Ոսպնեակով Հրաշագործութիւն - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

05 Ekim 2017  

Ոսպնեակով Հրաշագործութիւն -

Ոսպնեակով Հրաշագործութիւն Ոսպնեակով Հրաշագործութիւն

Լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան երէկ բացաւ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը։ «Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան տարեդարձին ձօնուած եզակի ծրագիր մըն է այս մէկը։ «Եօթ տարուան ոդիսական մը» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուած է քաղաքիս մօտ Յունաստանի հիւպատոսութեան առընթեր որպէս մշակոյթի կեդրոն գործող Պէյօղլուի «Սիսմանոկլիօ» ապարանքին մէջ։ Մկրտիչ Արծիւեան այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգծած է հարիւր դրուագներ՝ որոնց իւրաքանչիւրը իրարմէ աւելի խօսուն եւ յատկանշական են։ Թէեւ «Փարոս» ամսագրի ստեղծուած շրջանէն ի վեր իր կատարած նկարահանումներուն արդիւնքը հանրութեան կը ներկայացնէ Մկրտիչ Արծիւեան, սակայն իր լուսանկարչութեան գործունէութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Ան վաղուց լուսանկարի գործիքով զբաղած է եւ այս ցուցահանդէսը արդէն կը ցոլացնէ այդ փորձառութիւնը ու կը համարուի իր հասուն շրջանի պտուղը։ Մկրտիչ Արծիւեանի ցուցահանդէսի այցելուները ականատես կ՚ըլլան ոսպնեակով կատարուած հրաշագործութեան մը։ Ան իր դիտելու եւ դիտարկելու կարողութիւնը, իրադարձութիւնները ընկալելու հմտութիւնը միացուցած է փայլուն տեսլականով մը եւ այդ բոլորով արդէն միանշանակ արժանի կը համարուի վարպետի տիտղոսին։

Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ անմահացուած դրուագները կը համատեղեն գեղարուեստական որակն ու վաւերագրական խորութիւնը՝ ցուցահանդէսի այցելուներու աչքին առջեւ ակնթարթի մը մէջ խորացնելով մեր հաւաքական կեանքի ծաւալուն համայնապատկերը։ Բաւական լայն աշխարհագրական տարածքի մը մէջ կատարուած նկարահանումներ հրամցուցած է Մկրտիչ Արծիւեան եւ յաջողած է իւրաքանչիւր դրուագի պարագային առընչուիլ մէկէ աւելի հանգամանքի, արժէքի կամ երեւոյթի հետ։ Մեր համայնքային կեանքէն եւ պատմաճարտարապետական ժառանգութենէն սկսեալ, մինչեւ Իսթանպուլի կեանքն ու փոքրամասնութիւնները, յատկանշական դէմքերէ սկսեալ, մինչեւ միջմշակութային կապերը՝ Մկրտիչ Արծիւեան մեր հաւաքական կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակները առած է իր ոսպնեակի ծածկոյթին տակ։ Եւ այս բոլորը այնպիսի ամբողջ մը կազմած են, որ ֆութպոլի աստղ մը կրնայ փոխարինել բանաստեղծ մը, սուրիացի գաղթականի մը կերպարը կրնայ ընկալուիլ որպէս փիլիսոփայ մը կամ մեր համայնքային կեանքէն ներս կազմակերպուած մեծ համերգ մը կրնայ ըմբռնուիլ իբրեւ հանրահաւաք։ Մկրտիչ Արծիւեան թէ՛ բարձր մակարդակ ապահոված է իր լուսանկարներուն եւ թէ անոնք այնպէս մը մատուցած է, որ մէկ գործէն միւսը անցումը կը վերածուի զիրար փոխլրացնող տպաւորութիւններու։ Արծիւեանի լուսանկարները ցուցահանդէսի մէջ կը դիտուին իրերայաջորդ, սակայն իւրաքանչիւր նորը տեսնելու ժամանակ անկարելի է ձերբազատուիլ նախորդի ներգործութենէն եւ այսպէսով իրարու վրայ կը բարդուին հարիւր դրուագներով տպաւորութիւնները։

Որքան որ ալ միայն վերջին եօթ տարիներուն նկարահանուած դրուագներ ըլլան՝ Մկրտիչ Արծիւեանի գործերը ցուցահանդէսի այցելուները կը տանին դէպի պատմութեան խորքը եւ ամենակարեւորը իւրաքանչիւր այցելուին կ՚առթեն այն զգացումը, թէ ինքն ալ այդ պատմութիւնով, այդ հէնքով պայմանաւորուած միջավայրի մը մէջ կ՚ապրի ու կ՚արարէ։ Ազգային հաստատութիւն մը նկարահանելու ժամանակ լուսանկարիչը ստուերի տակ չէ թողած մարդկայինը։ Նոյնպէս, անհատի մը դիմանկարին մէջ ան ցոլացուցած է նաեւ անոր հայեացքի հաւաքական նշանակութիւնը։ Մկրտիչ Արծիւեանի մատուցած դրուագները լոկ լուսանկարին մէջ երեւցածով, աչքի զարկածով սահմանափակուած չեն։ Ան ապահոված է, որ իւրաքանչիւր այցելու անմիջապէս անդրադառնայ, որ իր տեսածը, նայածը ունի խորք մը։ Ասոր առընթեր այդ ըմբռնումը ցուցահանդէսի այցելուն չի վաներ, ձեւով մը վախ չի պատճառեր անոր։ Ընդհակառակն՝ Արծիւեանի դրուագները կը պարփակեն նաեւ դիւրամատչելի բանալիներ, որոնք ցուցահանդէսի այցելուին համարձակութիւն կը ներշնչեն թափանցելու համար դրուագներու խորութեան։

Մկրտիչ Արծիւեանի ներկայ ցուցահանդէսը տեսողական արուեստի ոլորտին մէջ կարեւոր նուաճում մըն է։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր այսպիսի նորութիւն մը վայելելու կարելիութիւնը չէինք ունեցած։ Եւ այս ցուցահանդէսին առթած ուրախութիւնը կը բազմապատկուի այն հանգամանքի լոյսին տակ, որ սա Մկրտիչ Արծիւեանի տակաւին առաջին անհատական ցուցահանդէսն է եւ անոր արդիւնքը բոլոր նախադրեալները ունի՝ ակնկալելու համար, որ յառաջիկային եւս իր տաղանդէն եւ կարելիութիւններէն բաժին կրնայ վիճակիլ գեղարուեստասէր հասարակութեան։

Ցուցահանդէսի երէկուան բացման ընթացքին ելոյթներ ունեցան Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիս, «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ Մկրտիչ Արծիւեան։ Այս վերջնոյն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ «Փարոս»ի ընտանիքին անունով։ Բացման հաւաքոյթը պատուեցին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներու գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ծանօթ դէմքեր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+