերու լուծման: Զօրաւոր երկիրներ միշտ ալ պիտի ուզեն հպատակեցնել փոքր եւ տկար երկիրներ, որոնք տեւաբար դասեր պէտք է քաղեն, ի մասնաւորի` իրենց թէ այլոց երէկի պատմութենէն, այսօրուա՛ն իրապաշտ օրինակով:

Ոմանք, անգիտակցօրէն թէ անգիտութեամբ, պատմութիւնը գիտութիւն չեն համարեր: Ամէն մարդ տեսակէտ ունենալ կ՛ուզէ ամէն ինչի մասին. գիտցածի՛ն ու չգիտցածի՛ն: Ահա՛ ասկէ կը բխին խեղկատակ ու կիսագրագէտ պատկերացումներ: Օրինակ, պատմական անճշդութիւններու եւ խեղաթիւրումներու հաշուոյն գիտահաղորդակցական այնքան մեծ աններդաշնակութիւն մը գոյութիւն ունի, որ անբովանդակ զաւեշտագրութեան մակարդակի հատոր մը կարելի է հրատարակել:

Հայերու պարագային ալ (ա՛լ ո՛ւր մնաց թուրքերու եւ ազերիներու), պատմութիւնը գիտութիւն չհամարողներ կան: Գուցէ այս ըլլայ պատճառը, որ այս զգայուն հարցը աւելի ցաւոտ կը դառնայ:

Պատմութիւնը գիտութիւն է: Պատմութիւնը գիտութեան հարց է, ուզենք թէ չուզենք, չուզենք թէ ուզենք: Հարցը պարզ է ու միաժամանակ` բարդ:

Պատմութեան (ան)գիտութեան ու անկէ (չ)բխող վաւերաթուղթեր բարեբախտաբար պէտք եղածէն աւելի բաւարար են ու գոհացուցիչ` ճշմարիտ պատմութեան մասին խօսելու եւ գրելու, ժխտելու, ի հարկին` մերժելու համար կեղծ վարկածներ Խորհրդային Հայաստանի եօթը տասնամեակներու սեւ թէ դեղին քարոզչութեամբ ձեւաւորուած արհեստական ու յերիւրածոյ ոճով շեղող, թէ շեղեցնող պատմագրութիւն մը ստեղծելու միտումին դէմ:

Ատենէ մը ի վեր անկախացած Հայաստանի մէջ տատամսոտ քայլերով ախտաճանաչման փորձ մը կը կատարուի անցնող ժամանակներու անիրաւուած պատմութիւնը կարգի բերելու համար: Պատմութիւնը իր անձին շարունակութիւնն է եւ անկէ շեղիլ կարելի չէ:

Թո՛ղ յստակ ըլլայ սակայն, որ բարելաւող միտումներու հապճեպ տրամադրութիւններ առանց յաւելեալ ազդու ու գործնական նախաձեռնութիւններու, էութեան մէջ շատ բան չեն փոխեր, կամ փոփոխութեան ընթացքը անիմաստօրէն կը դանդաղեցնեն:

Իսկ մենք ալ ի՞նչ պիտի ըսենք, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան համար կուսակցութեան երրորդութիւնը յանցաւո՞ր է կուսակցութեան հիմնումին համար… Ներողութիւնը պէտք է, բայց չի՜ բաւեր:

Զգուշանանք, որ պատահականութեան ու չարագուշակ զուգադիպութեանց զոհ չերթանք. այլապէս պատմական (ան)արժանահաւատութեան կորուստը (չ)արժող հետքեր կը ձգէ:

Պատմութիւնը վկա՛յ: Անտեսումներ կան, որոնք կորուստներու չափ վտանգաւոր են: Վտանգներ ալ կան, որոնք խրամատներ կը ստեղծեն: Խրամատները մէյ մը որ բացուին, դժուար կը գոցուին: Գէշ բան է ետիդ հետք ձգելու համար հսկայ ոստումներ կատարելու տպաւորութիւնը ձգել եւ յանկարծ հաստատել, թէ որեւէ հետք մնացած չէ:

Հետքերը կապ ունին պատմութեան մնայուն արժէքներուն հետ` ո՛չ կեղծերու, ո՛չ անցողակի, ո՛չ ժամանակաւոր, այլ` հայ կեանքի ներգործօն դերակատարութիւնը հունաւորելու անհրաժեշտութեամբ:

Ի միջի այլոց, ի շարս այլ ու տարբեր բաներու, գիտակցական ճանաչողութիւնն ալ շատ կարեւոր կրնայ բնութագրուիլ մարդկային թերացումի եւ բծախնդրութեան ակնկալութեան հրաժարումի միտումէն: Կարեւորն ու արդարը արմատներուն վերադարձն է, թէկուզ` հայրենասիրական վիպապաշտութեան մղումներով, ի հարկին վերափոխելով հայրենասիրական կառոյցին կեղեւն ու միջուկը:

Վերջին 25 տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դրական փոփոխութիւններուն մեծամասնութիւնը փուլ առ փուլ իրագործուած է` յանդգնութեամբ վերափոխուած հեղինակային կառոյցներու եւ այդ կառոյցները հովանաւորող համագործակից շրջանակներու շնորհիւ, հոգ չէ թէ ժամանակները միշտ ալ խաղաղ չէին:

