Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը, որուն կ՛ընկերանար անոր փոխանորդը: Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանին մէջ իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին` Ֆիլիփեան կղզիներ մեկնելէն առաջ, վեհափառ հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու:
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ տակաւ աճող գործակցութեան: Արամ Ա. կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պապական նուիրակին Լիբանանի մէջ կատարած ծառայութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց անոր առջեւ բացուող նոր առաքելութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ շեշտեց Վատիկանի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup, bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com