Զարմանալի բան չկայ. մեր երկիրը եւ մեր մարդիկը այնպէս շինուած են, որ լաւ են ու միաժամանակ` ո՛չ լաւ: Այս մէկը բաժին ունի ե՛ւ լաւին ե՛ւ ոչ լաւին ե՛ւ շատ լաւին հետ: Լաւին մէջ գէշի բաժին կայ, բայց միշտ չի տիրապետեր ամէնուրեք:

Անցեալի կացութիւններ բարելաւելու քաջութիւն կը տրամադրե՞նք, թէ՞ ձախաւերութիւնները կը բեռցնենք ժամանակի պարտադրած մարտահրաւէրները (չ)կարենալ դիմագրաւելու շալակին ու չարագուշակ եղելութիւններու ուրուականներուն: Գիտնանք` պատմութեան ծառը մէկ է, ճիւղերը` շատ: Բարեբախտութիւնը մէկ կողմէ, դժբախտութիւնը` միւս կողմէ:

Հայաստանը երկիր մըն է, որ մնայուն հեւքով իր ճամբան կը փնտռէ: Այդ փնտռտուքը գուցէ օգտաշատ զատորոշում մը կ’ըլլայ ներկայի ու ապագայի ի խնդիր` ժամանակին մէջ իր ճամբորդութեան ոդիսականին համար անվիճելի դրօշակիր մը հանդիսանալով իր ժամանակին հետ եւ իր ժամանակէն առաջ:

Հայը այս ճանապարհորդութեան մէջ ինքզինքին շուքը եղած է. շուքը զինք կը հալածէ, ինքն ալ շուքին` առանց իր կեանքը իմաստաւորելու, առանց իր կարողականութիւնը յաւելեալ արդիւնաւորումի հասցնելու:

Հայկական պահպանողականութիւնը աւանդականօրէն գաղափարական ամուր ենթահող ունի Հայաստանի ընկերութեան մէջ: Այս պարագային, հայադրոշմ աւանդապաշտութիւնը պէտք չէ ստորագնահատել, ոչ ալ գերգնահատել, երբ իրենք զիրենք շատ յառաջդիմական սեպողներ ալ կան: Կարելի է, որ այս ինքնանուաճումը վնաս չի բերեր ապագային, երբ մանաւանդ այդ մէկը քաղաքական առասպել մը ըլլալէ դադրած է: Առասպել, որ սակայն ինքզինքին կու տար առաջին դերը:

Մոռնալու չենք, որ հայը երբեմն կը յատկանշուի նաեւ ջայլամի քաղաքականութեան բարդոյթով, քանի հայերու մէջ ու հայերու մօտ ամէն ինչ արգիլուած ու միաժամանակ ամէն ինչ արտօնուած է: Տկարութիւնը, նահանջողականութիւնը, յուսալքութիւնը երաշխիք չեն ապահովեր երբեք: Այս մէկուն հաւատալու պատճառներ շատ ունինք:

Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումը, հայոց ազգային պետականացման նորերեւոյթ օրինաչափութիւններն ու հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ռազմավարական պատկերացումները վճռորոշ ներդրում պիտի ունենան Հայ դատի հետապնդման բազմակողմանի ճակատներու դրօշակիրի առաջնահերթ դեր ու դերակատարութիւն մը տալու հայ մտաւորականութեան թռիչքին, ճանապարհ ճշդելու համար յատկապէս հայրենազուրկ բազմութեանց. նո՜ր գաղթականութեան: Մեր նայուածքը ուղղուած պէտք է ըլլայ միայն մեր ժողովուրդին վրայ:

Հայրենասիրութիւնն ու արդարութիւնը ձեւը պիտի գտնեն մեր ղեկավարութեանց սխալները սրբագրելու: Որակո՜վ, ո՛չ վրէժխնդրութեամբ:

Ժամանակն է, որ ամէն ինչ իր անունով ըսուի ու լսուի` փայլուն անուններէ, փայլուն պաշտօններէ եւ փայլուն ստորագրութիւններէ անդին, քանի որքան ալ ծափահարենք, ոեւէ ղեկավարի արժէքը աւելի պիտի չբարձրանայ: Այս բնորոշումը հռչակաւոր կը դառնայ, եթէ ատկէ ակնկալելիք բան չունիս:

Մեր անցեալը, ներկան ու ապագան տարիք ունին: Օգտուինք անոնց բաղդատական առաւելութիւններէն: Ապագայէն մէկ քայլ առաջ կը գտնուինք: Հայաստանը իր ոտքերուն վրայ պէտք է կանգնի. այդ մէկը ընելու համար նախ պէտք է պայքարի անցեալի որոշ առասպելներու համբաւին ու հռչակին դէմ, որոնք այլեւս որեւէ իմաստ ու արժէք չեն ներկայացներ` բացի բրածոյացած մտայնութիւններէ եւ հին տրամաբանութիւններէ:

Փորձենք հայու կեանքը ժամանակագրականօրէն կարգի դնել, որպէսզի պատահականութեան ու անտարբերութեան զոհ չերթանք:

Հայաստանի Հանրապետականացման տարեդարձը համերաշխութեան ուժի երաշխիք է:

Մեր հանրապետականացումը պէտք է հաւատայ մեր կեանքէն բխող իր ժամանակի իրապաշտ արժէքներուն, բայց զգո՛ւշ, արժէքները հոն չեն, ուր կ՛երեւին, ոչ ալ հոն են, ուր շատեր կը կարծեն:

Ուժն ալ հոն չէ, որ ոմանք կը կարծեն, ուժի բաղդատական եզրեր բնորոշելու համար:

Լոզունգներով խօսելու ժամանակը շատոնց անցած է:

Աթէնք








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+